կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-05-08 23:50
Առանց Կատեգորիա

8-9 Մայիս 1992, Շուշիի ազատագրումը. Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին եւ միասնական ուժին Յաղթանակի խորհրդանիշը

8-9 Մայիս 1992, Շուշիի ազատագրումը. Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին եւ միասնական ուժին Յաղթանակի խորհրդանիշը

Մայիս 8-9-ը պատմական յիշարժան թուական դարձաւ եւ փառաւոր իր տեղը գրաւեց հայոց յուշատետրին մէջ 1992-ին, երբ Արցախ աշխարհի հինաւուրց բերդաքաղաք Շուշին ազատագրուեցաւ հայ ժողովուրդի հերոսական զաւակներուն ռազմաքաղաքական բացառիկ սխրանքով։

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս մայիս 9-ին կը մեծարէ «Շուշիի ազատագրման եւ յաղթանակի» պետական տօնը։ Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տօնացոյցով մայիս 9-ն հռչակուած է «Յաղթանակի Օր»։

Թէ՛ իբրեւ ազգային-ազատագրական պայքարի յանդուգն նախաձեռնութիւն եւ թէ, մանաւա՛նդ, իբրեւ ռազմական փայլուն գործողութիւն, Շուշիի ազատագրման միօրեայ յաղթական գրոհը, որ սկսաւ 8 մայիս 1992-ին, ազգային-քաղաքական իր նշանակութեամբ կարեւորագոյն դարձակէտ մը խորհրդանշեց հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութեան համար։

Դրաւ սկիզբը Արցախի իրա՛ւ ազատագրութեան յաղթարշաւին։

Աւելի՛ն. Շուշիի ազատագրումով հայ ժողովուրդը ոչ միայն յաղթական հիմը դրաւ Արցախի վերատիրացման պայքարին, այլեւ՝ ռազմաքաղաքականօրէն ապահովեց վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութիւնը։

Բարձրանիստ բերդաքաղաքի անառիկ իր դիրքով յատկանշուող Շուշին ոչ միայն վերջին քսանամեակին, այլեւ հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան բոլոր թէժ պահերուն, բայց յատկապէս 17-րդ դարէն սկսեալ թափ առած հայոց ազգային-ազատագրական պայքարի բախտորոշ բոլոր վերիվայրումներու ընթացքին, խորհրդանշած է հայկական ինքնութեան, ինքնուրոյնութեան եւ ազատ ու անկախ ապրելու ազգային կամքին բարձունքներէն մէկը՝ անառիկ եւ հերոսական։

Իսկ 8-9 մայիս 1992-ի Շուշիի ազատագրութեան յաղթական թռիչքով՝ Արցախի հայութեան համայն հայ ժողովուրդը նուաճեց անկորնչելի խորհրդանիշը հաւաքական իր ուժին եւ ազգային միասնական ուժին անպարտելիութեան։

Միջին դարերուն Շիկաքար բերդաքաղաքի անունով հռչակուած Շուշին մեր ժամանակները թեւակոխեց իբրեւ հայկական լեռնաշխարհի եզակի արծուեբոյններէն մէկը։ Հակառակ դարերու ընթացքին կատարուած այլացեղ ասպատակութեանց եւ բռնագրաւող ուժերու կողմէ նախաձեռնուած՝ հայկական այս հինաւուրց ոստանը օտարամուտ տարրերով բնակեցնելու եւ հայաթափման ենթարկելու փորձերուն, Շուշին ե՛ւ պահպանեց հայկական իր ազգային դիմագիծը, ե՛ւ դարձաւ հայ մշակոյթի ու դպրութեան, այլեւ հայ քաղաքական մտքի ու ռազմական տաղանդի զարգացման կարեւորագոյն բնօրրաններէն մէկը։

1895-ին Շուշի անդրկովկասեան յայտնի գիւղաքաղաք էր 30 հազար բնակչութեամբ, որուն 21 հազարը հայ էին։ Շուշիի Թեմական դպրոցը կը հանդիսանար, 19րդ դարավերջին, ողջ հայաշարհի կրթական հինգ կարեւոր կրթօճախներէն մէկը, ուր թրծուեցան հայ ազգային-ազատագրական շարժման գլխաւոր դէմքերէն շատեր։

Հայաստանի անկախութեան կերտման եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնաւորման տարիներուն, 1918-1921 թուականներուն, Շուշին առաջաւոր դիրքը եղաւ Հայկական Դիմադրութեան՝ արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն Հայաստանի ու հայութեան գոյատեւման սպառնացող թուրք-թաթար ազերիական վտանգին եւ ներխուժման փորձերուն դէմ։ Արցախի հայութեան ազգային-ազատագրական պայքարը ղեկավարելով՝ Շուշի հերոսաբար դիմադրեց համաթրքական գրաւման վտանգին եւ տեղի տուաւ միայն Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, երբ Ստալինեան կամայականութեամբ պարտադրաբար կցուեցաւ Խորհրդային Ադրբեջանին իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի։

Խորհրդային լուծի տակ Շուշին հետեւողականօրէն ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի կիրարկած հայաթափումի քաղաքականութեան, բայց արցախահայութիւնը երբեք չհամակերպեցաւ իրեն պարտադրուած անարդարութեան։ Իսկ երբ 1988-ին արցախայութիւնը բարձրացուց Հայաստանի հետ Միացման դրօշը, ազերիական բանակի անառիկ յենակէտ դարձած Շուշին պատուհաս դարձաւ ողջ Արցախի գլխուն, յատկապէս իր անմիջական ստորոտը գտնուող Լ.Ղ.Ի.Մ.-ի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը մնայուն ռմբակոծումի տակ առնելով։

Այս բոլոր առումներով հայկական հերոսութեան ու դիւցազնական խոյանքի փառահեղ մարմնաւորումը եղաւ 8-9 մայիս 1992-ի Շուշիի ազատագրման ռազմական գործողութիւնը, որ պատմական նշանակութիւն զգեցաւ նաեւ իր առաջացուցած ազգային միասնականութեամբ։

Հայկական գրոհը սկսաւ բոլոր ուղղութիւններով՝ Արցախեան Ազատամարտին զինուորագրուած հայ մարտիկներու բոլոր միաւորներուն մասնակցութեամբ, կանոնաւոր բանակայիններ ըլլային անոնք թէ Հայաստանի տարբեր շրջաններէն եւ սփիւռքեան հայօճախներէն Արցախ փութացած նորօրեայ ֆետայիներ։ Դաշնակցութեան դրօշին տակ համախմբուած ազատամարտիկներ ըլլային անոնք, թէ 1988-ի համաժողովրդական շարժման ալիքին հետ կեանք առած ջոկատներու անդամ «մահապարտներ» կամ «երկրապահ կամաւորականներ»։

Անշուշտ, յանդուգն այդ գրոհին ընթացքին, առասպելատիպ հայ հերոսներու արիւնէն ծանրագոյն գին վճարեցինք անառիկ Շուշին ազատագրելու համար։ Բայց ազատութեան եւ յաղթանակի ուղին միշտ ալ արեամբ ներկուած է եւ, կռուի դաշտին վրայ ինկած նոյն այդ հերոսներու արեան գնով, թանկագին իր արժէքն ու նշանակութիւնը նուաճած է ազատագրական պայքարի իւրաքանչիւր յաղթանակ ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլեւ՝ բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ։

Հայոց յուշատետրի 8-9 մայիս 1992-ի էջով՝ Շուշիի ազատագրութեան այս փառապանծ յաղթանակին մէջ, ամէն բանէ առաջ եւ վեր նախ կ՛արժեւորենք մեր ժողովուրդի արի այրերուն միասնական յանդգնութիւնն ու հերոսութիւնը։

Հայ ժողովուրդի հաւաքական կամքին եւ միասնական ուժին Յաղթանակը խորհրդանշող անխորտակելի ամրոցը դարձաւ ազատագրեալ Շուշին։

Շուշիի ազատագրութեամբ հայ ժողովուրդը նուաճեց ոչ միայն հայրենի հողին ազատագրումը, այլեւ՝ պատմութեան քառուղիներուն վրայ արժանի իր տեղը ունենալու եւ լիարժէք ազատութեամբ ու անկախութեամբ օժտուած հայրենի պետականութիւն կառուցելու անբռնաբարելի իր իրաւունքը։

8-9 մայիս 1992-ի հերոսական գրոհով եւ յաղթանակով՝ իրաւատէր հայութիւնը նուաճեց իր դարաւոր երազը եւ ճամբան հարթեց Հայաստանի ու աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին առջեւ՝ ինքնավստահ եւ հաստատակամ քայլերով մուտք գործելու նոր դարաշրջան։

Արցախի իրողական ազատագրումին եւ Հայաստանի հետ միացումին ամրակուռ անկիւնաքարը հանդիսացող Շուշիի վերատիրացումէն անցած է 26 տարի։ Արցախի հետ բովանդակ հայութիւնը կը շարունակէ քաղաքական իր պայքարը, որպէսզի նորօրեայ հայ ֆետայիներու արեամբ նուաճուած Արցախի իրողական ազատագրութիւնը նաեւ իրաւականօրէն ամրագրուի եւ միջազգային ճանաչումի արժանանայ։

Աւելի քան քսան տարի է, որ իր բոլոր հոսանքներով՝ համայն հայութիւնը կը պայքարի ի խնդիր ազատագրուած Շուշիի պահպանման, վերաշինութեան եւ բարգաւաճման։

Իրողական ազատագրութեան այդ 22 տարիներու ընթացքին փորձութեան եւ ընկրկումի պահեր շատ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը։ Վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը վարակած իշխանապետութեան պառակտիչ ախտանըշանները անպակաս եղան նաեւ Արցախի հայութեան կեանքէն։ Բայց իր հերոսական զաւակներուն նկատմամբ Ազգային Պարտքի խոր գիտակցութիւնը բնաւ չլքեց Արցախահայութիւնը։ Ընդհակառա՛կն. փորձութեան եւ ընկրկումի այդ պահերէն աւելիով ուժեղ ու միակամ վերականգնեցաւ հայոց մերօրեայ արծուեբոյնը։

Յանուն հայրենի ազատագրեալ հողի վերաշինութեան, վերաբնակեցման ու բազմակողմանի զարգացման՝ ոչ միայն Արցախի քաղաքական ուժերը, այլեւ հայ քաղաքական մտքի բոլոր հոսանքները աչքի լոյսի պէս գուրգուրացին Մեծ Երազը իրականութիւն դարձուցած Արցախի զաւակներուն, այլեւ համայն հայ ժողովուրդի Հաւաքական Կամքի եւ Միասնական Ուժի զօրաշարժին անփոխարինելի երաշխիքին վրայ։

Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձը, իբրեւ յուշարարը հայ ազգային-ազատագրական շարունակուող պայքարին, գաղափարական ա՛յս դասերով կը լուսաւորէ պահանջատէր հայութեան դժուարին ուղին։ 

 Ն.