կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-02 18:51
Մշակույթ

Համազգայինը ՀՅ Դաշնակցութեան Նուէրն Է Հայութեան

Համազգայինը ՀՅ Դաշնակցութեան Նուէրն Է Հայութեան

Հայաստանէն մեկնարկած Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակի հանդիսութիւնները պաշտօնապէս իրենց աւարտին հասան անցնող կիրակի, Պուրճ Համուտի մէջ կայացած եզրափակիչ տօնակատարութեամբ:

Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութենէն 10 տարի ետք, 1928-ին հանրապետութեան հիմնադիր սերունդէն ներկայացուցիչներ հիմը դրին Համազգայինին` իր անկախութիւնը կորսնցուցած հայրենիքէն հեռու ափերու վրայ հայը հայ պահելու սրբազան նպատակով:

Դաշնակցական հայեր էին Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ եւ այնուհետեւ տարբեր տարիներու Համազգայինի գործին խթանը հանդիսացող լուսամիտ ղեկավարները, որոնք հաւատացին, որ անկախ պետութեան բացակայութեան, իր հայրենի հողը կորսնցուցած ու աշխարհով մէկ տարածուած հայութեան գոյութիւնը կը վտանգուի առանց անոր մշակոյթի պահպանման, զարգացման, տարածման եւ նոր ժամանակներու թաւալքին հետ նաեւ արդիականութեամբ հարստացման:

90 տարուան իր գործունէութեամբ, Համազգայինը եղաւ իրաւամբ պետութեան մը կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւն, որ կրցաւ հայ մարդուն համար ու անոր մէջ վառ պահել հայկականութիւնն ու հայ մշակոյթը:

Եւ որովհետեւ հայկականութեան եւ հայ մշակոյթի գործը ազգային-գաղափարական մարդու գործ է, Համազգայինի հիմնադիրներն ու ամբողջ ինը տասնամեակ զայն ամուր եւ գործօն պահող երախտաւորները, հեռու յարանուանական, գաղափարական թէ կուսակցական պատկանելիութենէն, զայն հիմնեցին ու տարածեցին իբրեւ համահայկական կառոյց, համայն հայութեան պահպանման եւ ուռճացման համար գործող կառոյց:

Դպրոց, մամուլ, տպարան, հրատարակչատուն, գրող, գիրք եւ գրականութիւն, թատրոն, արուեստ իր բոլոր ոլորտներով, մանուկ թէ երէց արժանացան համապատասխան գուրգուրանքի եւ արժեւորումի, փոքրաթիւ հաւաքականութիւններէ մեծ գաղութներ, մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք:

90 տարի ետք, երբ կը նայինք աշխատանքին, կրնա՞նք դոյզն կասկածն իսկ ունենալ, թէ Համազգայինը ի՛նչ բարիք բերաւ հայ ժողովուրդին, ամբո՛ղջ ժողովուրդին:

Կրնա՞նք պատկերացնել, թէ դաշնակցական նուիրեալներ ինչպիսի՞ ծառայութիւն մատուցեցին հայութեան ու Հայաստանին` հսկայական զոհողութիւններով պահպանելով Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը:

Ու կրնա՞նք ըսել, թէ ինչքա՛ն հսկայական ներդրում ունեցաւ Համազգայինը հայ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման դժուար գործին մէջ:

Անվարան կ՛արձանագրէ պատմութիւնը, որ Համազգայինը Հայաստանի եւ հայութեան ի սպաս իր առաւելագոյնը տուած կազմակերպութիւնն է:

Հայկականութիւն շնչող եւ հայկականութիւն տարածող կազմակերպութիւն:

90-ամեակին, յաւելեալ ճիգ եւ քրտինք կը պահանջուի անկասկած:

Ու մի՛շտ նոյն մեկնակէտով:

ՀՅ Դաշնակցութեան նուէրն է Համազգայինը համայն հայութեան:

Պահպանե՛նք զայն, ուռճացնե՛նք զայն, Հայաստանի եւ արտահայաստանի մէջ:

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ