Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Հորիզոն»ի հարցազրոյցը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեանի հետ
Հ.- Այս օրերուն համաշխարհայնացումը մարդկութիւնը կլանող նոր դարու հոսանքն է եւ կուլ կու տայ ազգեր ու ցեղեր. այս ընթացքին մէջ Համազգայինը ինչպէ՞ս կը թիավարէ այդ հոսանքին դէմ, նկատի առած այլասերումը, ուծացումն ու հայապահպանութեան գերխնդիրը, որ Համազգայինի գերագոյն նպատակներէն մէկն է:
Զ.Ք.- Համաշխարհայնացմամբ կարծես թէ մեր կեանքին մէջ ցանկապատ հասկացութիւնը վերացաւ, եւ այդ ցանկապատերու վերացումով շատ դժուար եղաւ դուն քեզ տան մէջ տանտէր զգալն ու դուն քեզի հետ ըլլալու հնարաւորութիւնը, որ անհրաժեշտ է ինչպէս անհատին համար, այդպէս ալ ազգութեան կամ հաւաքականութեան մը համար: Միւս կողմէ սակայն ժամանակակից արհեստագիտութեան զարգացումին հետ հնարաւորութիւններ ունեցանք յարաբերութիւններ մշակելու եւ համագործակցութեան եւ փոխադարձ ճանաչումի առիթներ ստեղծելու: Համազգայինը, ինչպէս մեր բոլոր միութիւնները, այս կացութիւնը կը դիմագրաւէ իր ե՛ւ բացասական եւ նաեւ դրական կողմերով: Մենք, իբրեւ Համազգային, մեր առաքելութիւնն է այս դրական կողմերէն օգտուելով միութիւնը զարգացնել, իր գոյութիւնը ապահովել, իր արժէքները պահել ու պահպանել: Ի վերջոյ պարզ ճշմարտութիւն է, որ հայ ծնիլը ճակատագրի հարց է թերեւս, բայց հայօրէն ապրիլն ու զգալը, հայ մնալը սեփական որոշումի մը հարցն է: Երբ դուն որոշած ես հայ մնալ, ապա համաշխարհայնացումը կրնայ միայն նպաստել քեզի: Հետեւաբար անոնք որոնք որոշած են հայօրէն ապրիլ այս կեանքը, Համազգայինն ու մեր միւս քոյր միութիւնները մագնիս են իրենց համար, որպէսզի ի մի գան եւ իրենց ինքնութեան, իրենց արմատներուն հետ առնչուած մնան, կառչին անոնց ու կարենան այս համաշխարհայնացման փոթորիկին մէջ չուծանալ:
Անոր համար է որ Համազգայինի 19 շրջանները, որոնք ապակեդրոն կերպով եւ ըստ իրենց կարիքներուն ու հնարաւորութիւններուն կը գործեն ամէն տեղ, ունենալով մշակութային զանազան դրսեւորումներ՝ երգչախումբ, պարախումբ, նուագախումբ, գեղարուեստի դպրոցներ, ճեմարաններ, հրատարակչատուն եւայլն: Սփիւռքի մէջ, ուր որ բուռ մը հայութիւն, ճակատագրի բերումով ցեղասպանութենէն ետք հաւաքուած է, այնտեղ Համազգայինը դերակատար եղած է, եւ տեղւոյն հայութեան պահանջքով կեդրոնական իրերայաջորդ վարչութիւնները ստեղծած են նոր կառոյցներ: Վերջինը՝ ամէնէն երիտասարդ մեր կառոյցը Ռուսաստանի Մոսկուայի կառոյցն է, ուր եղայ մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ եւ տեսայ, որ մենք այնտեղ ունինք հինգ դպրոցներ, որոնք կը գործեն Կիրակի օրերը, ուր հայորդիներ կը հաւաքուին եւ չորս ժամ տեւողութեամբ հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայ երգ եւ մշակոյթ կը սորվին: Այդ փոքրիկներուն ծնողները, մօտաւորապէս մէկուկէս ժամ մեթրոյով կու գան, իրենց Կիրակի օրուան հանգիստը կը զոհաբերեն, որպէսզի իրենց զաւակները այնտեղ չորս ժամ մնան եւ հայեցի կրթութիւն ստանան: Անոնց ծնողները որոշած են իրենց զաւակներուն փոխանցել այդ աւանդը, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին կապուին իրենց արմատներուն, եւ եթէ որոշեն հայ մնալ ու հայօրէն ապրիլ իրենց կեանքը, հիմք մը ունենան:
Համազգայինը միշտ ալ ունեցած է տարբեր մակարդակի գեղարուեստական խումբեր. բոլորը չեն օժտուած մասնագէտ արուեստագէտ ղեկավարներով, բայց միշտ ալ ունեցած են նուիրեալ մարդիկ, որոնք սիրողական այդ խումբերուն հնարաւոր որակը տուած են եւ ստեղծած են այնպիսի կեանք մը, որմէ նոր ընտանիքներ ծնած են: Հետեւաբար կրնանք ըսել, որ 96 տարի առաջ Համազգայինի հիմնադիրները այս առաքելութեան մէջ յաջողած են փաստօրէն:
Հ.- Անդրադառնանք հրատարակչական աշխատանքին՝ նկատի ունիմ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատունն ու յատկապէս մանկապատանեկան գրականութեան հրատարակութիւնները: Մեր մանկապատանեկան օրերէն կը յիշենք «Մկօն ու Չալօն», որ հետաքրքրական հրատարակութիւն մըն էր. արդեօ՞ք Համազգայինը կը ձեռնարկէ նման մանկապատանեկան հրատարակութեանց՝ շարժապատկերային ձեւով (բանդե դեսսինé), որովհետեւ նորահաս սերունդին համար լսատեսողական դրութիւնը աւելի մատչելի է, քան գրաւորը:
Զ.Ք.- Զգացումներուս նուրբ տեղին դպար, որովհետեւ «Մկօն ու Չալօն» մեր սերունդին ընթերցասիրութեան մղող հիմնարարն էր: Այսօր մեր պզտիկներուն համար գրաւիչ գրականութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը ունինք, որովհետեւ աստուածաշնչեան ճշմարտութիւնը կ’ըսէ՝ կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատեն, որպէսզի երբ մեծնայ, չմոլորուի անկէ: Նոյնն է հայ գիրք ու գրականութիւն կարդալու հարցը: Եթէ փոքր տարիքէն մարդ չմղուի հայատառ գրականութեան ընթերցանութեան, աւելի ուշ պիտի գայ իր ապրած երկրին լեզուն տիրապետելու բնականաբար: Գրաւիչ դարձնելու համար այդ բոլորը շատ անհրաժեշտ է ունենալ այսպիսի հրատարակութիւններ, իսկ Համազգայինը մանուկներուն համար բաւական ծրագիրներ իրագործած է, որոնցմէ կրնամ քանի մը հատը թուել. յառաջիկայ տարի արդէն Համազգայինը կ’աւարտէ իր մանկապարտէզի դասագիրքերու շարքի հրատարակութիւնը: Կրնամ ըսել, որ մասնագիտական եւ գեղարուեստական առումով գեղեցիկ ու գունազարդ պատրաստութեամբ մը սփիւռքի մեր մանկապարտէզները պիտի օժտուին լաւորակ դասագիրքերով, որ երեխաներուն առաջին հանդիպումն է փաստօրէն հայ գիրին ու հայ լեզուին հետ: Ունինք «Արան եւ Լալան» խօսող պուպրիկները, Լիբանանի մեր գրախանութին մէջ կը տարածենք մանկապատանեկան զանազան որակեալ գրականութիւն արեւմտահայերէնով, որոնցմէ կրնամ նշել գործերը Յասմիկ Շահինեանի, որ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ է եւ արդէն 4-րդ կամ 5-րդ գիրքին վրայ կ’աշխատի: Ան անձնապէս կը հրատարակէ իր գործերը, սակայն Համազգայինը իր գրատարածի ցանկին մէջ նկատի առած է զանոնք:
Յառաջիկայ տարին Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն լոյս պիտի տեսնէ նաեւ 4-5-6-րդ կարգերու համար Հայոց պատմութեան գունագեղ դասագիրքեր, որոնք ըստ սփիւռքահայ քանի մը պատմաբաններու կը գերազանցեն առկայ դասագիրքերուն որակը՝ իրենց նիւթով, մատուցման ձեւով եւ արդիականութեամբ: Ասիկա սկիզբ առած էր Կեդրոնական նախկին վարչութեան օրերուն: Հայաստանի նշանաւոր պատմաբաններ պատրաստած են բնագիրը, պատմագիտական նիւթերուն կը վերահսկէ սփիւռքահայ պատմբան մը, եւ Կեդր. վարչութեան հայագիտականի ծրագրով Հայաստան իբրեւ ուսուցիչ պատրաստուած եւ ճեմարանի մէջ հինգ տարիէ ի վեր Հայոց պատմութիւն դասաւանդող Աբիկ Աբրահամեան երիտասարդ մեր ուսուցիչը կը կատարէ բնագրին դասերու վերածելու աշխատանքները, իսկ մանկավարժական պատշաճեցումը կը կատարէ Սիլվա Փափազեանը: Այսպիսով մենք փաստօրէն պիտի ունենանք նոր սերունդը գոհացնող որակեալ դասագիրքեր, եւ քայլ մը առաջ երթանք Հայոց պատմութեան դասաւանդմշան հարցի գծով:
Գալով «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, որ սփիւռքի ամէնէն յայտնի, տարածուն ու կազմակերպուած հրատարակչատուներէն մէկն է, ուրկէ հայալեզու գիր ու գրականութիւն կը տպուի եւ կը տարածուի դէպի սփիւռքի տարբեր շրջաններ, կը վարէ աշխոյժ գործունէութիւն եւ Պարոյր Սեւակի 100-ամեակին առիթով 100 բանաստեղծութիւն պիտի տպէ շուտով, մեսրոպեան ուղղագրութեամբ, որ 2000 տպաքանակով լոյս պիտի ընծայուի: Այնուհետեւ այս տարուան յոբելեարներու՝ Մատթէոս Զարիֆեանի եւ Զահրատի 100-ամեակներուն առթիւ անոնց ալ գիրքեր տպելու ծրագիրներ առկայ են:
Հ.- Այս ծիրէն ներս խօսինք նաեւ «Բագին»ի մասին, որ այս տարի կը նշէ իր 60-ամեակը:
Զ.Ք.- Ցաւօք սրտի, իբրեւ գրական-գեղարուեստական պարբերաթերթ, որ տարին չորս անգամ լոյս կը տեսնէ, մեր սփիւռքահայ կեանքէն ներս դժբախտաբար «Բագին»ը մնաց առանձին: Այլ հարց է, որ «Հորիզոն»ն ու «Ազդակ»ը ունին գրական յաւելուածներ, սակայն իբրեւ գրական-գեղարուեստական կայացած օրկան, միակն է, այդ պատճառաւ ալ մեզի համար մեծ արժէք է: Կրնամ ըսել, որ ամբողջ հարստութիւն մը ամբարուած է այդտեղ, եւ սփիւռքահայ մեր մեծագոյն գրողները անոր աշխատակցած են, եւ այդպիսով երկար տարիներու վրայ հոն կուտակուած է գրական եւ գեղարուեստական աւանդ: Տխուր է արձագանգել, որ այժմու սերունդին մեծամասնութիւնը չի կարդար «Բագին»: Նախապէս բոլոր տուներէն ներս մուտք կը գործէր այն՝ «Ազդակ»ի եւ այլ թերթերու կողքին: Հիմա նոյն վիճակը չէ, սակայն «Բագին»ը ունի երիտասարդական աւիւնով օժտուած նոր խմբագրակազմ, որոնք ջանք չեն խնայեր, որ արեւմտահայ այս օրկանը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ իր գունագեղ հրատարակութեամբ: Հետեւաբար անոնք որոնք հետաքրքրուած են հայ գրականութեամբ եւ կը հետեւին ժամանակակից մեր գրական կեանքին, անպայմանօրէն այնտեղ շատ բան կը գտնեն:
Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ նշուելէ ետք «Բագին»ի 60-ամեակը, Գանատայի մէջ ալ պիտի նշուի, Ապրիլին ալ Ամերիկայի մէջ, որով նոր լուսարձակի տակ կ’առնուի «Բագին»ը իբրեւ երեւոյթ, եւ նոր հետաքրքրութիւն կ’արթննայ մեր նորահաս սերունդին մէջ «Բագին»ի նկատմամբ:
Հ.- Համազգայինի անունը սերտօրէն կ’առնչուի հայ դպրոցին եւ անոր ծրագիրներուն մաս կը կազմէ դպրոցաշինութիւնն ու դպրութեան տաճարներ կերտելու առաքելութիւնը, սկսելով Համազգայինի Պէյրութի ճեմարանէն, հասնելով մինչեւ Սիտնիի եւ Մարսէյի ճեմարանները: Նկատի ունենալով որ սփիւռքի տարբեր համայնքներու մէջ, տարբեր ցամաքամասերու վրայ կան այնպիսի գաղութներ, որոնք կը գտնուին հայ դպրութեան եւ կրթութեան գծով լուրջ ճգնաժամի մէջ. օրինակ՝ Նիւ Ճըրզիի մէջ (Մեծն Նիւ Եորքի յատկապէս) մօտ 80 հազարէն 100 հազար հայութեան հաշուարկ կայ, ուր կը գործեն երկու ամէնօրեայ վարժարաններ՝ 150 եւ 65 (միասին՝ 215) հայ աշակերտներով: Գանատայի պարագային օրինակ Գեմպրիճ ունինք արդէն զարգացող եւ աճող համայնք, որ 3000-էն վեր կը հաշուէ այսօր, Վանգուվըրը նոյնպէս, մանաւանդ սուրիահայերու ներհոսքէն ետք: Այսպիսի գաղութներու մէջ այս գծով ի՞նչ կը մտածէ Համազգայինը, մանաւանդ Ամերիկեան ցամաքամասին վրայ:
Զ.Ք.- Համազգայինը երբ հիմնադրուած է նախ մշակութային միութիւն չէ եղած, անոր առաջին անուանումը հայ կրթական եւ հրատարակչական ընկերակցութիւն էր, ապա կոչուած է հայ կրթական եւ մշակութային միութիւն, հետեւաբար իբրեւ կանոն ու իբրեւ աւանդոյթ՝ կրթական եւ մշակութային է եւ ոչ թէ մշակութային եւ կրթական. այդ է պատճառը, որ Լեւոն Շանթ եւ Աղբալեան առաջին հերթին ճեմարանը ստեղծեցին, այդ է պատճառը, որ հայութիւնը անկէ ետք ստեղծեց Մարսէյի եւ Սիտնիի ճեմարանները: Վերջին 7 տարիներուն նաեւ մեզի յանձնուած է Իսի Լէ Մոլինոյի Թարգմանչաց վարժարանը: Անշուշտ Համազգայիննը միակը չէ, որ վարժարաններ ունի, այլ մեր համայնքներուն մէջ ե՛ւ աւետարանական, ե՛ւ առաքելական, ե՛ւ կաթողիկէ համայնքները ունին դպրոցներ, որոնք կը գործեն եւ որոնք մեծաթիւ աշակերտութիւն ունին եւ հայեցի դաստիարակութիւն կը ջամբեն: Ինչպէս ըսի նախապէս, թէ Համազգայինը ապակեդրոն կառոյց է, հետեւաբար որեւէ տեղ ճեմարան կառուցելու հարցով ցանկութիւնը պէտք է գայ տեղւոյն հայութենէն: Մենք պէտք է իրազեկ ըլլանք, թէ տեղւոյն հայութիւնը ինչքանո՞վ կ’ուզէ իր զաւակը հայկական դպրոց ուղարկել, ինչքա՞ն աշակերտութեան թիւ կրնայ ունենալ, անկէ ետք է, որ կը ձեռնարկուի դպրոցի ծրագիրին: Այս մէկը հայ մնալ եւ հայօրէն ապրիլ որոշողներուն թիւէն կախեալ է… այս պարագային ես պիտի ըլլամ քիչ մը խարազանող, քիչ մըն ալ իրապաշտ եւ ըսեմ, որ Լիբանանի մէջ մենք ունինք տասնեակ մը հայկական դպրոցներ, որոնց մէջ կան կրթական իրենց մակարդակով իրենք զիրենք ապացուցած վարժարաններ, որոնք ոչ մէկ բանով կը զիջին օտար եւ սուղ կրթաթոշակ ունեցող դպրոցներուն, ունինք ամէն քսակի եւ ճաշակի, ինչպէս նաեւ գաղափարական ուղղուածութեան դպրոցներ, սակայն եթէ հաշուենք՝ ոչ հայկական դպրոց ուղարկող ծնողներուն թիւը կը գերազանցէ հայկական դպրոցներ ուղարկողներունը: Ասիկա օտարամոլ մտածելակերպէն առաջ կու գայ: Այս նոյն ծնողները, եթէ իրենց զաւակները հայկական դպրոց ղրկէին եւ ուրիշ ոչ մէկ բան ընէին (նուիրատուութիւն եւայլն), այլ միայն իրենց զաւակներուն կրթաթոշակը վճարէին, մեր դպրոցները աշակերտութեան աւելի մեծ թիւ կ’ունենային եւ նիւթապէս աւելի հնարաւորութիւններ կ’ունենային զարգացնելու դպրոցը: Դժբախտաբար Լիբանանի պէս տեղ մը, երբ ունինք բաւականաչափ դպրոցներ, աշակերտութեան թիւի տագնապ ունինք, ինչպէ՞ս կրնամ խօսիլ այլ վայրերու մասին: Կեդրոնական վարչութիւնը չի կրնար նախաձեռնողը ըլլալ, բայց կրնայ կազմակերպել, եթէ տեղւոյն հայութիւնը այդ մասին նախաձեռնութիւն ցուցաբերէ, այնուհետեւ Համազգայինը իր կրթական փորձառութեամբ, հայերէնի եւ Հայոց պատմութեան ուսուցիչներ մատակարարելով այդ առաքելութիւնը կը ստանձնէ:
Հ.- Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ ունի ուսուցիչ պատրաստելու ծրագիր. կը խնդրենք, որ մեր ընթերցողներուն մանրամասնութիւններ փոխանցէք այդ մասին եւս:
Զ.Ք.- ժամանակին հայագիտական հիմնարկը կար Լիբանանի մէջ, որուն աշակերտներէն մէկը եղած եմ ես, թերաւարտ՝ որովհետեւ յետոյ Հայաստան գացի եւ երաժշտութեամբ տարուեցայ. սակայն այդ հայագիտականը այն ժամանակ ամբողջ սփիւռքի Հայոց պատմութեան, հայերէնի ուսուցիչներ, խմբագիրներ պատրաստող օրկանն էր, որ տասնեակ մը տարիներ առաջ վերաձեւակերպուեցաւ այլ ձեւով: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը խթանէ ուսուցիչ կամ հայագէտ ըլլալու պատրաստակամութիւն ունեցող հայ դպրոցի շրջանաւարտները, կը հոգայ անոնց համալսարանական ծախսերը Հայկազեան համալսարանին մէջ, թերեւս ուրիշ տեղեր ալ, եւ այնուհետեւ կը հոգայ անոնց Հայաստանի մէջ երկու տարի մագիստրոսական ուսման ծախսերը: Նշեմ սակայն, որ պայմանագրութիւն գոյութիւն ունի այս պարագային, թէ մենք ի հարկէ կը վճարենք աշակերտներուն կրթաթոշակը, երթեւեկը, կեցութիւնը, ապրուստի ծախսերը, որպէսզի կարենան կեդրոնանալ իրենց դասերուն, այն պայմանով որ աւարտելէ ետք մօտ 6 տարի հայկական դպրոցի մը մէջ ուսուցչութիւն ընեն: Կրնամ հաստատել, որ այս մէկը յաջող ծրագիր է, եւ տասնեակ մը ուսուցիչներ ունինք հիմա Լիբանանի, Կիպրոսի եւ Ֆրանսայի մէջ, որոնք այս ծրագրի շրջանաւարտներն են եւ երիտասարդ ու փնտռուած ուսուցիչներ են: Անոնք իրենց ուսման ընթացքին արեւմտահայերէնի յատուկ դասընթացքի մը կը հետեւին, որպէսզի ամրանայ իրենց արեւմտահայերէն լեզուի իմացութիւնը:
Այստեղ կոչ կ’ուղղեմ նաեւ Գանատայի հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներուն, որոնք կ’ուզեն այս ծրագրին հետեւիլ, անվարան կապուելու Կեդրոնական վարչութեան հետ, որպէսզի պատրաստուին իբրեւ ապագայ ուսուցիչներ, ոչ միայն Գանատայի համար, այլ որտեղ որ կ’ուզեն գործել: Այսպիսով Համազգայինը կը շարունակէ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան մասնագէտներ պատրաստելու իր առաքելութիւնը եւ տարեկան մինչեւ 6 ուսանողներ կը ներառէ այս ծրագրին մէջ:
Հ.- Համազգայինը իր առաքելութիւնը ծաւալած էր նաեւ Արցախի մէջ, ուր ունէր իր գրասենեակը. այսօր Արցախը բռնագրաւուած է, եւ հաւանաբար Արցախի Համազգայինն ալ տարագիր է: Ես պիտի ուզէի, որ Զաքար Քեշիշեանը, որուն անունը կապուած է Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին, իր մտորումներն ու զգացումները փոխանցէ արցախեան վերջին դէպքերէն ետք, ըլլա՛յ Համազգայինի պարագային, ըլլա՛յ նաեւ անձնական, որովհետեւ Զաքար Քեշիշեանը այն մշակոյթի նուիրեալը եղած է, որ Արցախի առաջին պատերազմի ժամանակ, ազատագրական պայքարի օրերուն չէ վարանած Շուշիի մէջ հիմնելու մշակոյթի կարօտեալ մեր երեխաներուն առաջին երգչախումբը եւ մինչեւ վերջերս, մինչեւ 30-ամեակը խմբավարած է զայն, ամէն տարի երթալով Արցախ ու վերակենդանացնելով «Վարանդան»:
Զ.Ք.- Պատասխանս բաժնեմ երկու մասի. նախ խօսիմ Համազգայինի մեր կառոյցին մասին. անմիջապէս ըսեմ, որ ի տարբերութիւն հայրենի պետութեան, որ որոշած է Արցախի կառոյցները լուծարել կամ իբրեւ առանձին կառոյցներ անոնց գոյութիւնը չերաշխաւորել Հայաստանի մէջ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց Համազգայինի Արցախի իր գրասենեակը իր վարչական խորհուրդով փոխադրել Հայաստան եւ պահել իբրեւ այդպիսին, հնարաւորութիւն տալով որ իրենց գործունէութիւնը ծաւալեն Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակին մէջ, իբրեւ առանձին կառոյց, որ ունի իր ծրագիրները, եւ որոնք մեծ աշխուժութեամբ կ’իրականանան:
Համազգայինի կառոյցը ուրեմն փոխադրուած է Հայաստան եղածին պէս եւ կը գործէ չորս կեդրոններու մէջ՝ Երեւան, Կիւմրի, Հրազդան, Մասիս, կարծեմ նաեւ Էջմիածին, ուր արցախցի մանուկներ եւ պատանիներ կը հաւաքուին քանի մը ծրագիրներով. նախ անոնց ծնողները եւս հոգեխոցի մէջ են եւ երեխաներուն դպրոցական դասերը սորվեցնելու ու վերահսկելու հնարաւորութիւն չունին, հետեւաբար երիտասարդ ուսուցիչներ յետմիջօրէին դպրոցի ժամէն ետք յաջորդ օրուան դասերը պատրաստելու հարցով աշակերտներուն կ’օգնեն: Իսկ անոնք որոնք համալսարան պէտք է ընդունուին եւ հայերէնի պետական քննութիւն պէտք է յանձնեն, անոնց հանդէպ կը ցուցաբերուի առաւել հոգածութիւն:
Գալով ազգագրական պարերու խումբերուն, անոնք պիտի վերաձեւաւորուին շուտով: Կ’իրագործուին նաեւ գծագրութեան եւ նկարչութեան դասընթացքներ եւ արցախցի մեր երեխաները ի մի բերելով կը փորձենք պահել ու պահպանել Արցախի բարբառը նոր սերունդին մօտ: Կը համագործակցինք նաեւ Արցախի երկու տիկնիկային թատրոններուն հետ, որոնք Արցախի բարբառով կը բեմադրուին:
Այս ծրագիրներուն կողքին կը տանինք նաեւ հրատարակչական աշխատանք. օրինակի համար լոյս տեսաւ արցախեան պատերազմին արհեստավարժ լուսանկարիչ Ղահրամանեանի «Արցախ. անաւարտ պատերազմ»ը, այնուհետեւ լոյս տեսաւ արդէն Րաֆֆի Քորթոշեանի խմբագրութեամբ եւ Հայկական Ճարտարապետութիւնը Ուսումնասիրող Հիմնադրամին հետ համագործակցաբար «Արցախ. վտանգուած ժառանգութիւն» առաջին հատորը եւ տպագրութեան համար պատրաստ է երկրորդ հատորը: Պիտի հրատարակենք նաեւ Շուշիի գեղեցկութիւնը պատկերող շուշեցի Վլատիմիր Գէորգեանի հոյակերտ լուսանկարները, պահել-պահպանելու համար այդ ամբողջ ժառանգութիւնը թէկուզ առայժմ թուղթի վրայ: Այս բոլորը կ’ընէ Արցախի մեր գրասենեակը, որոնք կը ծրագրեն կազմակերպել Արցախի նկարիչներու ցուցահանդէս մը: Հրատարակուեցաւ արդէն Արցախի 7-8 արձակագիրներու պատմուածքներու անգլերէն հրատարակութիւն մը: Այսպիսով այս օրերուն մեր ալֆան ու օմեկան, մեր կիզակէտը Արցախն է, հակառակ իր կորուստին, Համազգայինը պիտի շարունակէ գործել իբրեւ առանձին կառոյց Հայաստանի մէջ:
Գալով «Վարանդա» երգչախումբին. ինծի վիճակուեցաւ ստեղծել այդ մէկը Շուշիի ազատագրութեան իսկ տարին, ՀՅԴ Նիկոլ Աղբալեան Ուսանողական միութեան ջանքերով, այնտեղ ստեղծուած Արամ Մանուկեան վարժարանին մէջ, եւ այնուհետեւ երգչախումբը պետականացաւ եւ իմ անձնական երգչախումբիս պէս, իմ հոգուս պարտքը դարձաւ եւ վերջին հինգ տարիներուն կարգ մը ընկերներու օժանդակութեամբ շարունակեց իր համերգները: Ստեփանակերտի մէջ տուինք մեր վերջին 30-ամեակի համերգը: 31րդ տարին չկրցայ երթալ, որովհետեւ արդէն շրջափակման մէջ էր: 30 տարիներուն ընթացքին, իւրաքանչիւր ամառ երկու ամիս կամաւորաբար կ’երթայի, որովհետեւ ինքզինքս նուիրեր էի այդ առաքելութեան: Միայն թագաժահրի համավարակի տարին չգացի, այլապէս 29-30 տարուան մէջ 9 տարի, Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբը իր նոր երգացանկով ելոյթներ տուած է: Ուրախութիւն կը պատճառէր ինծի յատկապէս այն, որ 164 նոր երգեր ծնան այս երգչախումբին առիթով, մեր հայրենի երաժիշտներն ու բանաստեղծները երգեր կը յօրինէին, եւ մենք անոնց առաջին կատարողները կ’ըլլայինք Արցախի մէջ, որմէ ետք Համազգայինի «Կարկաչ» երգչախումբը եւս կ’երգէր, ու անոնց նօթաները ես կը փոխանցէի այլ խմբավարներու, եւ այսօր ուրախ եմ, որ այդ երգերը կը հնչեն սփիւռքի եւ Հայաստանի տարբեր երգչախումբերու կողմէ:
«Վարանդա»ն ունէր մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական կազմերը, եւ հիմնադիր սերունդի զաւակները այսօր ողողած էին երգչախումբը: Այս տարի ցրուած են անոր անդամները, բայց ես այժմ սերտողութեան մէջ եմ, թէ ո՛ւր կը գտնուին անոնք, ո՛ր քաղաքներուն մէջ են առաւելաբար, որովհետեւ կը զգամ, որ անոնք այս տարի առաւել եւս կարիքը ունին ինծի, որպէսզի երգի ճամբով նաեւ կարենան կազդուրուիլ: Առանձնաբար քանի մը կէտերու մէջ առօրեայ փորձերով կարելի է պատրաստել զիրենք եւ յետոյ միացնել ընդհանուր համերգի մը մէջ:
Ես կը հաւատամ, որ «Վարանդա»ն իր առաքելոււթիւնը պէտք է շարունակէ, ինչպէս նաեւ Արցախի ստեղծագործական բոլոր խումբերը՝ երգչախումբերը, թատրոնը, պարի պետական անսամպլը, եւ պէտք է անպայմանօրէն նախ արժանանան Հայաստանի պետական հովանաւորութեան (բան մը որ չեղաւ առայժմ դժբախտաբար) ապա սնուին վերադարձի յոյսով, հաւատքով ու հեռանկարով:
Հարցազրոյցը վարեց Վահագն Գարագաշեան