կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-17 10:48
Հասարակություն

Հայրենիքի եւ հայութեան ծառայութեան մէջ (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան առիթով)

Հայրենիքի եւ հայութեան ծառայութեան մէջ (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Օրուան առիթով)

Բահով եւ բրիչով, գրիչով եւ խօսքով, տասնոցով եւ քլաշինով՝ 130 տարի հայրենիքի ու հայութեան ծառայութեան մէջ։

Քրտինքով եւ արիւնով, միտքով եւ մտաւորականութեամբ, ֆետայիով եւ վրիժառու բազուկով, արդարութեան մարտիկով եւ ազատամարտիկով՝ 130 տարի հայրենիքի ու հայութեան ծառայութեան մէջ։

Նիկոլ Դումանով եւ Խանասորի Արշաւանքով, Բաբկէն Սիւնիով եւՊանք Օթոմանով, Արամով եւ Սարդարապատով, Քաջազնունիով եւ պետականակերտութեամբ, Արմէն Գարոյով եւ Նեմեսիսով, Լիզպոնի Հինգով եւ Պուրճ Համուտի ու Հալէպի պաշտպաններով՝ 130 տարի հայրենիքի ու հայութեան ծառայութեան մէջ։

Սփիւռքի կազմակերպումով եւ կազմակերպ կառոյցներով, քաղաքականացումով եւ յեղափոխականցումով, պահանջատիրութեամբ եւ Հայ Դատով՝ 130 տարի հայրենիքի ու հայութեան ծառայութեան մէջ։

Միշտ հայրենիքի ծառայութեան մէջ՝ Քրիստափորեան յարատեւ կռիւով, Ռոստոմեան գործի վճռականութեամբ եւ Զաւարեանական բարոյական պարտաւորութեամբ ու բաւարարութեամբ։

Այս բոլորը եւ շատ աւելին է Դաշնակցութեան հաշուետուութիւնը մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին։

Այս բոլորը եւ շատ աւելին Դաշնակցութեան խոստումն է բարգաւաճ ու անվտանգ Ամբողջական Հայաստանին եւ Ամբողջական Հայութեան։

Եւ պատմութիւնը վկա՛յ, խոստումը կ՚իրականանայ վերածուելու համար Դաշնակցութեան հաշուետուութեան՝ հայրենիքին ու ժողովուրդին։

Սեդօ Պոյաճեան