Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Փետրուարի վերջին այս օրերուն, մինչ պահանջատէր հայութիւնը աշխարհով մէկ կ’ոգեկոչէ յիշատակը Սումկայիթի մէջ, 27 Փետրուար 1988ին, Ատրպէյճանի գործած «մաքրազտման» սպանդին տասնեակ հազարներով զոհ գացած անզէն ու անմեղ հայերուն, անդին թուրքեւազերի աշխարհը կը փորձէ հակադարձել եւ «հակակշռել»՝ միջազգային աղմուկ բարձրացնելով իբր թէ հայերու կողմէ 26 Փետրուար 1992ին գործուած եւ այսպէս կոչուած Խոջալուի ջարդին դէմ։
Հակահայ մղումներով եւ «ազգային մաքրազտման» հողի վրայ կատարուած Սումկայիթի Փոկրոմին ըստ էութեան անդրադառնալէ առաջ, այսօր՝ Փետրուար 26ի առիթով, կ’արժէ կեդրոնանալ Խոջալուի ողբերգութեան վրայ։
Առաջին հերթին՝ անդրադառնանք պատմական տուեալներուն.-
Փետրուար 25էն 26 լուսցող գիշերը, 1992ին, Ստեփանակերտէն չորս մղոն դէպի հիւսիս գտնուող Խոջալուի մէջ, արձանագրուեցաւ ռազմաքաղաքական մեծ նշանակութեամբ դարձակէտ մը Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի տարեգրութեան արիւնալի էջերուն։
Հայկական ջոկատները ընդհանուր յարձակողականի մը ձեռնարկեցին ատրպէյճանական հակահայ հրետանակոծութեան յենակէտը դարձած Խոջալուի վրայ եւ, թշնամին անփառունակ պարտութեան մատնելով ու դուրս մղելով, վտանգազերծեցին Արցախի ոստանները Կրատ ու այլ տիպի ռումբերու եւ հրթիռներու ամէնօրեայ տարափէն։
Յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու Բերդաձորը ամէնօրեայ ռմբակոծման թիրախ դարձած էին Խոջալուի կողմէ։
Շուշիի իրենց անառիկ դիրքերէն ազերի զինեալներու ծաւալած ռմբակոծման կիսատ թողած քանդումն ու արիւնահեղութիւնը ամբողջացնելու կու գար Խոջալուն։
Ասկերանի շրջանին մէջ ռազմագիտական կարեւոր դիրք գրաւող Խոջալուն նաեւ իրարմէ կտրած էր Մարտակերտն ու Ստեփանակերտը՝ անշարժութեան մատնելով Մարտակերտի պաշարուած հայութեան Ստեփանակերտէն մարդկային թէ զինական օգնութիւն հասցնել փորձող հայկական ջոկատները։
Թէեւ Արցախ Դեկտեմբեր 1991ին արդէն հռչակած էր իր անկախութիւնը եւ ձեռնարկած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարման համակարգի ստեղծումին, այսուհանդերձ՝ Շուշին, Խոջալուն եւ Աղդամը տակաւին մնացած ըլլալով ատրպէյճանական հակահայ ուժերու ձեռքը, կը շարունակէին հանդիսանալ հայկական արծուեբոյնը պատուհասող եւ, մահ ու աւեր սփռելով, ծունկի բերելու ուղին ընտրած ատրպէյճանական բռնակալ իշխանութեանց վտանգաւոր յենակէտները։
Խոջալուի վտանգազերծման գործողութիւնը մեծաթիւ զոհեր խլեց ոչ միայն ազերի զինեալներու, այլեւ առաւելաբար մեսխեթցի թուրքերով բնակեցուած Խոջալուի խաղաղ բնակչութեան շարքերէն։ Պատահեցաւ նաեւ ահաւոր ողբերգութիւն մը, երբ հայկական ջոկատներու հսկողութեան տակ առճակատման գիծը կտրած եւ ատրպէյճանական կողմի առաջաւոր դիրքերը հասած մեսխեթցի թուրք բնակչութիւնը սպանդի ենթարկուեցաւ նոյնինքն ատրպէյճանական զօրքին կողմէ։
Խոջալուի այդ ողբերգութեան ծալքերը բարդ են եւ տակաւ առ տակաւ կը բացայայտուին անցնող տարիներու ընթացքին։ Ինչպէս օրին, նոյնպէս եւ մինչեւ վերջերս միջազգային հանրային կարծիքը անվարան՝ հալած իւղի պէս կուլ կու տար ատրպէյճանական կողմի եւ անոր թափ տուող թրքական շրջանակներու հակահայ քարոզարշաւին տարածած անհիմն վերագրումներն ու մեղադրանքները։ Նոյնիսկ այսօր կը բաւէ համացանցի որոնման աղբիւրներուն տալ Լեռնային Ղարաբաղի անունը, որպէսզի Արցախի վերաբերեալ պատմական թէ այժմէական, քաղաքական թէ ընդհանուր տեղեկութեանց վերաբերեալ յղումներու շարքին, գլուխ ցցեն ատրպէյճանական եւ թրքական կայքէջներուն տարածած եւ այսպէս կոչուած՝ «Խոջալուի Ցեղասպանութիւնը» հրամցնող… խեղաթիւրումներու յամառ պնդումները։
Թերեւս 1992ին եւ անոր հետեւող տարիներուն կարելի էր բացատրութիւն մը գտնել Արեւմուտքի կողմէ դրսեւորուած թրքանպաստ կողմնակալութեան համար։ Ի վերջոյ Ռուսաստանի մեծապետական դերակատարութեան դէմ պայքարող եւ քարոզարշաւ մղող Արեւմուտքը, այդ տարիներուն, տակաւին ի վիճակի չէր ըստ արժանւոյն հասկնալու եւ գնահատելու Արցախի ազգային-ազատագրական շարժման էութիւնը, հայ ժողովուրդին յանուն Իրաւունքի ու Արդարութեան վերականգնումի մղած կենաց-մահու կռիւը։ Բայց նոյնը կարելի չէ ըսել, այլեւս, վերջին տարիներուն եւս յամեցող արեւմտեան կողնակալութեան մասին։
Ճիշդ է, իրենց խիղճը վարձու հանած թղթակիցներ ու պատմաբաններ միշտ ալ գտնուած են եւ, այս պարագային ալ, բացառութիւն չեն կազմեր այնպիսիները, որոնք պետական միջոցներով միջազգային հանրութեան հրամցուող «Խոջալուի Ցեղասպանութեան» յերիւրանքին սուտ վկաները կ’ուզեն դառնալ՝ ձայնակցելով ու ծառայելով ատրպէյճանական ու թրքական աղբիւրներու հակահայ քարոզչութեան, լիաբուռն վարձատրութեան արժանանալով…
Դժբախտաբար միեւնոյն դատապարտելի ընթացքին մէջ կը յայտնուին նաեւ միջազգային ատեաններու կողմէ եւ անոնց անունով հանդէս եկող որոշ հեղինակութիւններ, որոնք իրենց կարգին, այսօր եւս, կը շարունակեն արցախահայութեան վերագրել Խոջալուի մէջ իբր թէ «ազերիները ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու յանցագործութիւն»ը։
27 տարի անցած է Խոջալու վտանգազերծումէն ասդին։ Վաւերագրական ամբողջ գրականութիւն մը արդէն գոյութիւն ունի, որպէսզի պատասխանատու դիրքերու վրայ գտնուող եւ հեղինակութիւն նկատուող օտար՝ քաղաքական թէ դիւանագիտական անձնաւորութիւններն ու շրջանակները քիչ մը ժամանակ տրամադրեն եւ ստուգեն փաստերը, փոխանակ կուլ տալու ատրպէյճանական շաքարապատուած… հայատեացութեան թոյները։
Իսկ վաւերական փաստերը բազում են՝ նոյնինքն Ատրպէյճանի այդ ժամանակուան նախագահ Մութալիպովի խոստովանութիւններէն սկսելով եւ հակահայ վերագրումները հետազօտած օտար լրագրողներու եւ պատուիրակութիւններու զեկոյցներէն անցնելով, հասնելու համար Խոջալուի արիւնալի ողբերգութենէն վերապրողներու վկայութեանց։
Այդուհանդերձ՝ հակահայ յերիւրածոյ «փաստագրութիւններով» կը վխտայ համացանցը։ Թուրքեւազերի ապատեղեկատուութեան արշաւը դարձած է այնքան լկտի, որ Մ. Նահանգներու եւ Եւրոպայի տարածքին ձեռնարկած է հայկական կողմին գործած իբր թէ «Խոջալուի ցեղասպանութիւնը» ճանչնալու եւ դատապարտելու ծաւալուն արշաւի։
Այսպիսի՛ կեղծիքով եւ յերիւրանքով Ատրպէյճան եւ Թուրքիա յառաջ կը մղեն հակահայ ապատեղեկատուութեան իրենց արշաւը՝ այսպէս կոչուած «Խոջալուի մէջ հայերու գործած ցեղասպանութեան» թղթածրար մը հնարելով։
Պահանջատէր հայութիւնը անպատասխան չի ձգեր անշուշտ այդ մեծ Կեղծիքի Արշաւը։ Պետականօրէն եւ Հայ Դատի Յանձնախումբերու ճամբով, Հայաստանն ու Սփիւռքը ձեռք-ձեռքի տուած՝ հետեւողականօրէն կը փաստագրեն բուն ճշմարտութիւնը Խոջալուի ողբերգութեան մասին։
Այսօր արդէն արար-աշխարհին ներկայացուած են փաստացի բաւարար տուեալներ, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ պարզ ու յստակ դառնայ ամբողջական ճշմարտութիւնը՝ Խոջալուի մէջ մեսխեթցի թուրք անզէն բնակչութեան դէմ նոյնինքն ազերի բանակայիններու եւ զինեալներու գործադրած սպանդին մասին։
Ալիեւ հօր՝ Հայտար Ալիեւի մատնահետքներով սադրանք մըն էր եղածը սեփական ժողովուրդի զաւակներուն դէմ… Եւ ի՞նչ նպատակով. մէկ կողմէ օրուան նախագահ Մութալիպովի դէմ ժողովուրդը գրգռելու եւ իշխանափոխութեան յեղաշրջում իրականացնելու նպատակով, ապա միաժամանակ՝ Պաքուի եւ Սումկայթի մէջ հայերու բնաջնջումին դէմ բարձրացած միջազգային դատապարտանքի ալիքին պատասխանելու… «Խոջալուի մէջ հայերու գործած ցեղասպանութեան» յերիւրանքով եւ համապատասխան հակահայ ապատեղեկատուութեամբ։
Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր եւս կը շարունակեն, նաեւ առաւել աշխուժութեամբ, քաղաքակիրթ աշխարհին ներկայացնել ատրպէյճանական-թրքական հակահայ քարոզչութիւնը մերկացնող փաստական նիւթեր՝ տեսանիւթեր, լուսանկարներ եւ արխիւային փաստաթուղթեր։
Կը մնայ, որ քաղաքակիրթ աշխարհը ղեկավարող ուժերը արդարութեան եւ ճշմարտութեան չգերադասեն իրենց քարիւղային ու ռազմաքաղաքական ինչ-ինչ հաշիւներն ու ախորժակները։
Կը բաւէ, որ վերջ տրուի քաղաքական աշխարհը երկու չափ եւ երկու կշիռով ղեկավարելու մեծապետական, այլեւ ֆաշական պատեհապաշտութեան։
Խոջալուի վտանգազերծումը, ի վերջոյ, միակ ելքն ու գրաւականն էր հայկական Արցախի ինքնապաշտպանութեան՝ ազատ ու անկախ ապրելու անոր բնական եւ անբռնաբարելի իրաւունքին նուիրագործումին, որուն նկատմամբ իրենց պարտքը կատարելէ կը խուսափին մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերը մինչեւ այսօր։
Ն.