Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Յունիսի 20էն 24 երկարող օրերուն, որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ հաւանաբար Յունիս 23ին, 121 տարի առաջ՝ 1896ին, «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր. կուրծքը պատռած, սիրտը խոցուած, չար թշնամու գնդակով»…
Այդպէս ծանրօրէ՛ն վիրաւոր, բայց մինչեւ վերջին շունչ կռիւը շարունակելով՝ հարիւրաւոր իր զինակիցներուն հետ նահատակուեցաւ անզուգական Պետօ։
Ամբողջ Յունիս ամիսը, այդ տարի, օրհասական օրեր բաժին հանեց Վան-Այգեստանի եւ ընդհանրապէս հայոց Վասպուրական գաւառի մեր ժողովուրդին։
Կարմիր Սուլթանը վճռած էր արեան մէջ խեղդել հայոց ազգային-ազատագրական շարժման զէնք, զինամթերք եւ մարտական ուժ հասցնող Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան սահմանեզրի՝ Հայկական Նահանգներու հայութիւնը։
Զէյթունէն, Սասունէն, Տրապիզոնէն եւ Կարինէն ետք, կարգը հասած էր Վասպուրականի հայութեան։ Եըլտըզի պալատէն արձակուած էր ընդհանուր կոտորածի հրահանգը։
Միայն մէկ ընտրանք ունէր հայութիւնը. անխուսափելի մահուան դէմ կուրծք ցցել, զէնք վերցնել եւ ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղել՝ քաջ գիտակցելով, որ անհաւասար ուժերով ճակատում մը կը սպասէր իրեն, ուր ստոյգ մահուան վտանգին դէմ իրեն կը մնար զէնքի ուժով պաշտպանուելու եւ փրկուելու միակ յոյսը։
Այդպէ՛ս տեղի ունեցաւ Վանի հայութեան հերոսական առաջին ինքնապաշտպանութեան հերոսական կռիւը։
Ամբողջ շաբաթ մը, հայահոծ Այգեստանը դիմադրեց թրքական կանոնաւոր զօրքին եւ անոր միացած քիւրտ ասպատակներու գրոհներուն։
Մինչ գաւառային շրջաններուն մէջ, յատկապէս յեղափոխական կազմակերպութենէ զուրկ գիւղերու պարագային, անզէն հայութիւնը հազարներով կոտորուեցաւ, անդին՝ Վան-Այգեստանի մէջ, հայ յեղափոխական երեք կուսակցութեանց միացեալ ուժերով մղուած ինքնապաշտպանական կռիւներուն շնորհիւ, հայութիւնը փրկուեցաւ ստոյգ կոտորածէ։
Բայց ահաւոր էր դաւադրութիւնը եւ եւրոպական մեծ տէրութեանց հիւպատոսներու պիղատոսեան հայեացքին տակ, նոյնիսկ մեղսակցութեամբ, Վանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւը կազմակերպած ու յաջողութեամբ պսակած հայ յեղափոխականներէն պահանջուեցաւ հեռանալ շրջանէն։
Այդ պահանջին, յատկապէս դուրսէն եկած յեղափոխական գործիչներու հեռացման յորդորներուն, ձայնակցեցան նաեւ նոյնինքն Վանի հայութեան ազգային իշխանութեանց պատասխանատուներն ու ջոջերը։
Եւ հայ յեղափոխականները՝ արմենական Աւետիսեանի, հնչակեան Մարտիկի ու դաշնակցական Պետոյի միացեալ ղեկավարութեամբ, իրենց զէնքերով, հեռացան Վասպուրական աշխարհէն՝ սահմանը հատելու եւ Պարսկաստան անցնելու նպատակով։
Բայց թրքական զօրքերը հրահանգ ունէին հետապնդելու նահանջող հայ մարտիկները եւ կոտորելու զանոնք՝ ընդհանրապէս հայկական դիմադրականութեան կորովը եւ անպարտելիութեան ուժի աղբիւրը ճզմելու, ջախջախելու նպատակով։
Նահանջի ճանապարհին եւս հայ յեղափոխականները քաջարի կռիւ մղեցին, քանի մը օր շարունակ ետ մղեցին թրքական զօրքերը ու կրցան ճեղքել անոնց պաշարման օղակները։ Բայց թրքական զօրքին շարունակ օգնութեան հասան քրտական ցեղախումբերը, որոնցմէ յատկապէս Մազրիկ ցեղը, Շարաֆ բէկի գլխաւորութեամբ, իսկական պատուհասը դարձաւ արդէն ուժասպառ դարձած եւ զինամթերքը սպառած հայ յեղափոխականներուն։
Եւ այդպէ՛ս, անհաւասար ուժերով մղուած մարտերու մէջ, հարիւրաւոր հայ երիտասարդներ մինչեւ վերջին շունչ կռուեցան ու մարտիրոսացան։
Եւ այդպէ՛ս, յեղափոխական երգի սրտաճմլիկ բառերով, մինչեւ իր արեան վերջին կաթիլը կռուելով նահատակուեցաւ քաջարի յեղափոխականը՝ ՊԵՏՕ անուն անմահը։
Աւազանի անունը Աղեքսանդր Պետրոսեան էր։ Ծնած էր Կարս, 1870ին, չքաւոր ընտանիքի մը յարկին տակ։ 1890ին, երբ նոր կը կազմուէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը, Պետօ քսանամեայ ուսուցիչ էր Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Անմիջապէս միացաւ նորակազմ կուսակցութեան եւ ուղղուեցաւ Թաւրիզ, Պարսկաստան, հոնկէ Երկիր անցնելու համար։
Պետօ Վան հասաւ 1890ի վերջերուն՝ իբրեւ նէօքար (ծառայ) ծպտուած. ոտքին տրեխներ եւ գլխուն՝ բուրդէ փափախ, ինչպէս որ կը վկայէ «Դրօշակ», 1896ին, յետ մահու Պետոյի նուիրուած իր առաջնորդող յօդուածով։ Այդպէս աննկատ շրջեցաւ Վասպուրական աշխարհով մէկ։ Մօտէն ծանօթացաւ եւ անձամբ իր մորթին վրայ կրեց հայ գեղջուկին բաժին ինկած չքաւոր կեանքի դաժանութիւնն ու կեղեքումները։ Ամբողջ երկու տարի այդպէս գործեց եւ ծայրագոյն գաղտնապահութեամբ, Այգեստանի եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ, հիմը դրաւ դաշնակցական կառոյցին։ Եւ ամէն անգամ, որ թուրքերու, քիւրտերու եւ մինչեւ իսկ յեղափոխութենէն սարսափող հայերու կողմէ նկատուած ըլլալու կասկածը ունեցաւ, Պետօ իր տեսքն ու արհեստը փոխեց. եղաւ փերեզակ կամ բուրդ մանող, բայց անվհատ շարունակեց սեփական ժողովուրդի լայն խաւերուն հետ մօտէն շփուելու, յատկապէս երիտասարդներուն հասնելու եւ զանոնք իր յեղափոխաշունչ ոգիով ներգրաւելու ընդյատակեայ աշխատանքը։
Պետոյի յեղափոխական գործունէութեան դարձակէտը եղաւ 1892ին իր մասնակցութիւնը Հ.Յ.Դ. Առաջին Ընդհանուր Ժողովին, Թիֆլիսի մէջ, ուրկէ Վան վերադարձաւ՝ իբրեւ շրջանի Հ.Յ.Դ. լիազօր ներկայացուցիչը եւ արդէն կովկասահայ երիտասարդներէ բաղկացած յեղափոխականներու սեփական խումբով, զէնքով ու զինամթերքով։
Դաշնակցական գործիչներու երկրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Ռուբէն Տէր-Մինասեան եւ Արամ Մանուկեան, հետագային գրուած իրենց յուշերուն մէջ, վկայակոչելով 1890ականներու սկզբնաւորութեան Վանի եւ ընդհանրապէս Վասպուրականի հայութեան յեղափոխական կազմակերպման մէջ ներդրում ունեցած առաջին գործիչները, կ’առանձնացնեն եւ յատուկ կարեւորութեամբ կը շեշտեն Պետոյի ունեցած մեծակշիռ դերակատարութիւնը։
Պահպանողական վանեցիներու մէջ յեղափոխական մարտունակութեան ոգին արթնցնելու եւ, մանաւա՛նդ, մեղկ ու սնափառ յեղափոխականներէն վանեցիներու ունեցած հիասթափաթիւնը յաղթահարելու առումով՝ Պետօ ուղղակիօրէն հրաշք գործեց Վասպուրականի մէջ վեցամեայ իր գործունէութեան շրջանին։
Հայ Յեղափոխականի Ամբողջական Տիպարը եղաւ ՊԵՏՕ։ Ամէն կարգի զրկանքներու դիմացող եւ ամէնէն օրհասական պահերուն անգամ յեղափոխական իր ոգեւորութիւնը վառ պահող Հայ յեղափոխականը եղաւ ան։
Պատահաբար չէր, այլ իր նկարագրին ուժով եւ գաղափարական անկոտրում հաւատքին շնորհիւ էր, որ Պետօ կրցաւ շատ արագ իր շուրջ համախմբել Արմենական եւ Հնչակեան կուսակցութեանց սկզբնապէս միացած, բայց անոնց խարխափումներէն շուտով հիասթափուած Այգեստանի երիտասարդութիւնը։ Այդպիսին եղաւ աննման Վազգէնը (Տիգրան Տէրոյեան), որ դարձաւ Պետոյի աջ բազուկը, իսկ անոր նահատակութենէն ետք, միեւնոյն ոգիով եւ ուղիով, շարունակեց անոր սկսած մեծ գործը։
Յեղափոխական ցուցամոլութեան դէմ իր մղած անհաշտ պայքարին եւ խստակեաց ու խստապահանջ վարքուբարքին շնորհիւ էր, նաեւ, որ Պետօ յաջողեցաւ միջ-կուսակցական համերաշխութեան հողը պատրաստել Վասպուրականի հայութեան մէջ։ Նոյնպէս, հայկական յեղափոխութեան արմատաւորումին եւ ամրապնդումին համար, ռազմավարական կարեւորութիւն տուաւ գաւառի եւ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործին։ Այդ պատճառով ալ, թէեւ Դաշնակցութիւնը ուշ մտաւ Վան, բայց եղաւ առաջինը, որ զինեց ու մարտականօրէն կազմակերպեց Վասպուրականի գաւառային շրջանները։
Պետօ երկար չապրեցաւ։ Իր անձին օրինակով յեղափոխական շարժում առաջացնող եւ մարտունակ կազմակերպութիւն ստեղծող անզուգական գործիչը հազիւ 26 տարեկան էր, երբ Յունիս 1896ի այս օրերուն, հայ յեղափոխականներու Վանէն հեռացման օրերուն, ինկաւ զէն ի ձեռին, յանուն հայ ժողովուրդի ու Երկրի պաշտպանութեան։
Բայց իր մահով Պետոյի սկսած գործը ոչ միայն կանգ չառաւ, այլեւ յաւելեալ թափով ու ոգեւորութեամբ յառաջ մղուեցաւ։
Այդպէս ալ պէտք է ըլլար, որովհետեւ «Գարահիսար լերան կրծքին՝ նա էլ ընկաւ վիրաւոր»՝ յանուն Հայաստանի ազատութեան եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութեան անմնացորդ անձնուիրումի կենդանի, այլեւ գերագոյն զոհաբերութեան վարակիչ օրինակը տալով։
«Դու ընկար ընկերներիդ հետ, անվհա՛տ գործի՛չ, ձեր մարմինները պատառ-պատառ, ձեր ոսկորները ցիրուցան են՝ «Հանգի՜ստ ոսկերացդ» չենք կարող ձեզ ուղղել, բայց տեսէ՛ք, ձեր ընկերները ոգեւորուած ձեր հերոսական կեանքով ու մահով, չտեսնուած կատաղութեամբ հարուածներ են թափում արիւնարբու թշնամու գլխին. տեսէ՛ք, գազանը հոգեվարքի մէջ է, եւ հեռու չէ այն օրը, երբ հայ ազգը ցնծութեան մէջ կը մաղթի՝ «Հանգի՜ստ ձեր բազմատանջ հոգիներին, ազատութեան նահատակնե՛ր»։
ՊԵՏՕ ամէնէն զտարիւն մարմնաւորումներէն մէկը եղաւ Հայաստանի ազատագրութեան յեղափոխական կռուին զինուորագրուած գաղափարի մարտիկներու սերունդին, որ անկրկնելի շատ ու շատ հերոսներու արեամբ հարթեց հայ ժողովուրդի ազատութեան եւ անկախութեան ուղին։
Պետոյի եւ հարիւրաւոր իր ընկերներու նահատակութեան օրհասական այս օրուան խորհուրդը ոգեկոչելով՝ անոնց աներեր հաւատքին ու անվեհեր մարտունակութեան ուղիով հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան երթը շարունակելու ուխտը կը վերանորոգենք։
Որովհետեւ ազգի ու հայրենիքի ազատագրութեան համար մղուած հերոսական պայքարին ու յարատեւ կռուին մէջ ինկող հերոսներու ԱՒԱՆԴով ազգերը կը նուաճեն իրենց պայծառ գալիքը։
Ն.