կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-10-17 15:00
Հասարակություն

Ա­վե­տիք Ի­սա­հա­կյան. ­հա­յոց վշտի ու խռով­քի, բա­րու­թյան ու սի­րո եր­գե­րի ­Վար­պե­տը

Ա­վե­տիք Ի­սա­հա­կյան. ­հա­յոց վշտի ու խռով­քի, բա­րու­թյան ու սի­րո եր­գե­րի ­Վար­պե­տը

Աղբյուրը՝ arfd.am

Հոկ­տեմ­բեր 17ի այս օ­րը, վաթ­սուն տա­րի ա­ռաջ, Ե­րե­ւա­նի մէջ վախ­ճա­նե­ցաւ ար­դի հայ գրա­կա­նու­թեան ա­մէ­նէն սի­րո­ւած դէմ­քե­րէն Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան, որ քնա­րեր­գա­կան իր մեծ տա­ղան­դով դար­ձաւ ­Հա­յոց Սր­տի խռո­վա­յոյզ եր­գի­չը եւ ար­ժա­նա­ցաւ հայ բա­նաս­տեղծ­նե­րու ­Վար­պե­տի տիտ­ղո­սին։

Նաեւ իբ­րեւ ազ­գա­յին դէմք ու մտա­ծո­ղու­թիւն՝ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան իւ­րա­յա­տուկ հո­րի­զոն մը բա­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նոր ժա­մա­նակ­նե­րու փո­թոր­կա­յոյզ կեան­քին առ­ջեւ։

Ա. Ի­սա­հա­կեան յանձ­նա­ռու իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան շարժ­ման 19րդ ­դա­րա­վեր­ջի շղթա­յա­զեր­ծու­մին՝ նախ ­Հայ ­Գու­սան գրչա­նու­նով Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի է­ջե­րուն «­Հայ­դու­կի Եր­գեր» բա­նաս­տեղ­ծա­կան շար­քը ստեղ­ծե­լով եւ ո­գե­ւո­րե­լով պայ­քա­րի դաշտ նե­տո­ւած հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը, ա­պա եւ մա­նա­ւանդ՝ պա­տաս­խա­նա­տու դեր ստանձ­նե­լով, իբ­րեւ Հ.Յ.Դ. Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի Կո­մի­տէի ան­դամ, ­Դէ­պի Եր­կիր ֆե­տա­յի գոր­ծիչ­նե­րու անցքն ու զէնք եւ զի­նամ­թեր­քի տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ։

Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի ծնունդ է ­Սա­հակ Ի­սա­հա­կեա­նի որ­դի Ա­ւե­տի­քը, որ ու­սա­նե­ցաւ Ս. Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նին մէջ։

1893ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ ­Լայփ­ցի­կի հա­մալ­սա­րա­նը, ուր ու­սա­նած շրջա­նին աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ Եւ­րո­պա­յի հայ ու­սա­նո­ղա­կան շար­ժում­նե­րուն, մօ­տե­նա­լով յատ­կա­պէս «Դ­րօ­շակ»ին եւ ­Դաշ­նակ­ցու­թեան։
1895ին վե­րա­դար­ձաւ իր ծննդա­վայ­րը, ուր ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան եւ ընտ­րո­ւե­ցաւ Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի Հ.Յ.Դ. ­Կո­մի­տէի ան­դամ։ Ան­մի­ջա­պէս գրա­ւեց ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ 1896ին ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ իբ­րեւ դաշ­նակ­ցա­կան յե­ղա­փո­խա­կա­նի։ ­Մէկ տա­րի բան­տար­կո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի բեր­դին մէջ։

Հա­զիւ ա­զատ ար­ձա­կո­ւած բան­տէն՝ 1897ին Ի­սա­հա­կեան լոյս ըն­ծա­յեց իր բա­նաս­տե­ղու­թեանց ա­ռա­ջին հա­տո­րը՝ «Եր­գեր ու ­Վէր­քեր» ա­նու­նով։ ­Բայց ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը հան­գիստ չտո­ւաւ ե­րի­տա­սարդ ազ­գայ­նա­շունչ բա­նաս­տեղ­ծին ու թրքա­կան լու­ծին դէմ պայ­քա­րող յե­ղա­փո­խա­կան գոր­ծի­չին։ ­Դար­ձեալ ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ իբ­րեւ «ցա­րա­կան միա­պե­տու­թեան դէմ պայ­քա­րող «ընդ­յա­տա­կեայ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րի ան­դամ» եւ աք­սո­րո­ւե­ցաւ Օ­տե­սա։

Աք­սո­րա­վայ­րէն ան­ցաւ ար­տա­սահ­ման, հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Զո­ւի­ցե­րիա, ուր ­Ցիւ­րի­խի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ հե­տե­ւե­ցաւ գրա­կա­նու­թեան եւ փի­լի­սո­փա­յու­թեան պատ­մու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րու։

1902ին վե­րա­դար­ձաւ հայ­րե­նիք եւ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լիս, ուր մին­չեւ 1906 ծա­ւա­լեց գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եւ ազ­գա­յին-հա­սա­րա­կա­կան ե­ռուն գոր­ծու­նէու­թիւն։ ­Հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին նո­ւի­րուած իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեանց կող­քին, Ի­սա­հա­կեան կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի կազ­մած «­Վեր­նա­տուն» գրա­կան-մշա­կու­թա­յին շարժ­ման բեղմ­նա­ւոր­ման մէջ։
1908ին, եր­րորդ ան­գամ ըլ­լա­լով, ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցաւ ցա­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, ո­րոնք ­Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ ի­րենց ձեռ­նար­կած հա­լա­ծան­քի շրջա­գի­ծէն ներս, ա­տե­նի 158 հայ յա­ռա­ջա­դէմ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու շար­քին, ձեր­բա­կա­լե­ցին նաեւ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նը եւ զինք եւս դա­տե­ցին ու դա­տա­պար­տե­ցին «­Դաշ­նակ­ցու­թեան գոր­ծով»։ Ս­տա­ցաւ բան­տար­կու­թեան վճիռ եւ նե­տո­ւե­ցաւ ­Թիֆ­լի­սի ­Մե­տե­խի բան­տը, ուր բան­տա­կից ե­ղաւ ­Յով­հան­նէս ­Թու­մա­նեա­նի, Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի մտա­ւո­րա­կան-յե­ղա­փո­խա­կան ա­նո­ւա­նի դէմ­քե­րուն։ ­Կէս տա­րի մնաց բան­տի մէջ եւ շա­տե­րու նման ինք եւս փրկա­գի­նով ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ։ ­Կով­կա­սի մէջ մնա­լը անհ­նար էր եւ 1911ին Ի­սա­հա­կեան իր կար­գին ան­ցաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ ար­տա­սահ­ման։

Օս­մա­նեան ­Սահ­մա­նադ­րա­կան շարժ­ման տա­րի­ներն էին. ­Հա­մի­տեան բռնա­տի­րու­թեան տա­պալ­ման կա­պուած հայ­կա­կան յոյ­սե­րու յաղ­թա­կան պսակ­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջանն էր։ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն չհա­ւա­տաց Ե­րի­տա­սարդ ­Թուր­քե­րու շռայ­լած խոս­տում­նե­րուն՝ Ա­րեւմ­տեան Հա­յաս­տա­նի բա­րե­կար­գում­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Զ­գաց հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ ­Հա­յաս­տա­նին սպառ­նա­ցող հա­մաթր­քա­կան վտան­գը եւ լծո­ւե­ցաւ քա­ղա­քա­կան ե­ռուն աշ­խա­տան­քի՝ կան­խե­լու հա­մար ­Կայ­սե­րա­կան Գեր­մա­նիոյ եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ պա­տե­րազ­մա­կան դա­շին­քի կնքու­մը։

Ի­սա­հա­կեան ան­ցաւ ­Պեր­լին, ուր շարք մը գեր­մա­նա­ցի մտա­ւո­րա­կան­նե­րու հետ մաս­նակ­ցե­ցաւ ­Գեր­մա­նա­հայ­կա­կան Ըն­կե­րու­թեան ստեղ­ծու­մին՝ միա­ժա­մա­նակ խմբագ­րե­լով Ըն­կե­րու­թեան «­Մես­րոպ» հան­դէ­սը։
Շու­տով վրայ հա­սած Ա­ռա­ջին Աշ­խար­հա­մար­տը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին դէմ ­Թուր­քիոյ պե­տա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րած ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հաս­տա­տե­ցին Ի­սա­հա­կեա­նի ա­մե­նամ­ռայլ կան­խա­տե­սում­նե­րը Ե­րիտ­թուր­քե­րու հա­յա­ջինջ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ։

Հա­յոց Ար­հա­ւիր­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը իր ամ­բողջ ա­հա­ւո­րու­թեամբ ար­տա­ցո­լո­ւե­ցաւ Ի­սա­հա­կեա­նի այդ տա­րի­նե­րու գրա­կա­նու­թեան մէջ։ ­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տա­գիրն ու հե­րո­սա­կան ա­զա­տա­մար­տը ի­րենց խռո­վա­յոյզ ար­ձա­գան­գը գտան Ի­սա­հա­կեա­նի «­Ձիւնն է ե­կել ծած­կել հի­մա…», «­Հա­յաս­տա­նին», «Ա­հա նո­րէն գա­րուն ե­կաւ» եւ այլ բա­նաս­տեղ­ծու­թեանց մէջ։

Ի­սա­հա­կեան նաեւ հան­դէս ե­կաւ հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան յօ­դո­ւած­նե­րով, ո­րոնց ա­ռանց­քը ե­ղան ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը, ­Հա­յաս­տա­նի վե­րա­միա­ւոր­ման խնդի­րը եւ հայ­կա­կան պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը։ Այդ նիւ­թե­րով կազ­մո­ւե­ցաւ իր «­Յի­շա­տա­կա­րան»ը…

19րդ ­դա­րա­վեր­ջի եւ 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բի հայ քա­ղա­քա­կան կեան­քի եւ ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցի իւ­րա­յա­տուկ հա­մա­պատ­կե­րը ե­ղաւ «­Հայ­րե­նիք» ամ­սագ­րի է­ջե­րուն 1920ա­կան­նե­րուն լոյս տե­սած Ի­սա­հա­կեա­նի «Ուս­տա ­Կա­րոն» մե­ծա­ծա­ւալ վէ­պը, որ մնաց ա­նա­ւարտ։ «Ուս­տա ­Կա­րոն» կ­’ա­ւար­տո­ւի այն օ­րը, երբ կը լու­ծո­ւի ­Հայ­կա­կան ­Հար­ցը»,- հե­տա­գա­յին պի­տի ը­սէր Ի­սա­հա­կեան, որ բնաւ չհա­մա­կեր­պե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի բռնագ­րա­ւու­մին ու մաս­նա­տու­մին եւ շա­րու­նակ մաղ­թեց՝

— «… ­Մեռ­նէի՝ ­Սե­ւա­նը ցա­մա­քած չտես­նէի, ապ­րէի՝ Ա­րա­րա­տը մե­րը տես­նէի…»։

Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան իւ­րա­յա­տուկ մօ­տե­ցում ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի պար­տադ­րո­ւած խորհր­դա­յին լու­ծին։ Սկզբ­նա­պէս ուժգ­նօ­րէն դա­տա­պար­տեց ­Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան կոր­ծա­նու­մը, բայց հե­տա­գա­յին, 1926 թո­ւա­կա­նին, այ­ցե­լե­լով Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տան, վար­պե­տը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կեց իր դիր­քո­րո­շու­մը։ Ե­րե­ւան գտնո­ւած շրջա­նին հրա­տա­րա­կեց նոր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու եւ պատ­մո­ւածք­նե­րու շարք մը՝ «­Համ­բե­րու­թեան չի­բու­խը» (1928) ե­ւայլն։ 1930ին վե­րա­դար­ձաւ ար­տա­սահ­ման, ուր սկսաւ հրա­պա­րակ գալ ­Խորհր­դա­յին ­Հա­յաս­տա­նի ջա­տա­գո­վի դիր­քե­րէն եւ 1936ին վերջ­նա­կա­նա­պէս վե­րա­դար­ձաւ ու հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւան։

Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան զերծ մնաց Ս­տա­լի­նեան հա­լա­ծանք­նե­րէն, ստեղ­ծա­գոր­ծե­լու լայն հնա­րա­ւու­թիւն­ներ ու­նե­ցաւ, իսկ 1946ին ընտ­րո­ւե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի Գ­րող­նե­րու Միու­թեան նա­խա­գահ եւ այդ պաշ­տօ­նին վրայ մնաց մին­չեւ իր վախ­ճա­նը՝ 17 Հոկ­տեմ­բեր 1957ին:

Հա­յոց վշտի եւ ընդվ­զու­մի, այ­լեւ բա­րու­թեան ու սի­րոյ խռո­վա­յոյզ եր­գի­չին այն­քա՜ն սի­րո­ւած եւ յե­ղա­փո­խա­կան-ժո­ղովր­դա­կան եր­գի վե­րա­ծո­ւած բա­զում բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն ար­տատ­պո­ւած հաս­կա­քա­ղով՝ կ­’ար­ժէ շնչա­ւո­րել Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեան ­Վար­պե­տին նո­ւի­րո­ւած ո­գե­կո­չա­կան այս հա­կիրճ վկա­յու­թիւ­նը.

Ես ձեզ ա­սում եմ

Ես ձեզ ա­սում եմ` կը գայ Ո­գու սով,
Եւ դուք կը քաղ­ցէք ճոխ սե­ղա­նի մօտ,
Կ’ընկ­նէք մու­րա­լու յափ­րած որ­կո­րով`
Հը­րե­ղէն խօս­քի, վեհ խօս­քի կա­րօտ:
Լր­բե­նի ծաղ­րով ար­հա­մար­հե­ցիք
Ո­գու վառ զեղ­մունք — միտք ու ե­րա­զանք,
Նիւ­թի տա­ճա­րում ար­բած պա­րե­ցիք`
Մո­ռա­ցած Ան­մահ, ան­հու­նի տեն­չանք:
Դուք, որ հեգ­նե­ցիք ուժն ստեղ­ծա­գործ`
Ձեր նիւ­թի հան­դէպ կը գայ Ո­գու սով.
Եւ մու­րաց­կի պէս փշրան­քի հա­մար
Ծա­րաւ ու նօ­թի կ­’անց­նէք ծո­վէ ծով…
1903, ­Բա­քու

ԴՈՒ ՉԵՍ ՀԱՍԿԱՆԱՅ

Չեմ տես­նում շքեղ զար­դե­րը գար­նան,
Վշ­տից խա­ւա­րեց գո­հարն աչ­քե­րիս.
Ծան­րա­ցաւ աշ­խարհն ու­սե­րիս վրայ,
Զուր ես հար­ցը­նում պատ­ճա­ռը վշտիս:
Ես` զա­ւակ ճնշո­ւած ուդժ­բախտ ազ­գի,
Որ ա­րիւ­նով է իր ու­ղին թրջում.
Որ դա­րե˜ր, դա­րե˜ր ­թա­փը իր բազ­կի
Շղ­թան է կրծում ժան­գոտ, շա­ռա­չուն:
Շղ­թան շա­ռա­չուն, ծա­նըր ու ժան­գոտ,
Ինձ տա­պա­լել է, կաշ­կան­դել գետ­նին.
Ինձ տրո­րում են անց­նող ու դար­ձող,
Դո՛ւ մի կա­րեկ­ցիր իմ ան­հուն վշտին:
Իմ մօր սուրբ խօս­քը — ծաղ­րի նշա­ւակ,
Իմ հայ­րե­նի­քը — սիր­տըս ու հո­գիս –
Եւ յօ­շո­տում են, պղծում ոտ­նա­տակ,
Դու չես ըմբռ­նի ան­դուն­դը վշտիս…
Ես` զա­ւակ ճնշո­ւած ու փոք­րիկ ազ­գի,
Սր­տիս ա­րիւ­նով մեծ վիշտս եմ գրում.
Վէր­քը ան­դար­ման իմ հայ­րե­նի­քի
Իմ բիւր խո­ցո­տո­ւած սրտումս եմ կրում:
Սի­րե˜լ, ե­րա­զե˜լ, թռչել եմ ու­զում,
Բայց շղթան ինձ պինդ գա­մել է գետ­նին.
Կուռ լու­ծը ազ­գիս` ու­սերս է փշրում,
Չես կա­րող հաս­նել իմ ա­նափ վշտին:
Տիե­զե­րա­կան զայ­րոյ­թով, թոյ­նով
Արդ` ես ին­քըս ինձ խայ­թում եմ ա­հա՛,
Թո՛ղ մեռ­նիմ, կոր­չիմ ան­հետ, ա­նա­նուն,
Իմ ան­յոյս վիշ­տը դու չես հաս­կա­նայ…
1908, ­Թիֆ­լիս

ԳՈՒՐԳԷՆԻ ԱՆՄԱՀ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Գըլ­գը­լա­լով ջուր է իջ­նում
Մ­շու մշուշ սա­րե­րէն.
Ծի­ծեռ­նե­րը ծի՜ւ-ծի˜ւ­ ե­կան
Գար­նան գա­լը եր­գե­լէն:
Գա­րուն չկայ հա­յի հա­մար,
Ծա­ղիկ, ծի­ծեռ մեզ պէտք չեն.
Գե­րեզ­մանս հո­ղին հաւ­սար,
Թո՛ղ փուշ բուս­նի իմ վրէն…
Գ­նա՛, ծի­ծեռ… թո՛ղ ինձ մե­նակ`
Վէր­քը սրտիս` հո­ղի տակ…
Բայց երբ տես­նես թշնա­մու դէմ
Հայ ժո­ղո­վուրդ` սա­րի պէս
Զէն­քը ձե­ռին հպարտ կանգ­նած,
Հա­յե˜ր, լեռ­նե˜ր­ ի­րար պէս, —
Ա˜խ, այն օ­րը ա­րի՛, ծը­ւա՛,
Գար­նան գա­լը նո՛ր կան­չէ. –
Հա­յոց գար­նան, որ բի˜ւր-­բա­րեւ
Սր­տիս խո­րէն ղօ­ղան­ջէ…
1900

Ա­րա­րա­տի ծեր կա­տա­րին

Ա­րա­րա­տի ծեր կա­տա­րին
Դար է ե­կել, վայր­կեա­նի պէս,
Ու ան­ցել:

Ան­հուն թո­ւով կայ­ծակ­նե­րի
Սուրն է բե­կո­ւել ա­դա­ման­դին,
Ու ան­ցել:

Մա­հա­խու­ճապ սե­րունդ­նե­րի
Աչքն է դի­պել լոյս գա­գա­թին,
Ու ան­ցել:

Հեր­թը հի­մա քոնն է մի պահ.
Դու էլ նա­յիր սէգ ճա­կա­տին,
Ու ան­ցիր…

Ն.