Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայ անհատի եւ հայ ազգի հաւաքական ինքնագիտակցութեան եւ մշտանորոգ յիշողութեան հետ անջնջելիօրէն զօդուած են ազգային գաղափարախօսութեան ուղենիշներն ու հիմնադրոյթները։
Այդ հիմնադրոյթներու բաղադրիչներէն են նաեւ պետականութեան խորհրդանիշ հանդիսացող ազգային օրհներգը, դրօշը եւ զինանշանը։
Վերջին շրջանին շրջանառութեան մէջ դրուած պետական օրհներգը փոփոխութեան կամ վերատեսութեան ենթարկելու քայլը, իրողութեան մէջ կը միտի վարկազրկելով ցարդ գոյութիւն ունեցող եւ սահմանադրութեամբ օրինականացուած պետական մեր խորհրդանիշները՝ համարժէք տարողութեամբ կասկածներու տակ առնելով հարուած հասցնելու վերջին հարիւրամեակին մեր պետութեան պատմական հոլովոյթին հետ շաղկապուած խորհրդանիշ երրորդութեան։
Կասկածէ դուրս է, որ պետական օրհներգի շուրջ այս «բանավէճ – առաջարկ»ի ետին կը կանգնի հայութեան ազգային գիտակցութեան առկայ բազկերակի շօշափումն ու այդ առնչութեամբ հետագայ քայլերը նախաձեռնելու հիմնական նպատակը։
Յստակ եւ կանխամտածուած ապազգայնացման քաղաքականութիւն տարածելու գործընթացի մը նախասկիզբն է, որուն հետագայ արարին կեղծ եւ սնամէջ գաղափարներ պիտի յորջորջուին ազգային մշակոյթը, միացեալ հայրենիքը, հայ ազատագրական պայքարը, ազգային կրօնն ու եկեղեցին։ Արցախեան ազատամարտը նսեմացնելու փորձը կատարուեցաւ դեռ անցեալ Հոկտեմբերի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններու նախօրեակին։
Հակաճառութիւններ կան մեր օրհներգի բնագրին առնչութեամբ, թէ 21-րդ դարու քաղաքակիրթ միջազգային հասարակութեան մէջ օրհներգի կարգ մը եզրոյթներէն՝ «Թող փողփողի թշնամու դէմ», «Բայց երանի, որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի» անպատշաճ են… Սակայն նոյն այդ այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ, Ֆրանսացիք հպարտութեամբ կ՚երգեն իրենց պետական օրհներգը՝ «Մարսէյէզ»ը, որուն տողերուն մէջ կ՚արտացոլան արեան, կոկորդի թրատման եւ այլ բազմաբնոյթ վայրագ պատկերներ, Իտալիոյ օրհներգ «Իլ Գանթօ Տեկլի Իտալիանի»ի մէջ կը կարդանք «Պատրաստ ենք մեռնելու», իսկ Վիեթնամի պետական օրհներգին մէջ՝ «Մեր փառքի ճանապարհը կառուցապատուած է մեր թշնամիներու դիակով»… Նոյնատիպ բառամթերք կ՚օգտագործուի Ալճերիոյ, Հունգարիոյ, Միացեալ Նահանգներու օրհներգներուն մէջ։ Իսկ երաժշտութեան գծով՝ Բաղդատեցէ՛ք «Մեր Հայրենիք»ի կշռոյթը Մեծն Բրիտանիոյ, Աւստրալիոյ կամ Ճաբոնի ազգային օրհներգներուն հետ եւ մեծ տարբերութիւն պիտի չգտնէք։
Թերահասութեան համազօր է, պետական խորհրդանիշներ փոխելու կամ նախարարութիւններ լուծարելու այս գործընթացը։ Ազգային գաղափարախօսութեան հիմերու պահպանման գլխաւոր գործօնը կը հանդիսանայ ազգային մշակոյթը, առանց որուն ազգ գոյութիւն չունենար… իսկ մեր պարագային, լուծարուեցաւ մշակոյթի նախարարութիւնը որպէս առանձին կառոյց եւ լծորդուեցաւ կրթութեան նախարարութեան։ Տարասփիւռ հայութեան հետ կամրջումն ու շաղկապումը կատարող Սփիւռքի նախարարութիւնը իր հերթին լուծարուած է, իսկ աւելի քան 7 միլիոն գնահատուող հայկական սփիւռքի կարծիքին չի դիմուիր պետական խորհրդանիշներ վերատեսութեան ենթարկելու հտպիտութեան ծիրէն ներս։
Ժողովրդային «յեղափոխութենէն» ետք, անցնող օրերուն սկիզբ տրուեցաւ տնտեսական յեղափոխութեան… բոլոր նախանշանները ցոյց կու տան, որ կը սաղմնաւորուի նաեւ գաղափարախօսական «յեղափոխութիւն»ը, ուր վստահաբար պիտի մերժուին, արժեզրկուին, թերագնահատուին այն բոլոր չափանիշները, որոնք հայ ժողովուրդի եւ հայ անհատի էութեան մէջ կոփուած են իբրեւ ազգային կենարար արժէք, որոնց կարգին պատմական յիշողութիւնը։
Սփիւռքը ակնդէտ կը հետեւի այս հտպիտութեան եւ յոյսով է, որ իր աւարտին կը հասնի ազգայինը աղճատելու, աղարտելու եւ աղաւաղելու այս անհարկի հաւատաքննութիւնն ու խաչակրութիւնը։
«Հորիզոն»ի խմբագրական