կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-07 14:48
Առանց Կատեգորիա

Հայկական լրատվադաշտը կեղծ օրակարգով լցնելու հերթական փորձ

Հայկական լրատվադաշտը կեղծ օրակարգով լցնելու հերթական փորձ

Այս օրերին Հայաստանի Օրներգը փոխելու առաջարկի առիթով քննարկումներ են ծավալվում նաև սիրիահայ համայնքում: Yerkir.am-ին իր մտահոգություններն է ներկայացրել Հալեպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկյանը, ում կարծիքով` Օրհներգը, Զինանշանն ու Եռագույնը մեր ազգային միասնության առհավատչյան են:

Պետութեան մը խորհրդանիշները  մէկէ աւելի անգամներ քննարկումի առարկայ դարձնելը հաւանաբար մեր երկրի պետական կարգ մը այրերուն յատուկ գործելաոճն է: Գործելաոճ մը, որ իրականութեան մէջ պատմութիւնն ու պատմական անկիւնադարձային դէպքերը անկողմնակալօրէն արժեւորելու թերութեան մը կամ ընդհանրապէս պատմութեան մանրամասնութիւններուն անտեղեակ ըլլալու ափսոսալի իրականութեան մը մասին կը խօսի: Անցեալը ուրանալու եւ նորարարութեան պատրուակով ազգային եւ պետական մեր արժէքները նսեմացելու այս մոլուցքը այլապէս ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել:

Ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել 600 տարուան ստրկութենէն ետք կերտուած անկախ պետութեան մը օրհներգին մէջ գեղարուեստական թերիներու որոնումը ու նման պատրուակով մը զայն նսեմացնելու եւ մէկ այլ` Սովետական Հայաստանի բարեփոխուած օրհներգով փոխարինելու կարճատեսութիւնը: Օրհներգը երկրի մը արուեստի մակարդակի՞ն չափանիշն է, թէ՞ անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած ու պետութիւն կերտած հերոսներուն սխրանքին: Մի՞թէ սովետի ազդեցութենէն ու տրամաբանութենէն չենք ձերբազատուած տակաւին:

Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը անկախութեան պայքարին դրոշմը կրող ժառանգութիւն է, այդ պայքարը յաւերժացնող ոգի է ու խոստում։ Այդ ոգին է, որ կը միացնէ մեզ` աշխարհի որ անկիւնն ալ գտնուինք:  Ուստի անընդունելի են բոլոր այն ապարդիւն փորձերը, որոնք կը միտին պարպել օրհներգը իր էութենէն եւ ներկայացնել զայն որպէս սոսկ գեղարուեստական ստեղծագործութիւն:

Հայաստանի 1-ին հանրապետութեան կերտման տարիներուն ժողովուրդին ձգտումները արտայայտող «Մեր Հայրենիք»-ը ներշնչեց ազատագրական պայքարի ռահվիրաները Վանէն մինչեւ Սարդարապատ ու Երեւան, որուն իբրեւ արդիւնք` Հայաստանի 1-ին խորհրդարանին քաղաքական որոշումով ան երկրին օրհներգը դարձաւ: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, օրհներգը ներշնչման աղբիւրը հանդիսացաւ սփիւռքահայ սերունդներուն, որոնք 70 տարի պահեցին զայն մասունքի պէս, մինչեւ Հայաստանի վերանկախացումը: Այդ տարիներուն էր նաեւ, որ հարիւրաւոր ազատամարտիկներ Արցախը ազատագրելու փութացին` «Մեր Հայրենիք»-ը երգելով:

Պատմական այս զարգացումներուն կշռոյթով կը սահմանուի օրհներգին արժէքը:

Եռագոյն դրօշն ու Հայաստանի օրհներգը այն խորհրդանիշներն են, որոնք կը միացնեն հայութիւնն` իր գաղափարական, յարանուանական, ընկերային տարբերութիւններով հանդերձ:

Մի՞թէ միասնութեան խորհրդանիշ մըն ալ հարցականի տակ դնելու մտադրութիւն կայ ոմանց մօտ, թէ՞ պարզապէս հայկական լրատուադաշտը զբաղեցնելու համար շինծու օրակարգ ստեղծելու հերթական փորձ մըն է, որ միայն պառակտումի կրնայ առաջնորդել մեր ժողովուրդը` զինք Նոր Հայաստանի կերտումով դրական շրջադարձի մը առաջնորդելու փոխարէն:

Մ. Հ.