կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-07 11:42
Առանց Կատեգորիա

Արցախը Հայաստանի անվտանգության թիկունքն է

Արցախը Հայաստանի անվտանգության թիկունքն է

Ինչպէս Սօս Սարգսեան ըսած է, «Ձեզի համար Ղարաբաղը հողատարածք է, մեզի համար հայրենիք է»: Պատմական ճշմարտութիւն եւ քաղաքական տրամաբանութիւն կայ այս հաստատումին մէջ։

Եւ կայ աւելին։ Արցախի պահպանումը աշխարհաքաղաքական պարտադրանք է ու հայրենիքի անվտանգութեան ճիշդ ռազմավարութեան հրամայականն է։ Այս բովանդակութեան մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան քաղաքական յստակ արժեւորումը կը կատարէ հաստատելով, որ «Արցախը նաեւ Հայաստանի անվտանգութեան երաշխիքն է։» Ազատ ու հայկական Արցախը, իր բոլոր ազատագրուած տարածքներով, թիկունքն է Հայաստանին։ Առանց Արցախի խոցելի է Հայաստանը, ինչպէս առանց Սիւնիքի անպաշտպանելի է հայրենիքը։

Այսօր, բանակցային ու այլ միջոցներով ճնշումներ կը բանեցուին հայրենի իշխանութեան վրայ, որպէսզի Արցախեան հարցին «բարւոք լուծման» համար հայութիւնը զիջումներ կատարէ Արցախի հաշւոյն։

Ներկայ քաղաքական միջավայրը այն կացութիւնն է, որ ազգային առաջնորդը կը զանազանէ միամիտ ղեկավարէն, եւ յանդուգն ղեկավարը՝ կորաքամակ քաղաքական գործիչէն։

Քաղաքական, ապահովական եւ ռազմավարական մերկ ճշմարտութիւնը այն է, որ Արցախեան հարցի խաղաղ հանգուցալուծման կողմնակից ըլլալով հանդերձ, մեր նպատակը սոսկ խաղաղութիւնը չի կրնար ըլլալ։ Հայկական կողմին համար գերադասելին Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ պատմական արդարութիւնն է

Մեր պետական այրերը իրաւունք չունին խաղաղութեան սիրոյն վտանգել հայրենիքը եւ զիջումներ կատարել ի վնաս հայրենիքի անվտանգութեան ու պատմական արդարութեան։

Հակառակ մեր մշակութային հարուստ ժառանգութեան, մենք տակաւին քաղաքական ու զինուորական դասեր չենք քաղեր մեր պատմութենէն։ Կը կարդանք մեր պատմութիւնը, բայց չենք սորվիր անոր փոխանցած փորձառութենէն։ Նոյնը պէտք չէ պատահի անկախ Արցախի եւ ազատագրուած տարածքներուն նկատմամբ։

Յատկապէս Արցախի պարագային, ուսանելի դասեր կան մեր նորագոյն պատմութեան քաղաքական գրականութեան մէջ։ Բաւ է դիմել Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանի ցուցմունքներուն, որոնք սեւով ճերմակի վրայ ու յստակօրէն դրուած են իր «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԱԴՐԲԵՋԱՆ» ուսումնասիրութեան մէջ, որ լոյս տեսած էր «Հայրենիք» ամսագրի 1927ի 8րդ համարին մէջ։

Ռուբէնի աշխարհաքաղաքական վերլուծումը կը պահէ եւ պիտի շարունակէ պահել իր այժմէականութիւնը։ Կարդացէք զայն եւ պիտի գտնէք, թէ ինչո՞ւ Արցախեան տարածք կարելի չէ զիջիլ, եթէ նպատակ ունինք պահելու ներկայ Հայաստանը եւ ապահովելու անոր անվտանգութիւնը։

Ռուբէն մեկնակէտ ունի քաղաքական այն մերկ ճշմարտութիւնը, որ «մեր հիւսիսի հարեւան Ադրբեջանը, ըլլայ մուսավաթ, ըլլայ կոմունիստ, բնաւ միտք չունի իր շահերը հայոց շահերու համադրութեամբ ղեկավարելու»։

Հետեւաբար, «քանի որ հայ ժողովուրդը քաղաքական աննպաստ պայմաններու մէջ է դրուած, քանի Կուրի ձախ ափը գտնուող Ղազախի, Գանձակի, Ղարաբաղի եւ Ջիբրայէլի դաշտային մասերուն համար տնտեսական եւ ռազմական մեծ նշանակութիւն ունին լեռնային Գանձակ, Ղարաբաղ եւ Զանգեզուր, ուստի առնուազն այժմ պէտք է յիշեալ հայկական եւ հայաբնակ գաւառները միացնել Ադրբեջանին։ Եւ որովհետեւ Արաքսի ու Կուրի մէջ ինկած ամբողջ փոքր կովկասեան Հայաստանը կը ներկայացնէ տնտեսական մէկ միութիւն, եւ որովհետեւ նոյնիսկ ներկայ Հայաստանի հողերը պէտք են դաշտաբնակներու համար իբր արօտատեղի, ուստի պէտք է ամբողջ Հայաստանը վերացնել եւ զայն կցել Ադրբեջանին, ստեղծելու համար միապաղաղ երկիր մը Կասպից ծովէն մինչեւ Ղարս, ուր այժմ նստած են իրենց եղբայրակից համարուող թուրքերը»:

Մուսավաթ, կոմունիստ թէ Ալիյեւեան Ատրպէյճան, վարքագիծը կը մնայ ու պիտի մնայ նոյնը։ Այս վարքագիծը անցեալին պատճառ եղած է հայ-թաթարական ընդհարումներուն Գանձակի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի ապստամբութեանց, Հայաստանի ու Ադրբեջանի պատերազմներուն։ Նոյն վարքագիծը ներկայիս կը շարունակէ պատճառ ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ազերիական նախայարձակումներուն։

Ինչպէս Ռուբէն դիտել կու տայ, «այս ողորմելի իրողութիւնը նախատեսելով էր, որ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ զէնքի դիմելու եւ պատերազմելու։ Ան իր կռիւներով կրցաւ միայն շատէն քիչը փրկել՝ իր ձեռքին պահելով Դիլիջանն ու Զանգեզուրը»:

Այս վարքագծին վերջնական կասեցման համար է, որ Դաշնակցութիւնը չվարանեցաւ իր բոլոր ուժերով մասնակցելու Արցախեան ազատամարտին, որպէսզի Արցախը ազատագրուի եւ հայրենիքի անվտանգութիւնը ապահովուի։

Իրաւունք չունինք հայրենիքի անվտանգութիւնը սակարկութեան դնելու։ Արցախեան հարցի լուծման որեւէ տարազ պէտք է մեկնի հայրենիքի անվտանգութեան նպատակէն, ոչ թէ «խաղաղութեան» սկզբունքէն։

Սեդօ Պոյաճեան

Լոս Անճելըս, ԱՄՆ