կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-21 11:11
Հասարակություն

Վերջին հանդիպում ընկեր Հրայր Մարուխյանի հետ

Վերջին հանդիպում ընկեր Հրայր Մարուխյանի հետ

Քսանամեակն է ընկ. Հրայր Մարուխեանի մահուան։ Սակայն չենք սգար մահը, այլ կ՚ոգեկոչենք իր գործին վաստակը եւ կամքին յեղափոխականութիւնը։

Հաւաքական կեանքի մէջ կան ժամանակաշրջաններ որոնք մարդուն կը տաշեն, կը ձեւաւորեն ու համակերպիլ կը պարտադրեն։ Բայց կայ մարդ որ նոյնիսկ ամենէն դաժան ժամանակաշրջանը կը յղկէ, կը կոփէ ու կը սեփականացնէ, որպէսզի հաւաքականութիւնը տէրը ըլլայ իր ճակատագրին ու լիագործէ իր ազգային առաքելութիւնը։ Հրայր Մարուխեան ժամանակները հակակշռող, հաւաքական ճանապարհը լուսագծող եւ ազգային նաւը ալեկոծ ջուրերէն խաղաղ ափեր առաջնորդող մարդն էր։

Այս մտորումներով խօսեցայ իր հետ մեր վերջին հանդիպումին, որ ունեցայ իր մահուընէ երկու տարի առաջ, երբ մահաքունի մէջ էր։

Աթէնքի մէջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հետ Դաշնակցական մարմիններու խորհրդաժողովին էինք։ Ժամանակները վատ էին մեր կուսակցութեան համար՝ յատկապէս հայրենիքի մէջ, ուր Լեւոն Տէր Պետրոսեան անունով պոլշեւիկատիպ նախագահ մը լծուած էր կուրացած ու մոլեգին խաչակրութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դէմ։ Մենք նման հալածանք եւ ատելութիւն շատ ենք տեսած, ըլլա՛յ թուրքէն, ըլլա՛յ Սովետէն։ Գիտէինք ճիշդ ուղին գտնել, որպէսզի ազգն ու հայրենիքը մնան անվնաս։ Այդ ոգին տիրական էր խորհրդաժողովին։ Նաեւ տիրական էր ոգի՛ն ընկ. Հրայրի։ Ընկ. Հրայրի բացակայութեան ընկ. Հրաչ Տասնապետեան ճիշդ ուղղութիւնը կը ներշնչէր մեր բոլորին։

Խորհրդաժողովի երկրորդ օրը՝ դադարին, ընկ. Հրայրի անդրանիկ որդին՝ Դերենիկը մօտեցաւ ու ցած ձայնով յուշեց, «Մաման կ՚ուզէ քեզ տեսնել։» Ցնցիչ էր այս խնդրանքը, քանի որ գիտէի ինչ կը սպասէ ինծի։ Բան մը, որմէ կ՚ուզէի խուսափիլ։ Բայց ինչպէ՞ս կարելի էր մերժել տիկին Անահիտին։ Նոյն երեկոյեան Դերենիկը զիս տարաւ իրենց բնակարանը։

Զրուցեցինք տիկին Անահիտին հետ։ Դժուար էր զրոյցը։ Քիչ անդին ընկ. Հրայրը մահաքունի մէջ էր, եւ այդ մասին չէինք խօսեր։ Յանկարծ տիկին Անահիտ իր անուշ ձայնով ըսաւ, «ընկերդ քեզ սպասում է ներքեւ, գիտեմ որ, ինչպէս միշտ, զեկուցելիք եւ քննելիք հարցեր ունէք։» Զիս առաջնորդեց ընկ. Հրայրի սենեակը, ուր ան մահաքունի մէջ կը ննջէր։ «Դե՜հ, հիմա խօսացէք, ըսելիքներ ունէք,» ըսաւ տիկին Անահիտ եւ մեղմօրէն դուռը փակեց իր ետին։

Արցունքոտ աչքերով բարեւեցի, սկսայ խօսիլ։ Հոն էր ընկերը, գիտէի որ կը պահանջէր ըլլամ պինդ, ամուր։ Շուտով արցունքները անյայտացան Զեկուցեցի կատարուող աշխատանքներու մասին։ Ապագային ընելիքներու մասին։ Ինք մտիկ կ՚ընէր։ Եւ խօսեցայ իր մասին։ Որքա՜ն կարօտել ենք իր ներկայութեան, իր յորդորներուն, իր ցուցմունքներուն։ Լուռ էր ընկերը, բայց կը զգայի, թէ ինք ներկայ է, մեզ հետ է, մեր մէջքին է, եւ կը շարունակէ ըսել «պինդ կացէք, շարունակէք սուրբ գործը։»

Այսպէս էր ընկ. Հրայրը։ Չէր փոխուած։ Մահաքունի մէջ իսկ կը պահանջէր ծառայել Հայ Դատին, Հայաստանին, ժողովուրդին, մանաւա՚նդ Արցախին։

Կարելի չէր խուսափիլ ընկ. Հրայրի դիւթական հեղինակութենէն: Կարելի չէր դիմադրել աշխատանք վարակող իր օրինակին: Կարելի չէր շրջանցել իր իմացական կարողութիւնը։ Եւ տակաւին որքա՜ն ջերմ կը մնար ընկ. Հրայրի մտերմութիւնը, գօտեպնդող անհատականութիւնը, անզուգական գործը, խրախուսիչ խօսքը՝ նոյնիսկ մահաքունի մէջ։

Ես կը շարունակէի իմ մտորումներս մեծ ընկերոջս հետ։ Ազգային կացութիւնը այնպիսին է, ուր  մեր հայրենական կեանքի ալեկոծումները սկսած են ստանալ ճգնաժամային հանգամանք։ Սփիւռքի գաղութները այնպիսին են, ուր խարխափումները սկսած են արմատաւորուիլ ամենուրէք։ Եւ կը պնդէի, ազգը , հայրենիքը եւ գաղթօճախները կարիքը ունին իր արի առաջնորդութեան եւ յանդուգն ղեկավարութեան։

Դիւրին է զրուցել ընկ. Հրայրի հետ, բայց իսկապէս դժուար է խօսիլ իր մասին։ Քանի որ ան կը մարմնաւորէր սերնդափոխութեան այն նոր հանգրուանը, որուն կենսական կարիքը ունէր մեր ժողովուրդը, երբ հայ ազատագրական պայքարի սերունդի էջը փակուեցաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան նուաճումով ու ապա անոր կորուստով։

Հակառակ այս դժուարութեան, ես կը շարունակէի խօսիլ, որովհետեւ կարելի չէր խուսափիլ ազգային ճշմարտութենէն։ Քաղաքական անսահման հմտութեամբ, ղեկավարի անընկճելի կամքով, մտաւորականի բարձր յատկութեամբ եւ կազմակերպական անհատնում ընդունակութեամբ, ընկ. Հրայր Հ. Յ .Դաշնակցութեան յեղափոխական առաջնորդը եւ բոլորանուէր մարտիկն էր: Ան կը պատկանէր դաշնակցական այն բացառիկ սերունդին, որ 1963ի ՀՅԴ 18րդ Ընդհանուր Ժողովին ընդմէջէն նախաձեռնեց մեր կուսակցութեան կազմակերպական արդիականացման, շարքերու վերաթարմացման եւ հայութեան իրաւունքներու գործնական հետապնդման: Իր ներկայութեամբ,Դաշնակցութեան սփիւռքեան շրջանի աւագ սերունդէն ջահը փոխանցուած էր նոր սերունդին, որուն բարձրագոյն ջահակիրն էր ընկ. Հրայրը:

Ընկ. Հրայր լուսագծեց մեր արդի քաղաքական շրջանի պահանջատիրական պայքարի ճանապարհը: Մղում տուաւ Հայ Դատի ուժական հետապնդման գործին: Բիւրեղացուց մեր գաղափարական աշխարհահայեացքը եւ արդիականացուց կազմակերպական կառոյցն ու գործընթացը: Քաղաքականացուց ժողովրդային մտայնութիւնը եւ նախաձեռնեց մեր յեղափոխական աւանդներու վերազարթնումին: Շեշտադրեց Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը: Պարզ՝ մղում տուաւ Սփիւռքի քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման, որպէսզի Սփիւռքը վերադառնայ իր ազգային ճիշդ առաքելութեան։

Այդ բոլորի ամբողջական ամրագրումը կատարուեցաւ 1972ի ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր իր տիրական ներկայութեամբ ընկ. Հրայր իր հեղինակաւոր դրոշմը դրաւ մեր հետագայ կազմակերպական ու քաղաքական գործունէութեան ուղիներուն վրայ: Հոն էր որ բիւրեղացան կառուցային արդիականացման, ժողովուրդի քաղաքականացման ու գործելակերպի յեղափոխականացման մեր նորագոյն աւանդները, որոնք այսօր անքակտելի նախադրեալները կը կազմեն դաշնակցական գործին։

Երբ ծլարձակեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարը եւ քաղաքական նոր տեղաշարժեր յուսալի հորիզոններ պարզեցին հայութեան առջեւ, ընկ. Հրայր եղաւ հիմնական կերտիչը ՀՅԴ 24րդ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած «Դէպի Երկիր» վարքագծային սկզբունքին: Այնուհետեւ, ան համակ նուիրումով գործուղեց մեր բոլոր միջոցները, կարելիութիւնները եւ կարողութիւնները դէպի հայրենիք, դէպի Արցախեան ազատամարտ: Բոլորէն առաջ, կրկին իր անձին օրինակով, ընկ. Հրայր հաստատուեցաւ հայրենիք՝ հունաւորելու եւ ընդլայնելու համար մեր ազգային պայքարը։

Ան խոր զգացումներով եւ անխառն հպարտութեամբ դիմաւորեց Հայաստանի անկախութիւնը: Իր երազած անկախ հայրենիքը իրականացած էր: Իրեն համար ալ ժամանակը եկած էր վերադառնալու պապենական տուն՝ Երկիր, հոն շարունակելու սուրբ գործը՝ անկախութեան պահպանման, հայ պետութեան ամրապնդման, ժողովրդավար ու արդար կարգերու հաստատման, հայ կեանքի բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ հայրենական գրաւեալ հողերու ազատագրման։

Ընկ. Հրայրի հետ վերջին հանդիպումին այս բոլորի մասին խօսեցանք՝ մօտ երկու ժամ։ Ապա հրաժեշտի պահն էր։ Արցունքները չորցած էին։ Կամքերը պրկուած էին։ Իրականութեան պահն էր։ Գործի ժամն էր։ Ընկերոջ պատգամը պարզ էր, «շարունակէք մեր սուրբ գործը»։ Եւ հրաժեշտը կատարուեցաւ այդ խոստումով։

Այսօր երբ հայրենիքը իր ղեկավարութեամբ գաղափարական ուծացումի, արդարութեան անկումի եւ պահանջատիրական խորթացումի մէջ է, ընկ. Հրայրի Դաշնակցութիւնն է որ ժամանակները հակակշռող, հաւաքական ճանապարհը լուսագծող եւ ազգային նաւը ալեկոծ ջուրերէն խաղաղ ափեր առաջնորդող մարդը պիտի նուիրէ Հայաստանին, Արցախին եւ Սփիւռքին։

Այդ Դաշնակցական մարդը պիտի կրկնէ ընկ. Հրայրի կոչը «բոլորի՛ն, բոլորի՛ն, բոլորի՛ն, վերադառնալ հայրենիք, երթալ հայրենիք, մեռնիլ յանուն հայ ժողովուրդին՝ ապրեցնելու համար հայ ժողովուրդը»։

Սեդօ Պոյաճեան, դեկտեմբեր 20, 2018

Լոս Անճելըս