Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Չեմ յիշեր օրը, ամիսը կամ տարին, բայց շատ լաւ կը յիշեմ, որ նախկին ընկերվար-ժողովրդավարական վարչապետ Հիլլը Թոռնինկ Շմիթի կառավարման ժամանակաշրջանին (2011-2015) էր, երբ «Եուրոնիուզ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը վաւերագրական ժապաւէն մը ցուցադրեց Դանիոյ մասին:
Վաւերագրական ժապաւէնին նիւթը Դանիոյ հարկային համակարգին մասին էր: Անիկա ցոյց կու տար, թէ ինչպէ՛ս դանիացիները ուրախութեամբ իրենց հարկերը կը վճարեն պետութեան. հարկեր, որոնք հիմնուած են արդարութեան վրայ, որուն շնորհիւ` իւրաքանչիւր անձ որքան որ ստանայ, այդքան կը վճարէ: Հարկային համակարգ մը, որ կը նպատակադրէ հարստութեան արդար վերաբաշխումը:
Երբ «Եուրոնիուզ» կայանի լրագրողը կը զրուցէր բնակիչներուն հետ, բնակիչներուն մեծամասնութիւնը կը պատասխանէր. «Ճիշդ է, որ մենք շատ հարկ կը վճարենք, բայց անոնց փոխարէն կը ստանանք հանրային ծառայութիւններ, ինչպէս` կրթութիւն, առողջապահութիւն, նաեւ ժամանցի վայրեր, ինչպէս` ֆութպոլի դաշտեր»:
Դանիան ծանօթ է 1930-ականներէն ի վեր իր որդեգրած յառաջատուական հարկային համակարգով: Շնորհիւ ընկերվար-ժողովրդավարական իրերայաջորդ կառավարութիւններուն որդեգրած յառաջատուական հարկային համակարգին` Դանիան յաջողեցաւ դուրս գալ 1930-ականներու տնտեսական ճգնաժամէն, ընկերային անհաւասարութիւնն ու աղքատութիւնը նուազեցան, եւ Դանիան ունեցաւ այսօրուան ընկերային բարեկեցիկ համակարգը, որ նոյն յառաջատուական հարկային համակարգին շնորհիւ` կը շարունակէ զարգանալ:
Անշուշտ միայն Դանիան չէ որդեգրած յառաջատուական հարկային համակարգը, այլ նաեւ Շուէտի ու Նորվեկիոյ ընկերվար-ժողովրդավարական կառավարութիւններն ալ յաջողեցան իրենց երկիրները դուրս բերել 1930-ականներու տնտեսական ճգնաժամէն: Դանիան, Շուէտն ու Նորվեկիան այսօր ունին ընկերային բարեկեցութեան բարձր ցուցանիշներ:
Ներկայիս Սպանիոյ եւ Փորթուգալի ընկերվարական կառավարութիւնները կ՛որդեգրեն յառաջատուական հարկային համակարգը, որ, ըստ երեւոյթին, յաջողութիւններու հասած է դուրս բերելով յիշեալ երկու երկիրները խստամբերական դժոխքէն:
Ինչ կը վերաբերի հայաստանեան կացութեան, արդէն իսկ ակնյայտ է, որ Հայաստանը ծանօթ է ընկերային անհաւասարութեան լայն ճեղքուածութեամբ` հարուստներուն եւ աղքատներուն միջեւ: Տնտեսութեան մենաշնորհը կը գտնուի փոքրաթիւ սակաւապետներու ձեռքը, իսկ բնակչութեան միւս մասը (որ նաեւ կը կազմէ բնակչութեան ընկերային դասակարգի մեծամասնութիւնը) կը գտնուի կա՛մ աղքատութեան շեմէն ցած, կա՛մ ալ` աղքատութեան շեմէն ոչ շատ վեր դիրքի վրայ:
Ընկերային անհաւասարութեան լայն ճեղքուածութեան պատճառները յստակ են բոլորին: Անոնք սկսան ի յայտ գալ խորհրդային շրջանէն անմիջապէս ետք` իբրեւ հետեւանք Լեւոն Տէր Պետրոսեանի վարած նոր-ազատական լայնածաւալ սեփականաշնորհման ու պետական ծախսի նուազեցման քաղաքականութիւններուն եւ շարունակուեցան Հայաստանի իրերայաջորդ կառավարութիւններուն կողմէ:
Յիշեալ նոր-ազատական քաղաքականութիւնները պատճառ դարձան արտագաղթի աճին: Արտագաղթողները մեծամասնութեամբ գործազուրկներ էին, որոնք գաղթեցին այլ երկիրներ` գործ գտնելու նպատակով:
Մտքիս մէջ կը ծագի հետեւեալ հարցադրումը. եթէ Հայաստանէն կը գաղթեն դէպի այնպիսի պետութիւններ, ուր աշխատավարձերը բարձր են, եւ ուր ընկերային բարօրութիւն կայ (ապահովուած` պետութեան կողմէ եւ ոչ թէ աշխատաւորի գրպանէն կուտակուած) արժանապատիւ կեանք ապրելու նպատակով, ինչո՞ւ նման պայմաններ չեն ստեղծուիր Հայաստանի մէջ: Ինչո՞ւ սփիւռքահայը երբ պիտի գաղթէ իր ծննդավայրէն, իր մտքին մէջ առաջին վայրերը կ՛ըլլան Սկանտինաւեան երկիրները (Շուէտ, Նորվեկիա եւ Դանիա), Քանատա կամ Գերմանիա եւ ոչ թէ` Հայաստան: Զգացականութենէ հեռու մտածենք եւ վայրկեան մը դիմենք բանական մտածումին. արտագաղթողի երազած երկիրներուն մէջ ան իբրեւ հարկ կը վճարէ իր արդար բաժինը, հարուստն ու աղքատը կ՛ունենան յառաջդիմելու հաւասար կարելիութիւններ, իսկ աշխատողը իր աշխատավայրին մէջ արհեստակցական միութեան շնորհիւ` իրաւունք կ՛ունենայ իր աշխատանքային իրաւունքները պաշտպանելու:
Հայաստանի մէջ բազմաթիւ պաշտօնեաներ յայտնած են, որ մտադիր են զբաղիլ ներգաղթով: Բոլորն ալ կը սխալին, եթէ կը կարծեն, թէ իրենց վարած նոր-ազատական քաղաքականութիւնները լիարժէք ներգաղթ պիտի ապահովեն: Թերեւս ապահովեն որոշ խաւի մը ներգաղթը, բայց` ոչ բոլոր հայրենակիցներուն, այլ` միայն ընկերութիւններու սեփականատէրերուն, որոնք փոքրամասնութիւն են: Աւելի քան 27 տարի Հայաստանը դիմած է նոր-ազատականութեան, այլեւս կը բաւէ՛ հետեւիլ տնտեսական ձախող համակարգին, որ կ՛աշխատի միայն չնչին փոքրամասնութեան օգտին:
Հայաստանի մէջ որեւէ քաղաքական ուժ, որ լրջօրէն մտադիր է զբաղիլ հայրենադարձութեամբ կամ աղքատութեան դէմ պայքարով, պէտք է առաջնահերթ նկատէ ընկերային ու տնտեսական հարցերը եւ իր օրակարգին մէջ մեծ տեղ տայ յառաջատուական հարկային համակարգին` ոչ միայն թուղթի վրայ գրելով, այլեւ` դիմելով գործադրութեան: Ինչո՞ւ այսքան կը կեդրոնանանք յառաջատուական հարկերուն վրայ: Որպէսզի սակաւապետերը, հասարակ աշխատաւորներուն նման, վճարեն իրենց հարկերը, եւ պետութիւնն ալ իր կարգին ծախսէ ժողովուրդին բարօրութեան համար:
ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
«Ազդակ», Բեյրութ