կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-06-07 11:46
Աշխարհ

Մայիսյան փառատոն` Լոս Անջելեսի Հայ Քույրերի վարժարանում

Մայիսյան փառատոն` Լոս Անջելեսի Հայ Քույրերի վարժարանում

Աղբյուրը`asbarez

Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանը Մայիս ամիսը նուիրեց Մայիսեան փառապանծ յաղթանակներուն: Աշակետները արուեստի բոլոր միջոցներով արտայայտեցին իրենց հպարտութիւնը, երախտիքի, պատկանելիութեան, գիտակցութեան եւ արժանապատուութեան զգացումները. գծեցին ու ներկեցին, գրեցին ու խօսեցան, արտասանեցին ու երգեցին, նուագեցին ու պարեցին, զարդարեցին ամբողջ դպրոցը։ Մէկ խօսքով՝ ապրեցան յաղթանակի գինովցնող երջանկութիւնը, որուն գագաթնակէտը եղաւ Ուրբաթ, Մայիս 25ը:

Այդ օր, առաւօտ կանուխէն եռուզեռը սկսաւ վարժարանէն ներս։ Ծնողներ արդէն խուժած էին «Դանիէլեան» սրահ, ուր սովորական աղօթքի արարողութենէ ետք, եօթներորդ դասարանի աշակերտները «PowerPoint»ով երկլեզու ներկայացուցին Հայաստանի 1918ի անկախացումը, Մայիսեան յաղթանակը, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ձեւաւորումը, կառավարութեան կազմաւորումը եւ անոր յաջորդող գործընթացը, ապա դրօշակներով եւ «Սարդարապատ» երգի երաժշտութեան ներքեւ սրահ մուտք գործեցին ութերորդ դասարանի աշակերտները, իրենց տեղերը գրաւեցին բեմահարթակին վրայ, մինչ բոլոր աշակերտները յոտնկայս դիմաւորեցին զիրենք եւ երգեցին Հայաստանի օրհներգը։ Ապա, դարձեալ երաժշտութեամբ եւ առաջնորդութեամբ ութերորդ դասարանին՝ մանկապարտէզէն մինչեւ վերի կարգերու աշակերտները տողանցեցին դպրոցի շրջափակը, մինչ եռագոյն դրօշները անոնց փոքրիկ ձեռքերուն մէջ կը բարձրանային դէպի երկինք ու ծածանելով՝ բոլորին հոգիները կը լեցնէին հպարտութեամբ ու հրճուանքով: Տողանցքը աւարտեցաւ Սարդարապատի խմբերգումով եւ հարիւրամեակի կարկանդակին հատումով:

Կարճ դադարէ մը ետք, «Դանիէլեան» սրահէն ներս սկսաւ հանդիսութիւնը, որուն մասնակցեցան բոլոր աշակերտները։ Սրահը լեցուն էր ծնողներով, հիւրերով, առաքինազարդ քոյրերով, տնօրէնութեամբ, խնամակալ մարմինի անդամներով եւ ուսուցիչներով։ Օրուան հանդիսավարն էր ուսուցչուհի Լինտա Գանտիլեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ-Ապարանի մէջ զոհուած նահատակներուն, ապա հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներով։ Գանտիլեան բացատրեց աշակերտներուն Մայիս 28ի պատմական իմաստը եւ քաղաքական կարեւորութիւնը՝ դէպքը անուանելով «հրաշք», զոր հարիւր տարի առաջ հայ ժողովուրդը իրականացուց իր բոլոր խաւերով, իր արեան գնով վերադարձնելով հայ մարդուն արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը, «որուն նմանակը հարիւր տարի ետք դարձեալ ապրեցանք նոր Մայիսեան յաղթանակով մը, առաջնորդութեամբ ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, սակայն այս մէկը կարելի պիտի չըլլար՝ առանց Մայիս 28ին, առանց մեր հերոսներու մարտունակութեան եւ դիւցազուններու խոյանքին, եւ այդ օրինակով մենք պիտի շարունակենք հետապնդել մեր ամբողջական երազը, մինչեւ հասնինք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին», ըսաւ ան։ Գանտիլեան նաեւ վստահեցուց, որ անպայման պիտի տեսնենք այդ օրը, երբ մեր եռագոյնը պիտի ծածանի երբեմնի Հայաստանի երկնակամարին վրայ:

Խօսքին յաջորդեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների Պարը» արտասանութիւնը՝ միջնակարգի աշակերտներու յախուռն մեկնաբանութեամբ. անոնք կը հաստատէին, որ մեր պարը պիտի պարենք Մասիս լերան լանջին. պատկերը ամբողջացաւ Ալին Ճիվէլէկեանի նազելի պարով, որ ներկաները փոխադրեց հայրենիք:

Սրահին խանդավառութիւնը հետզհետէ կը բարձրանար։ Նախակրթարանի աշակերտները «Անուշ Հայրենիք» ոտանաւորով արտայայտեցին իրենց սէրն ու նախանձախնդրութիւնը՝ հանդէպ հայրենիքին, իսկ մանկապարտէզի աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ երգեցին «Քաջորդիք»ը, որուն յաջորդեց ութերորդ դասարանի թատրոնը. անոնք ներկայացուցին Մայիս 28ի օրերուն հայրենիքէն ներս տիրող մտայնութիւնը, երիտասարդական խոյանքը՝ դէպի ազատագրական ճակատամարտերը, եւ յաղթանակը, զոր աշակերտները արտայայտեցին՝ երգելով «Յառաջ Նահատակ»ը եւ եռագոյններով տողանցելով դէպի բեմահարթակ:

Մեծ անակնկալը պահուած էր վերջաւորութեան, երբ նախակրթարանի 4-5րդ դասարաններու աշակերտները, առաջնորդութեամբ երաժշտութեան ուսուցչուհի Վարդուհի Պաղտասարեանի, ընկերակցեցան հանրածանօթ երգիչներ Անթուան Պէզճեանին եւ Ճոզէֆ Գրիգորեանին՝ երգելով հայրենասիրական երգեր, որոնք սրահի խանդավառութիւնը հասցուցին բարձրագոյնին, եւ ծայր տուաւ հայկական շուրջպարը:

Աշակերտները այնքան ապրումով պարեցին, որ իրենց ձեռքերու նազելի ու ոտքերու ռիթմիկ շարժումները մեզ կը վստահեցնէին, թէ իսկապէ՛ս այս սերունդը, օր մը, այս պարը պիտի պարէ «Մասիս լերան լանջին»:

Խնադավառութիւնը շարունակուեցաւ նուիրատուութիւններով, պարերով, երգերով եւ կերուխումով. մեծ ուրախութիւն կը տիրէր վարժարանի շրջափակի մէջ. աշակերտները խրախուսուած էին հայրենաշունչ երգերով եւ լիցքաւորուած էին հայրենասիրութեամբ։ Շատերուն չտեսած բայց պաշտելի հայրենիք Հայաստանը, այդ օր Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ էր, մեր բոլորին հոգիներուն մէջ էր, եւ բոլորին միտքերուն մէջ կու գար գրաւելու իր պատուաւոր տեղը՝ ձեւաւորելով նկարագիրը հայ մանուկին ու պատանիին:

Հայ վարժարանի առաքելութիւնը յաջողա՛ծ էր:

Այս յաջող ձեռնարկին առիթով, յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր սիրելի երգիչներուն եւ բոլոր կամաւորներուն, նուիրատուներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ յատկապէս ծնողներուն: Բոլորին վարձքը կատար։

asbarez