կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2018-06-04 12:17
Աշխարհ

«Պատվաբեր անցյալից` հաղթական ապագա» նշանաբանով Մայիսյան փառատոն` Լիբանանում. ֆոտոշարք

«Պատվաբեր անցյալից` հաղթական ապագա» նշանաբանով Մայիսյան փառատոն` Լիբանանում. ֆոտոշարք

Աղբյուրը`Aztagdaily

Մէկ դար առաջ արեամբ եւ մարտնչումներով հիմը կը դրուէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան, որ հայութեան համար փառք ու պարծանք ըլլալու կողքին, հանդիսացաւ այն հիմնաքարը, որուն վրայ կերտուեցան նորանոր նուաճումներ, յաղթանակներ ու ձեռքբերումներ:

Մէկ դար առաջ նուիրումով եւ ազգին ու յատկապէս նոր սերունդներուն ծառայելու վճռակամութեամբ հիմը կը դրուէր  ՀՄԸՄ-ին, որ նուէրի մը համազօր էր անկախ Հայաստանի համար, եւ որուն դրօշին տակ պիտի բոլորուէր ամբողջ հայ պատանեկութիւնն ու երիտասարդութիւնը` դառնալու համար մարմնով առողջ եւ կորովի, մտքով` պայծառ եւ արթուն, հոգիով` մաքուր եւ ամուր, նկարագիրով` ուղիղ եւ գաղափարապաշտ:

Ո՜վ կրնայ հպարտութեամբ չլիանալ` այս երկու կարեւոր դէպքերուն 100-ամեակը նշելով, ո՜վ կրնայ անտարբեր դիտել ու չյուզուիլ, երբ նորափթիթ սերունդներուն աշխատանքով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ կը խոյանար Սարդարապատի յուշակոթողին մանրակերտը, երբ կը ծածանէր Եռագոյնը, կը տողանցէին իրենց տոտիկներով առնուած քայլերով գետինը ցնցել ուզող գայլիկներն ու արծուիկները, ո՜վ կրնայ իր կուրծքին տակ չզգալ բերկրանքը վերապրած ազգի մը արժանի զաւակը ըլլալու, երբ կը տողանցեն արիներն ու արենուշները, ո՞վ կրնայ իր գլուխը չբարձրացնել եւ դէպի ապագայ յոյսով չնայիլ, երբ «դէպի երկինք սլանալու» տպաւորութիւն ձգող բարձրաճակատ գլուխներով ժողովուրդը կ՛ողջունեն երէցներն ու պարմանուհիները, տակաւին որքա՜ն յուսադրիչ էին մարզական խումբերը, որքա՜ն ոգեշնչող է աշակերտներուն արշաւը, որքա՜ն տպաւորիչ է շեփորախումբին կշռոյթը:

Այս բոլորին ականատես եղաւ լիբանանահայութիւնը երէկ` 3 յունիս 2018-ի երեկոյեան: Արդարեւ, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հայորդիներու, «Պատուաբեր անցեալէն` յաղթական ապագայ» նշանաբանով մայիսեան փառատօնը ընթացք առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշակներուն ծածանումով` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին կողմէ հնչած Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած քայլերգներով:

Ապա տեղի ունեցաւ ջահավառութիւն. նախկին խմբապետներ Աբօ Մոսիկեան եւ Յասմիկ Մուրատեան Շրջանային խմբապետութեան հետ կատարեցին ջահավառութիւնը: Անկէ ետք խումբ մը սկաուտներ գործադրեցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին դաշտին մէջտեղ պատկերուած Արարատի ստորոտին անոնք կազմեցին Արեւմտահայաստանի քարտէսը, ապա գործադրեցին պարերու շարք մը եւ ֆլեշմոպ` Սարդարապատի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ կառուցուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100- ամեակի յուշակոթողներու մանրակերտերուն դիմաց:

Ֆլեշմոպի ընթացքին մէջբերուեցաւ նաեւ 100-ամեակի յուշակոթողին մասին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի արտասանած խօսքէն բաժին մը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Հայկ Թապագեան, որ դաշտը լեցուցած ժողովուրդն ու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչները ողջունելէ ետք դիտել տուաւ, որ իր հիմնադրութեան առաջին տարիներէն ՀՄԸՄ-ը հանդիսացաւ ոգեւորիչ ուժ, ծառայեց հայութեան` հայրենիքի մէջ թէ անկէ դուրս, եղաւ մարզական խաղերուն առաջնորդն ու դրօշակիրը, կերտեց յաղթանակներ` ժողովուրդին պարգեւելով փառքի ու պարծանքի օրեր: Ան ըսաւ, թէ իր գոյութեան 100 տարիներուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ը եղաւ ծննդավայրը սկաուտութեան եւ մարմնակրթութեան` սատարելով նաեւ ազգապահպանման, հայ անհատի դաստիարակութեան` ֆիզիքապէս եւ հոգեպէս:

Հ. Թապագեան անդրադարձաւ 100 տարի առաջ կերտուած Հայաստանի անկախութեան, որ հիմքը հանդիսացաւ այսօրուան անկախ Հայաստանին` աւելցնելով, որ 100 տարի առաջ եւս հիմնադրուած ՀՄԸՄ-ը իր շուրջ ունեցաւ սկաուտական թէ մարզական հզօր բանակ մը, որ նուիրաբերումով եւ զոհողութեամբ ծառայեց ազգին ու տէր կանգնեցաւ Եռագոյնին:

«Երկար ուղի կտրած է ՀՄԸՄ-ը` հասնելու իր գոյութեան այս պատուաբեր փուլին, որուն ընթացքին իրենց ներդրումը ունեցած են բազմաթիւ արժէքաւոր ՀՄԸՄ-ականներ: Անոնք գործեցին ու անցան` անոնց գործն ու արցախեան ազատագրական պայքարին համար նահատակուած Վարդան Բախշեաններն ու Վիգէն Զաքարեանները վկայ: Ազգային սկզբունքներու վրայ հիմնուած ոեւէ կազմակերպութիւն կամ միութիւն, որ կը գոյատեւէ եւ կ՛ունենայ իր հիմնադրութեան ամեակները, անպայման այս բոլորը կը պարտի իր անդամներու հաւաքական ճիգերուն, զոհաբերութեան եւ կամաւոր աշխատանքին: Պիտի տանք` ի շահ ազգին ու հայրենիքին, որպէսզի անաղարտ մնայ մեր ազգային դիմագիծը, միութենական ոգին եւ հաւաքական կամքը», շեշտեց ան:

Հայկ Թապագեան հաստատեց, որ իրենց նախորդներուն նման այսօրուան միութենականներն ալ յանձնառու են շարունակելու առաքելութիւնը` շնորհիւ հայու գիտակցութեան եւ ՀՄԸՄ-ականի հաստատակամութեան, 100-ամեակին առիթով ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը պատրաստ է քալելու հիմնադիրներուն ուղիէն` պատրաստելու առողջ, պարտականութեան գիտակից, արի ու վեհանձն սերունդներ:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Գառնիկ Մկրտիչեան, որ դիտել տուաւ, թէ արդար հպարտութեամբ այսօր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքը փառատօնով մը կը նշէ հայկական պետականութեան վերականգնման եւ իր սիրելի միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի զոյգ տարեդարձները:

Անդրադառնալով 28 մայիսի կարեւորութեան` Գ. Մկրտիչեան դիտել տուաւ, որ այդ օրը նոր էջ կը բացուէր հայոց պատմութեան մէջ, ազատ ու անկախ իր երկրին մէջ հայը կը դառնար լիիրաւ քաղաքացի, կ՛ունենար բանակ, խորհրդարան, կառավարութիւն, դատական եւ դիւանագիտական համակարգ, Հայաստան վերստին կը յայտնուէր աշխարհի քաղաքական քարտէսներուն վրայ, եւ հայ մարդը կը վերագտնէր ազգային իր արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը: Այդ վերազարթօնքին մէջ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան ակնարկելով` ան ըսաւ. «Նոր հայութեան ստեղծման ճիգին իր մասնակցութիւնը կը բերէր նոյեմբեր 1918-ին հիմնուած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը, որ հազիւ ստեղծուած, կը լծուէր որբերէն կամաւոր բանակ պատրաստելու նուիրական աշխատանքին, հայ նորահաս սերունդները կրթելու, դաստիարակելու եւ հայեցի առողջ մթնոլորտի մէջ մեծցնելու առաքելութեան: Հայութեան ծոցէն եւ հայութեան համար ծնած այս միութիւնը, այնուհետեւ, մայիս 28-ին հետ կը շարունակէր իր անբաժան երթը եւ իր անփոխարինելի տեղը կ՛ունենար մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: ՀՄԸՄ-ը կը դառնար մայիս 28-ի արժէքներուն դրօշակիրը եւ Եռագոյնին պաշտպանը»:

Մանրամասները` սկզբնաղբյուրում: