Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը` «Գանձասար»
Կիրակի, 27 Մայիսի 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտէն ներս տեղի ունեցաւ Մայիսեան Յաղթանակին նուիրուած տօնակատարութիւն, հովանաւորութեամբ ճեզիրէի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Գեր. Տէր Անդրանիկ Ծ.Վրդ. Այվազեանի եւ Ճեզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Ռուբէն Աբղ.Նալպանտեանի:
Հանդիսութեան ներկայ էին՝ սուրիանի եւ ասորի համայնքի հոգեւոր հայրերը, Պատկան Մարմինը, ազգային, միութենական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գամիշլիահայերու հոծ բազմութիւն մը:
Հանդիսավարներ բժշկ. Մարի Մելքոն-Պետրոսեան եւ Յակոբ Մանուկեան ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու անկախութ իւնը կերտող անմահ նահատակներուն յիշատակը, որմէ ետք ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները:
Փողերախումբը սկաուտներուն ընկերակցութեամբ տողանցեց շրջաբակին մէջ: Ներկայ փոքրիկները Սուրիոյ եւ Հայաստանի դրօշները բարձրացուցած մասնակցեցան տողանցքին:
Բացման հայերէն խօսքով հանդէս եկաւ Աբիկ Քեհեայեան, իսկ արաբերէն խօսք արտասանեց դոկտ. Յակոբ Տօնապետեան: Անոնք ներկայացուցին օրուան խորհուրդն ու պատմական ժամանակագրութեամբ անդրադարձան Մայիսեան գլխաւոր երեք հերոսամարտերուն՝ լուսարձակի տակ առնելով հայ ժողովուրդին կորովն ու մարտունակութիւնը:
«28 Մայիսի դիւցազնութիւնը անգամ մը եւս փաստեց, որ ազատ ու անկախ ապրելու ձգտումը կուգայ հայոց պատմութենէն՝ Հայկէն ու շղթայուած Արտաւազդէն, Աւարայրէն, Լիզպոնի մէջ ողջակիզուած հերոսներէն, Արցախէն: Եթէ չըլլար 28 Մայիսը, գոյութիւնը պիտի չունենար ներկայ Հայաստանը, մարտնչող հերոս Արցախը»:
Գեղարուեստական յայտագիրով Մեղրի Ասիլեան-Ղուկասեան իւրայատուկ առոգանութեամբ մատուցեց Գէորգ Էմինի «Մենք» քերթուածը: Ապա պատանիներու երգչախումբը հանդէս եկաւ փունջ մը ազգային-հայրենասիրական երգերով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Անահիտ Տէօքմէճեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի: Ապա ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի աստիճանաւորական կազմին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած հայկական պար մը, գեղ. ղեկավարութեամբ Նուշիկ Տիգրանեանի եւ Նանար Սարգիսեանի:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման ժամանակագրութիւնը, համադրումով.- Սարգիս Կարապետեանի, Սեւակ Տիգրանեանի, Քրիստափոր Միքայէլեանի, Մարալ Պետրոսեանի եւ բժշկհ.Մարի Մելքոն-Պետրոսեանի:
Ազգային Յեղափոխական երգերով հանդէս եկան.- Ատուր Ադամեան, Եւա Մանուկեան- Սելիմեան, Ռաֆֆի Օհանեան, Վազգէն Կիրակոսեան, Մեղրիկ Կենճոյեան եւ Սէրլի Սիմոնեան, նուագակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի, Յարութ Մատարճեանի, Յովսէփ Պըլպըլէի:
Հուսկ հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական պատգամով ողջունեց Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակը, ազատատենչ Արացախը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիական Հայրենիքի հերոս բանակները ու Սուրիոյ քաջարի նախագահ Պաշշար ալ Ասատը: Ապա ան «Պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը: