Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Յունահայութիւնը Սեպտեմբերի երրորդ շաբաթավերջը նուիրեց Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց 25ամեակի տօնակատարութեանց։
Շաբաթ՝ Սեպտեմբեր 17ի երեկոյեան Քոմոթինիի մէջ Հիւսիսային Յունաստանի հայութիւնը, իսկ Կիրակի՝ Սեպտեմբեր 18ի երեկոյեան Այոս Սոսթիի մէջ աթենահայութիւնը ընդառաջեցին Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կ. Կոմիտէի կազմակերպած եւ հայկական զոյգ հանրապետութեանց հիմնադրութեան 25ամեակին նուիրուած հանդիսութեանց։
Զոյգ հանդիսութեանց ընթացքին օրուան պատգամը փոխանցեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ ընկեր Կիրոյ Մանոյեան, որ իր խօսքը կեդրոնացուց հայրենի հողի վրայ ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքին եւ անխորտակելի կամքին վրայ, որոնց փառահեղ վկայութիւնը կը հանդիսանայ Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութեանց նուաճած անկախութեան 25ամեայ ուղին՝ իր յաղթահարած երէկի դժուարութիւններով եւ ներկայիս դիմագրաւած մարտահրաւէրներով։
Ուրբաթ՝ 16 Սեպտեմբեր 2016ի կէսօրին, նախօրօք դասաւորումով, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում Հ.Յ.Դաշնակցութեան եւ Սիրիզա իշխող կուսակցութեան միջեւ։ Հանդիպումին կը մասնակցէին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ քաղաքական Հարցերու պատասխանատու ընկ. Կիրոյ Մանոյեան եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. Կոմիտէի անդամներ՝ ընկերներ Սերգօ Գույումճեան եւ Զաւէն Գնունի։
Սիրիզայի կողմէ ներկայ եղան կուսակցութեան ընդհ. քարտուղար Բանայեոթիս Ռիղաս եւ արտաքին հարցերու խորհրդատու Նեքթարիոս Պուղտանիս։ Հանդիպումը կայացաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին Հ.Յ.Դ. պատուիրակութիւնը ներկայացուց Արցախի հիմնահարցը ու տարածաշրջանի զարգացումները, Հայ Դատի միջազգային հետապնդման աշխատանքները, ինչպէս նաեւ հայ եւ յոյն պետութեանց յարաբերութիւնները եւ գործակցութիւնը։
Նշուեցան երկու կուսակցութեանց միջեւ յարաբերութեանց զարգացման հնարաւորութիւնները։ Յունական կողմը եւս ներկայացուց երկիրն ու պետութիւնը յուզող հարցեր եւ յատուկ անդրադարձ եղաւ յունահայ համայնքին համար։ Հանդիպման աւարտին, երկու պատուիրակութիւնները համաձայնեցան շարունակել երկողմ յարաբերութիւնները՝ գործակցութեան դաշտը ընդլայնելու հեռանկարով։
azator.gr