|
Փոխարժեքներ
05 11 2025
|
||
|---|---|---|
| USD | ⚊ | $ 382.55 |
| EUR | ⚊ | € 440.12 |
| RUB | ⚊ | ₽ 4.738 |
| GBP | ⚊ | £ 500.15 |
| GEL | ⚊ | ₾ 141.19 |
Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115 ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ, վերահաստատեց մեր կազմակերպութեան մարդասիրական եւ ազգային առաքելութեան շարունակութեան հրամայականը։
Ոգեկոչման ձեռնարկներու եւ հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Կեդրոնական վարչութիւնը, Կեդրոնական գրասենեակը, տարբեր երկիրներէ Երեւան ժամանած մեծ թիւով ՀՕՄականներ, հիւրեր եւ բարեկամներ։
Առաջին հերթին, Երեքշաբթի, 14 Հոկտեմբերին Կեդրոնական վարչութիւնը գումարեց իր լիագումարը։
Յաջորդ օրը՝ Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբերին ՀՕՄի կեդրոնին Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ կազմակերպութեան հիմնադիր Էդուարդ Ակնունիի կիսանդրիին, որ եղաւ լաւ առիթ մը, որպէսզի լուսարձակի տակ բերուի Ակնունիի կատարած մեծ իրագործման մարդկային եւ ազգային տարողութիւնը։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը նաեւ այցելութիւն մը տուաւ ՀՅԴ Բիւրոյին։
Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբերին տրուեցաւ այցելութիւն ՀՕՄ-ի Մօր ու Մանկան ծննդատուն, ուր ՀՕՄականները ականատես եղան կեդրոնին գործունէութեան եւ մամոկրաֆիայի նոր սարքին։ Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Շիրակի մարզի Ախուրեան համայնքի ՀՕՄ-ի Հեքիաթ մանկապարտէզը, ուր շուրջ 250 ՀՕՄականներ ողջունեցին մանկապարտէզին սաները՝ իրենց ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնելով։
Նոյն օրը Ախուրեան համայնքի Բենիամին բնակավայրին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի «Յոյսի Օճախներ» ծրագրին բնակարանամուտին հանդիսաւոր արարողութիւնը։ «Յոյսի Օճախներ»ը մեր կազմակերպութեան կարեւոր ծրագիրներէն մին է, որուն նպատակն է հայրենազուրկ արցախահայ ընտանիքները երդիքով մը ապահովել։ Այս առիթով՝ Կեդրոնական վարչութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւորներուն, առանց որոնց զօրակցութեան եւաշխատանքին, անկարելի պիտի ըլլար այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։
Ուրբաթ, 17 Հոկտեմբերին Կոմիտաս Թանգարանի մէջ կայացաւ ՀՕՄ-ի խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին հինգ զեկուցաբերներ հանգամանօրէն լուսարձակի տակ առին ՀՕՄ-ի ընդհանուր գործունէութեան ծիրին մէջ ինկող թեմաներ, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ եւ Արցախահայութեան իրավիճակին կապուած հարցեր, խնդիրներ եւ մարտահրաւէրներ։
Շաբաթ, 18 Հոկտեմբերին կայացաւ 115 ամեակի կալա ընթրիքը՝ աւելի քան 400 ներկաներով։
Կիրակի, 19 Հոկտեմբերին Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական գոմետիայի թատրոնին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՀՕՄ-ի 115 ամեակը՝ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ մեր կազմակերպութեան համահայկական առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան ընկերուհիներ՝ Յասմիկ Տէրտէրեան, Անժել Մանուկեան եւ Շաքէ Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի «Արարատ» մրցանակը յանձնուեցաւ «Ազնաւուր» հիմնարկին։
Երկուշաբթի, 20 Հոկտեմբերը յատկանշուեցաւ Լոռիի մարզ այցելութեամբ, որուն ընթացքին ՀՕՄականները անմոռանալի պահեր ապրեցան Հաղբատ եւ Սանահին վանքերուն մէջ։ Նոյն օրը Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Վանաձորի, Սպիտակի եւ Ստեփանաւանի մասնաճիւղերուն հետ։
Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերը յատուկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ Եռաբլուր այցելութեամբ։ Առաջին հերթին մատուռին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ ննջեցեալ ՀՕՄ-ականներուն հոգիին համար։ Ապա մասնակիցները այցելեցին Անյայտ Հերոսներու Յուշարձան, Արցախի Կանչը յուշահամալիր եւ Սօսէ Մայրիկի շիրիմը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան։ Այնուհետեւ ՀՕՄականներ այցելեցին յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներուն շիրիմները՝ յարգանքի տուրք մատուցելով մեր նահատակներուն յիշատակին։
Նոյն օրը Կեդրոնական վարչութիւնը այցելութիւն մը տուաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանին, որ իր գնահատանքը արձանագրեց ՀՕՄ-ի ծաւալած ազգանուէր գործունէութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախին եւ արցախահայութեան ցուցաբերուած յատուկ հոգածութեան համար։
Չորեքշաբթի, 22 Հոկտեմբերին այցելութիւն տրուեցաւ Սեւանայ լիճին եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ հանդիպում կայացաւ ՀՕՄ-ի Գաւառի, Սեւանի, Ճամբարակի եւ Վարդենիսի մասնաճիւղերուն հետ։
Հինգշաբթի 23 Հոկտեմբերին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը եւ գրասենեակի անձնակազմը այցելութիւն մը տուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցան Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի կողմէ։ Սրբազան հայրը ՀՕՄականներուն փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ գնահատանքը։ Սրբազան հայրը ընդգծեց ՀՕՄ-ի մարդասիրական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ կազմակերպութիւնը նոյն թափով եւ ոգիով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։
Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբերին կայացաւ Լաւագոյն Ուսանող ծրագրի հարիւր ուսանողներու՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն, դրամական պարգեւներու բաշխման ձեռնարկը, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ հայ ուսանողին նեցուկ կանգնելու Հայ Օգնութեան Միութեան յանձնառութիւնը։
Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115 ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ, եղաւ պատեհ առիթ մը, վերանորոգելու մեր ուխտը, վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը, թէ Հայ Օգնութեան Միութիւնը անխափան պիտի շարունակէ իր երթը՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան եւ ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս Համար նշանաբանին։
ՀՕՄԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ