Աղբյուրը՝ Asbarez
Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակը Կիրակի, 27 Մայիսին յատուկ արարողութիւններով յիշատակուեցաւ Արեւմտեան թեմի եկեղեցիներուն մէջ։ Տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, վեր առնուեցաւ Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերէն ծնած Հանրապետութեան կերտիչներու պատմակերտ դերակատարութիւնը, եւ մեր ժողովուրդը վերանորոգեց հիմնադիրներու կտակին հաւատարմութեան ուխտը։
Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնը կը զուգադիպէր Միացեալ Նահանգներու Յիշատակի օրուան ¤Memorial Day) շաբաթավերջին, աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ այս հայրենիքին համար ինկած զոհերու յիշատակին։ Առաւել, ընդառաջելով Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի խնդրանքին՝ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ հիմնարկին խնամքը վայելողներուն ու ծառայողներուն համար։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցանեց եւ Եռագոյնի օրհնութեան հոգեպարար արարողութիւնը կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանը եւ սարկաւագները։ Ներկայ էին Քոնկրեսի անդամ Պրետ Շըրմըն, նահանգային խորհրդարանի 45րդ ընտրաշրջանի թեկնածու Ճեսի Կապրիէլ, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեան, Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի նախագահ դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն եւ անդամներ, ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէներու, Հայ Դատի Սան Ֆերնանտօ հովիտի մասնաճիւղի եւ ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչները, Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի 9րդ դասարանի աշակերտներ, եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Գոհաբանութեան մաղթանքի արարողութեան սկզբնաւորութեան, դպրաց դասուն «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտները Ամերիկեան դրօշն ու հայկական Եռագոյնը բերին եկեղեցւոյ խորանին առջեւ։ Արարողութեան պահուն, յատուկ աղօթքներ մատուցուեցան՝ փառք տալով Աստուծոյ, որ Ցեղասպանութենէն ետք առիթը շնորհած է հայ ժողովուրդին վերականգնումին ու հայկական անկախ հանրապետութեան կերտումին, նաեւ խնդրելու, որ օրհնէ եւ պահպանէ Հայաստանի ու Արցախի պաշտպան քաջարի զինուորները, պետական վարիչներն ու ժողովուրդը՝ յիշելով բոլոր նահատակները, որոնք գերագոյն զոհաբերութիւն մատուցեցին ազգի ու հայրենիքի զոհասեղանին։
Աւարտին, առաջնորդ սրբազանը օրհնեց Եռագոյն դրօշը։
Իր պատգամին սկզբնաւորութեան, սրբազանը ողջունեց պաշտօնական ներկայացուցիչները եւ ներկայ հաւատացեալները՝ փառք տալով Աստուծոյ, որ բոլորիս առիթը ընծայած է նշելու Հանրապետութեան 100ամեակը։ Ան անգլերէնով հակիրճ բացատրութիւն մը տուաւ Հանրապետական մաղթանքի արարողութեան մասին, անդրադարձաւ այն վճռորոշ իրադարձութեանց, որոնց մէջ ծնունդ առաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ շեշտեց, որ այս տօնը առիթ է վերանորոգելու Սարդարապատի հերոսներուն ու Հանրապետութեան հիմնադիրներուն կտակին հաւատարմութեան ուխտը։
Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութիւնը 100 տարի առաջ իրականացաւ ի գին անհուն զոհողութիւններու. անիկա արդիւնք էր անհաւասար ճակատումներու, որոնք ներշնչուած էին Աւարայրէն ու մեր հաւատքին ու ազգային ինքնութեան պահպանման ի խնդիր մղուած անհամար ճակատումներէն, որոնք տասնամեակներ շարունակ մղուած էին հայրենիքի ու ինքնութեան պահպանումին համար, եւ մեր ամբողջ ժողովուրդը յաղթանակի առաջնորդեցին Սարդարապատի մէջ։ Սարդարապատը ներշնչում առած էր Աւարայրէն. Գարեգին եպս. Յովսէփեանց ¤ապա Գարեգին Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ¥ արդարօրէն նկատուած է Սարդարապատի օրերու Ղեւոնդ Երէցը, իսկ Մայիսեան յաղթանակը անջնջելի դրոշմ մը ձգած է մեր պատմութեան մէջ՝ մնայուն փարոս դառնալով իրերայաջորդ սերունդներու։
Յիշեցնելով, որ Հանրապետութեան հանգրուանին բիւրեղացած ազգային ու հայրենապաշտպանութեան ապրումները մեր ժողովուրդի հոգիին ու կամքին մէջ հաստատ մնացին նաեւ խորհրդային բռնատիրութեան շրջանին, առաջնորդը շեշտեց, որ 28 Մայիս 1918ին ծնունդ առած Հանրապետութեան ստեղծած արժէքներն ու պատգամները այժմէական հրամայական են նաեւ մեր այսօրուան կեանքին համար։ Այդ պատգամներէն էր, որ ներշնչում առաւ Արցախեան պայքարը, նախաքայլը հանդիսացաւ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան վերականգնումին ու Արցախի վերամիացման։ Վստահաբար այդ ներշնչումը իր ազդեցութիւնը ունի Հայաստանի մէջ, անկախ Հանրապետութեան վերահաստատումէն աւելի քան 25 տարի ետք՝ վերջին շաբաթներուն նոր հորիզոններ բացող շարժումին վրայ։ «Մեր մաղթանքն է, որ 1918ին ծնունդ առած հանրապետութեան ոգին մնայ առաջնորդը մեր երթին», շեշտեց ան։
Սրբազանը նաեւ դրուատիքով խօսեցաւ ամերիկեան հայրենիքին համար ինկած նահատակներուն մասին, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերած են ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար՝ աղօթելով անոնց հոգիներու փրկութեան։
«Տէր Ողորմեա»ի պահուն, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ նաեւ Հայկական ոսկրածուծի հիմնարկի խնամքը վայելող հիւանդներուն ու ծառայողներուն համար։
Արարողութեանց աւարտին, քոնկրեսական Շըրմըն եւ դոկտ. Ճորտըն արտասանեցին սրտի խօսքեր։ Շըրմըն շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին այս բացառիկ օրուան հանդիսութեան իր մասնակցութեան համար եւ յայտարարեց, թէ պատիւ կը նկատէ այս տօնին ըլլալ հայութեան կողքին. ան յիշեցուց, որ իբրեւ Քոնկրեսի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ, անցեալ 22 տարիներուն պայքարած է ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայաստանի տրամադրուող ամերիկեան օժանդակութեանց յաւելման, եւ վերջապէս, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ժողովրդանուէր ծառայութեանց մասին։
Դոկտ. Ճորտըն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց սրբազանին, որ ամէն տարի կ՛ընդառաջէ հիմնարկի խնդրանքին ու յատուկ աղօթ կը բարձրացնէ անոր խնամքը վայելողներուն համար, նշելով, որ այս հիմնարկը մարդասիրական գործունէութիւն կը կատարէ 28 երկիրներու մէջ՝ մասնագիտական խնամք տրամադրելով հայերու եւ ոչ հայերու։
Արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։
Պատարգէն ետք, քոնկրեսական Շըրմընի այցելութան առիթով, եկեղեցւոյ «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճին մէջ կազմակերպուած էր ընդունելութիւն մը։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց Հայ Դատի Սան Ֆերնանտօ հովիտի շրջանի յանձնախումբի ատենապետ Կարօ Գամարեան։ Առաջնորդը անգամ մը եւս ողջունեց քոնկրեսական Շըրմընը եւ թեկնածու Կապրիէլը՝ յաջողութիւն մաղթելով անոնց առաքելութեանց։
Ապա, Գամարեան ներկայացուց հիւրերը։ Քոնկրեսական Շըրմըն լուսաբանութիւններ տուաւ Հայաստանի ի նպաստ իր աշխատանքներուն մասին եւ եկեղեցւոյ նուիրեց ամերիկեան յատուկ վկայագիրով դրօշակ մը։
Յանուն Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան, 5րդ շրջանի հանրային ապահովութեան սպասարկութեան ներկայացուցիչ Կրեկ Մարթայեան գնահատագիրներ յանձնեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան։
Նշենք, որ նոյն օրը, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան իր եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագը մատուցանեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, կատարեց Հանրապետական մաղթանքի արարողութիւն ու Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, ապա ուղղեց օրուան խորհուրդէն ներշնչուած պատգամ մը։
ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Յետմիջօրէին, «Տիգրանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազանին։
Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի եւ կիրակնօրեայի քայլերգներու երգեցողութեամբ, կատարողութեամբ դպրոցի աշակերտներուն։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց հանդիսավար Կասիկ Քէչէճեան։ Ան անդրադարձաւ 1918ի հերոսամարտերուն ու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան, ապա յայտարարեց, որ այսօրուան հանդէսը նուիրուած է Հանրապետութեան 100ամեակին, յիշատակելու եւ պատուելու համար զայն կերտող մեր նախնիները, բաժնեկցելու մեր հաւատքին, ազգին ու հայրենիքին ընծայած ուրախութիւնը։
Կիրակնօրեայ դպրոցի անձնակազմին անունով, տնօրէնուհի Սեդա Քէչէճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց առաջնորդին՝ ներկայութեան ու մնայուն քաջալերանքին համար, եւ մաղթեց յաջողութիւն անոր եկեղեցանուէր ու ժողովրդանուէր առաքելութեան։ Ան նշեց, որ մեր մանուկներն ու պատանիները մեր ապագան են, գնահատանք արձանագրեց ուսուցիչներուն՝ անոնց նուիրեալ ծառայութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ հովիւին ու հոգաբարձութեան՝ անոնց զօրակցութեան եւ աջակցութեան համար, ինչպէս նաեւ ծնողներուն՝ անոնց ցուցաբերած հոգածութեան համար։ Վերջապէս, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն մասին ու շնորհաւորեց շրջանաւարտները։
Սրբազանը, իր կողքին ունենալով եկեղեցւոյ հովիւը, կիրակնօրեայի տնօրէնուհին եւ հոգաբարձութեան անդամներէն Խաչիկ Հայրապետեանը, շրջանաւարտներուն յանձնեց իրենց վկայականները։
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը յիշեց այն օրերը, երբ 4 տարեկանէն սկսեալ կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտ էր՝ վեր առնելով կիրակնօրեայ դպրոցին հոգեւոր բարիքները իր կեանքին մէջ։ Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ ծառայողներուն, կիրակնօրեայի դաստիարակներուն եւ աշակերտներու ծնողներուն մասին, որոնք իրենց ձեռքերը հաւատքով, սիրով եւ զոհաբերութեամբ միացուցած են աշակերտներու դաստիարակութեան համար, ապա խօսքը աշակերտներուն ուղղելով՝ յորդորեց ըսելով. «Գիտցէ՛ք ձեր ուսուցիչներուն ու ծնողներուն կողմէ ձեզի տրամադրուած դաստիարակութեան արժէքը, ներշնչուեցէ՛ք մեր նախնիներու հաւատքէն, քաջասրտութենէն, կորովէն ու վճռակամութենէն, որպէսզի վաղը դառնաք կարող առաջնորդող դէմքեր», շեշտեց սրբազանը, ապա շնորհաւորեց շրջանաւարտները ու հպարտութիւն արտայայտեց բոլորին իրագործումներուն համար։
Հանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ ճաշի ընդունելութիւն, որ անցաւ ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ։