կարևոր
0 դիտում, 6 տարի առաջ - 2017-11-25 11:16
Հասարակություն

Կամրջային կողմնորոշում․ «Հայրենիք»

Կամրջային կողմնորոշում․ «Հայրենիք»

Աղբյուրը՝ arfd.am

Ի վերջոյ տարիներ շարունակ սպասելէ, եւ շարունակ յետաձգուելէ ետք, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 24-ին, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին, ստորագրուեցաւ Հայաստանի հետ համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագիրը:

2013-էն ի վեր, այս համաձայնագրին գծով աշխատանք կը տարուէր եւ երբ կը կարծուէր, թէ համապարփակ ազատ առեւտուրի համաձայնագիր մը պիտի արձանագրուէր, յանկարծ՝ Սեպտեմբեր 2013-ին, Մոսկուա ժամանած Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան անակնկալ ու շտապ յայտարարութեամբ մը կը բացայայտէր, թէ Հայաստան պիտի անդամակցէր նոր ստեղծուելիք Եւրասիական Տնտեսական Միութեան:

Վստահաբար, վերջին քանի մը օրերուն ալ, այս նիւթին մասին ռուս-հայկական խօսակցութիւններ եղան՝ երկու հանգրուանով: Առաջին հերթին, Նոյեմբեր 15-ին, երբ Հ.Հ. նախագահը կը ժամանէր Մոսկուա՝ տեղւոյն հայկական մշակութային շաբթուան ազդանշանը տալու: Ապա, Նոյեմբեր 20-ին, Երեւանի մէջ, Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այցելութեան առթիւ:

Գրեթէ չորս տարիէ ի վեր, Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամակցելով, Հայաստան ո՛չ մէկ շօշափելի յառաջխաղացք արձանագրեց, թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ ապահովական բնագաւառներուն մէջ: Թուական պատկերներն ու Արցախի մէջ զինադադարի հետեւողական խախտումները կը փաստեն թէ իսկական պատկերը ի՞նչ կը ներկայացնէ:

Օրին յստակ էր, թէ Հայաստանի քաղաքական ուղեգիծի ընտրութիւնը յաջող չէր, երբ անվերապահօրէն կատարուեցաւ Մաքսային Միութեան միանալու անվերապահ յայտարարութիւնը:

Այսուհանդերձ, ժամանակն ու իրադարձութիւնները փաստեցին, թէ կարելի էր այնպիսի քաղաքական ուղեգիծ կառուցել, որ երկիրը դէմ յանդիման չգար դժուարութիւններու առջեւ:

Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովին, Հայաստանի հետ համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագրի ստորագրութեան աւելի քան երեք տարիով յապաղումը արդէն իսկ ստեղծած է բաց մը, որուն համար յաւելեալ շտապ աշխատանքի կարիքը կայ:

Բնականաբար, այս համաձայնագրէն երբեք խանդավառ չէ Պաքուն, որ յամառօրէն կը պնդէ, թէ Արցախը վիճելի կամ կարգավիճակ չունեցող տարածք չէ, այլ, պարզ ու մեկին, մաս կը կազմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։ Դեռ աւելին՝ Ալիեւի աւատապետական վարչակարգը բոլոր իրաւունքները ունի վերահսկողութիւն հաստատելու իր տարածքի բոլոր հատուածներուն վրայ:

Հուսկ՝ Հայաստանի յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել ո՛չ միայն Եւրոմիութեան, այլեւ` Եւրապայի հզօրագոյն երկիրներուն հետ:

Այսպիսի կամրջային կողմնորոշում թէ՛ արեւմուտքի ու թէ՛ արեւելքի հետ կարելի է շարունակել հմտօրէն, հաստատ հիմերու վրայ, առանց որեւէ բարդոյթի եւ խոչընդոտի:

hairenikweekly.com