Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Լիբանանի ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչ, պատգամավոր Հակոբ Բագրատունին հարցազրույց է տվել OTV հեռուստաալիքին:
Զրույցի ընթացքում Բագրատունին անդրադարձել է նաև Թուրքիայի ԱԳ նախարար Մևլութ Չավուշօղլուի՝ Բեյրութ այցին և Թուրքիայի հետ դիվանագիտական հարաբերություններին:
Այդ մասին Aztagdaily-ն գրում է. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի Լիբանան կատարած այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այդ այցելութիւնը արարողակարգային այցելութիւն մըն է, ինչպէս բոլոր երկիրներուն պարագային: Այցելութեան նպատակը հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորել էր, եւ անիկա դիւանագիտական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ կ՛իյնայ: «Իսկ մենք օր մը օրանց չենք պահանջած Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խզումը», ըսաւ ան:
Յ. Բագրատունի աւելցուց սակայն, որ Սուրիոյ տագնապին մասին Պուսթրոս պալատէն Չաւուշօղլուի կատարած յայտարարութիւնները դիւանագիտական գետնի վրայ անպատշաճ էին: «Կը զգուշացնեմ բոլորը Սուրիոյ տագնապին գծով` թրքական կեցուածքներու փոփոխութեան հաւատալէ: Նոյնիսկ երբ անոնք կը խօսին ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու մասին, կը ստեն, որովհետեւ այդ ահաբեկչութիւնը իրենք է, որ յառաջացուցին եւ զարգացուցին, ու տակաւին Թուրքիոյ մէջ է, որ կը սնանի անիկա: Իսկ ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ գտնուող երեք միլիոն սուրիացի գաղթականներու «տագնապին», բաղդատաբար Լիբանանի, 75 միլիոն հաշուող ժողովուրդին համար երեք միլիոն գաղթականը ընդունելի թիւ է, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք, որ թուրքերը ի՛նչ շահագործումներ կը կատարեն այդ թղթածրարին ճամբով: Ո՛չ ոք պէտք է հաւատայ թուրքին, որովհետեւ Թուրքիոյ հիմնական նպատակը Օսմանեան կայսրութեան վերականգնումն է, իսկ Էրտողան չի պատրաստուիր սուլթան դառնալու, այլ` ինքզինք սուլթան կը նկատէ եւ այդպէս կը վարուի Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Անոր բոլոր կեցուածքները ցոյց կու տան, թէ ան Թուրքիան մէկ տագնապէն միւսը եւ աւելի աղէտալի տագնապներու կ՛առաջնորդէ: Լիբանանը եւ արաբական աշխարհը պէտք է զգուշանան արաբ ժողովուրդին եւ Պաղեստինեան հարցին թշնամի Թուրքիայէն», շեշտեց Յ. Բագրատունի»: