կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2016-12-10 11:35
Հասարակություն

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտեն ներկայացնող պատվիրակությունն այցելել է խորհրդարանի նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտեն ներկայացնող պատվիրակությունն այցելել է խորհրդարանի նախագահին

Աղբյուրը՝ Aztagdaily

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեան եւ Րաֆֆի Աշքարեան:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ իւրաքանչիւր հանդիպումէ ետք լաւատեսութեամբ կը լեցուինք, որովհետեւ ան միշտ լաւատես է:

«Կրնանք ըսել, որ Պըրրի ամենայն անկեղծութեամբ եւ լրջութեամբ կը գործէ` օժանդակելու համար վարչապետ Սաատ Հարիրիին` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ: Անշուշտ գոյութիւն ունին որոշ խոչընդոտներ, սակայն բոլորս կը յուսանք, որ մինչեւ տարեվերջ կառավարութեան նոր կազմ մը ունենանք: Կառավարութիւնը կարեւոր է ո՛չ միայն պետական հաստատութիւններուն աշխատանքին վերադարձին, այլ նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումին համար», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իրենք համամիտ են խորհրդարանի նախագահի այն կարծիքին, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, ըստ համամասնական ընտրական օրէնքին, ինչպէս նաեւ քաղաքական բոլոր կողմերուն, բոլոր համայնքներուն եւ բոլոր յարանուանութիւններուն ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրաշրջաններու համաձայն:

«Խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեցինք նաեւ նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ հայ համայնքին ներկայացուցչութեան մանրամասնութիւնները, եւ այդ իմաստով տեսակէտները համընկնեցան: Իբրեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ մնայուն կերպով կը պահանջենք արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովել հայ համայնքին` անոր կարողութիւններուն եւ արժանիքներուն համաձայն: Մենք այս իմաստով օր մը օրանց մեր անձնական եւ նեղլիկ շահերուն դիտանկիւնէն մեկնելով չենք վարուած, այլ` կը մտածենք երկրին գերագոյն շահերուն մասին եւ կ՛աշխատինք ծառայելու բոլոր քաղաքացիներուն», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ան վերահաստատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ քննարկումներէն ետք իր յայտարարած կեցուածքը, որ կը վերաբերէր ուժային եւ ծառայութեան նախարարութիւններուն: «Այս տրամաբանութիւնը սահմանադրական տրամաբանութիւն մը չէ, այլ սահմանադրական հերետիկոսութիւն մը, որովհետեւ մեծ ու փոքր համայնքներ չկան, ինչպէս նաեւ մեծ ու փոքր նախարարութիւններ չկան: Ծառայութիւնը կը կատարուի ըստ օրէնքի, իսկ քաղաքացիին իրաւունքն է ստանալ ծառայութիւններ, որոնք նախարարներուն կողմէ կը յատկացուին` պետութեան հաշուոյն: Ոեւէ նախարար, երեսփոխան կամ քաղաքական պատասխանատու պէտք է ծառայէ քաղաքացիին», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով մինչեւ Հայկական Ս. Ծնունդ ունենալ նոր կառավարութիւն մը, որ կը պատրաստէ երեսփոխանական ընտրութիւնները: