կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-04-16 11:10
Հասարակություն

«Ապրիլյան դատով, Արցախի ոգով». ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» մասնաճյուղի ոգեկոչման միջոցառումը

«Ապրիլյան դատով, Արցախի ոգով». ՀՅԴ «Հրայր Դժոխք» մասնաճյուղի ոգեկոչման միջոցառումը

Աղբյուրը՝ aztagdaily

Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով եւ Արցախի վերջին զարգացումներուն իբրեւ արձագանգ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի  «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին կազմակերպած «Ապրիլեան դատով, Արցախի ոգիով» ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 15 ապրիլ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Էշրեֆիէի «Ազատամարտ» ակումբին կից կառատան մէջ:

Ձեռնարկը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով Եղեռնի զոհերուն եւ  անցնող օրերուն Արցախի մէջ զոհուած զինուորներուն յիշատակը: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Գուրգէն Փափազեան: Ան ըսաւ, թէ ապրիլ ամսուն հայ ժողովուրդը դէմ յանդիման կը գտնուի ազգային ու մարդկային նոր մարտահրաւէրի մը, հետեւաբար անհրաժեշտ է զուգահեռաբար աշխատիլ մէկ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման ուղղութեամբ եւ միւս կողմէ ազատագրուած Արցախի անկախութեան ու ամբողջականութեան պահպանման ուղղութեամբ: Գ. Փափազեան աւարտեց խօսքը ըսելով. «Հայաստան պարտաւոր է բազմապատկել իր մարտական ուժը եւ յանդգնօրէն պատասխանել թշնամիին ոտնձգութիւններուն : ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք » մասնաճիւղը իր ձայնը կը միացնէ հայ երիտասարդութեան ձայնին եւ կը հաւատայ, որ պէտք է ըլլանք միասնակամ եւ լաւ կազակերպուած, պատրաստ` ստանձնելու անակնկալ մարտահրաւէրը»:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներ տուին իրենց վկայութիւնը: Խոր ծերութեան հասած ականատեսները խօսեցան իրենց մէջ տակաւին կոտտացող ցաւին եւ ապրած արհաւիրքին մասին:

Օրուան բանախօսն էր Յովիկ Յովհաննէսեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, որ թուրք պետութիւնը պատասխանատու է Հայոց ցեղասպանութեան գործադրութեան, հայութեան եւ անհատի դիմագրաւած 100-ամեայ ընկերային-տնտեսական դժուարութիւններուն, հայութեան ազգային ու սեփական դարաւոր հարստութեան կորուստին համար: Ապա ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս այսօրուան Թուրքիան կը շարունակէ հետապնդել հայահալած ծրագիրն ու նպատակները: Իսկ հայութեան ընելիքը երեք ճակատներու վրայ` Արցախի, Թուրքիոյ, սփիւռքի եւ Հայաստանի վրայ պիտի կեդրոնանայ: Ինչ կը վերաբերի Արցախին, ան ըսաւ, թէ չորս օրուան պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ թուրք-ազերի թշնամին պատրաստ է որեւէ ատեն յարձակիլ Արցախի ու Հայաստանի վրայ: Այս առումով ալ  պէտք է հրաժարիլ Մատրիտեան սկզբունքներու բանակցային առաջարկէն: Հայկական բանակին անդրադառնալով, ան ըսաւ, որ թէեւ բանակը ցոյց տուաւ հիանալի հերոսական քաջութիւն, բայց եւ այնպէս զայն արհեստագիտական նորագոյն սարքերով զինելու հրամայականին առջեւ կը գտնուինք: Իսկ գօտեպնդող երեւոյթը, նշեց ան, համաժողովրդային ու քաղաքական ամբողջական համախմբումն էր Արցախի ու հայկական բանակին շուրջ:

Ինչ կը վերաբերի Թորքիոյ ճակատին, Յ. Յովհաննէսեան կարեւոր նկատեց սերտել թշնամիին ուժը, կարողութիւնը, շրջանային խնդիրները, Թուրքիոյ դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները, որպէսզի շուտով կարելի ըլլայ ուրուագծել հայկական ռազմավարութիւնը թրքական ներքին խարխափումներուն մէջ եւ առաջ տանիլ Հայ դատը: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ սփիւռքի ճակատին, ան ըսաւ, թէ հարկ է ունենալ այնպիսի իշխանութիւն, որ կեդրոնացնէ հայ ժողովուրդին ամբողջական կարողականութիւնը եւ վերցնէ յանձնառութիւնը յաջորդ տասնամեակները դարձնելու հայութեան համար բարգաւաճման եւ բարօրութեան ժամանակաշրջան: Բանախօսը հաստատեց, որ հայապահպանումը գիտակից հայու ապրելակերպ է, հայ ընտանիք կազմել է, հայեցի կրթութիւն ապահովել է, հայրենիքի հանդէպ անսահման սէր է եւ Հայ դատի հանդէպ գործնական պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն է: Ան կարեւոր նկատեց մշակել արդի նպատակասլաց ազգային ռազմավարութիւն մը, որուն  վախճանը պիտի ըլլայ ամբողջական Հայաստանը: Ան ըսաւ. «Սփիւռքի մէջ անյապաղ կարիքը ունինք հայկական ինքնութիւնը հարստութեան ու հպարտանքի աղբիւր դարձնելու իւրաքանչիւր հայու համար: Անյապաղ կարիքը ունինք նոր ու արդի արիւն սրսկելու հայկական մշակոյթի երակներուն մէջ` զարթնեցնելու համար արուեստի ու ստեղծագործական հայկական արգանդը: Անհրաժեշտ է ամէն բանէ աւելի Հայ դատը փոխադրել ազգային-ազատագրական պահանջատիրութեան հարթութիւն»: Ապա Յովհաննէսեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով, թէ «մեր սերունդը ազգային ծանրագոյն պարտաւորութեան տակ է` Հայ դատը աւելի քան երբեք մօտեցնելու իր աւարտին: Վերացնելու Ցեղասպանութեան բոլոր հետեւանքները եւ հայու ինքնութիւնը ձերբազատելու Ցեղասպանութեան ոգեզսպիչ շապիկի բեռէն»:

Մեղրի Պապիկեան ապրումով ասմունքեց Ժաք Ս. Յակոբեանի «Պիտի Ճանչնան» կտորը, որմէ ետք հանդէս եկաւ «Միհրան» նուագախումբը եւ մեկնաբանեց ազգային-յեղափոխական երգերու գեղեցիկ ընտրանի մը:

Ձեռնարկի աւարտին բոլոր ներկաները վառած մոմերով, Եռագոյն դրօշներով եւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ` երկիւղածութեամբ քալեցին դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ տեղադրեցին վառած մոմերը: Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեան «Տէրունական աղօթք»-ով եւ պահպանիչով օրհնեցին ներկաները: