կարևոր
0 դիտում, 13 տարի առաջ - 2011-09-06 18:35
Հասարակություն

Արամ Ա-ի նամակը` Էրդողանին

Արամ Ա-ի նամակը` Էրդողանին

Պարոն վարչապետ

Մամուլի ճամբով տեղեակ դարձանք՝ 1936 թուականէն ասդին Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններէն բռնագրաւուած կալուածները վերադարձնելու Ձեր կառավարութեան որոշման: Անկասկած յիշեալ որոշումը ճիգ մըն է ընդառաջելու վերջին շրջանին Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանէն ներս տեղի ունեցող նոր զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ իր քրիստոնեայ փոքրամասնութեան նկատմամբ Թուրքիոյ ճնշումներուն գծով Միացեալ Նահանգներու քոնկրէսին կատարած քննարկումներուն ու հետապնդումներուն:

Արդարեւ, որպէս իր դարաւոր նստավայրէն արմատախիլ եղած եւ Լիբանանի մէջ հաստատուած Կիլիկիոյ Հայոց Կաթողիկոսութեան Հոգեւոր եւ Իրաւական Պետը, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչը դարձեա՛լ Թուրքիայէն աքսորուած եւ աշխարհի բոլոր կողմները տարտղնուած հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն, 27 Օգոստոս 2011–ին Ձեր կառավարութեան առած որոշումը Մենք կը նկատենք մասնակի ու անճիշդ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բազմաթիւ եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու, որոնք 1915-–ի Հայկական Ցեղասպանութեան օրերուն բռնագրաւուեցան թուրք պետութեան կողմէ:

Հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը տուներուն, գործատեղիներուն ու կալուածներուն՝ ժառանգուած իրենց նախահայրերէն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան Թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան: Ձեր կառավարութեան առած խնդրոյ առարկայ որոշումը թերեւս կրնայ գոհացնել Եւրոպական Միութեան չափանիշները. սակայն, այդ որոշումը արդարութեան սկզբունքին վրայ առնուած քայլ մը երբեք չի կրնար նկատուիլ:

Պրն Վարչապետ, յանուն արդարութեան առնուած սակայն միակողմանի եւ ընտրովի քայլերը փաստօրէն կ'ուրանան պատմութիւնը եւ կը ժխտեն ժողովրդավարական սկզբունքները ու արժէքները: Միջազգային կառոյցները, օրինակ, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանը, խորհրդարանն ու խորհրդարանական մարմինները ժողովրդավարական արժէքները եւ սկբունքները պագպանողները ու գործադրողներն են, իսկ անոնց խիղճը՝ ժողովո՛ւրդն է:

Ինչպէս Ֆրիտճոֆ Նէնսըն, Ազգերու Լիկայի ներկայացուցիչը եւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիրը 1928-ին իր հեղինակած Հայաստան եւ Մերձաւոր Արեւելքը հանրածանօթ գիրքին մէջ գրած է «Հայ ժողովուրդը երբեք չէ յուսահատած. ան շարունակած է քաջօրէն աշխատիլ ու սպասել: Ան տակաւին կը սպասէ…» (էջ 324): Իսկ Մենք կ'ուզենք աւելցնել թէ՝ հայ ժողովուրդը նաեւ երբեք պիտի չդադրի արդարութի՛ւն պահանջելէ Թուրքիայէն Հայկական Ցեղասպանութեան համար: Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի պահանջելէ իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը:

Պրն Վարչապետ, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ յանձնառու ըլլալու Ձեր յայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական այն ատեն միայն երբ ճանչնաք Հայկական Ցեղասպանութիւնը:

ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ 31 օգոստոս, 2011

Անթիլիաս, Լիբանան