կարևոր
2950 դիտում, 7 ժամ առաջ - 2025-10-31 21:06
Աշխարհ

Ապրե´ք ու ապրեցրե´ք մեր եկեղեցին, ազգն ու Հայրենիքը․ Արամ Ա Վեհափառ

Ապրե´ք ու ապրեցրե´ք մեր եկեղեցին, ազգն ու Հայրենիքը․ Արամ Ա Վեհափառ

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնությունն է տվել Ամերիկայի Արևմտյան թեմի ծխական մարմիններին․

«Ազգային առաջնորդարանին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 25 Հոկտեմբեր 2025-ին, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ հոգաբարձուներու, ինչպէս նաեւ ծխային յարակից մարմիններու հաւաք-ճաշկերոյթը Էնսինոյի մէջ:

Հաւաքին իր սիրտի խօսքը արտասանեց Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ան ըսաւ. «Այս սրահին մէջ, մեր հոգեւոր հօր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին շուրջ հաւաքուած ենք որպէս արեւմտեան թեմի մեծ ընտանիք: Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութեան ամենամտերմիկ ու հարազատագոյն առիթն է այս հաւաքը։ Հայրապետը եկած է ըլլալու մեր թեմի զաւակներուն հետ, լսելու անոնց մտահոգութիւնները եւ խօսելու մեր ծառայութիւնը առաւել ծաւալելու կարելիութեանց մասին: Հետեւաբար, այսօր իւրաքանչիւրիս համար պատմական առիթ է: Թոյլ տուէք ձեր անունով, սիրելի՛ զաւակներ մեր թեմին, Վեհափառ Հայրապետին մեր սրտագին ու ջերմ բարեմաղթութիւնները փոխանցեմ՝ խնդրելով ամենակալ Աստուծմէ երկար, առողջ ու արդիւնաւէտ ծառայական տարիներ Նորին Սրբութեան»:

Յիշեալ հանդիպման ընթացքին ներկաներուն հրամցուեցաւ հայ դասական եւ ազգային երգերէն քաղուած կտորներ: Հաւաքի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր Արժանապատիւ Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան: Ան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր այս սիրալիր երդիքին ներքեւ հաւաքուած ենք որպէս արեւմտեան Տիրախնամ թեմի համեստ եւ խոնարհ ծառաները։ Այստեղ են մեր թեմի օրէնսդիր մարմինի անդամները՝ ազգային երեսփոխանները, եկեղեցին պայծառ պահող հոգաբարձական կազմերը, ժրաջան տիկնանց միութեան անդամները, կիրակնօրեայ վարժարաններու անխոնջ նուիրեալները եւ ալախօսիկ դպրաց դասի նուիրեալ ծառայողները: Ի մի խօսք՝ արեւմտեան թեմը հաւաքուած է սրահին մէջ: Կը հաւատամ, որ բոլորիս համար այս պահը ցնծութեան պահ է, երբ բոլորուած ենք մեր հոգեւոր պետին շուրջ՝ անոր խօսքերը լսելու եւ հայրապետական օրհնութիւնը ստանալու: Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք Նորին Սրբութեան ծառայական կեանքի էջերուն վրայ, անտարակոյս պիտի տեսնենք, որ Վեհափառը մե՛ծ ապրած է եւ հրաւիրած է իր շրջապատը մե՛ծ ապրելու եւ ապրեցնելու՝ մեր եկեղեցին, ազգն ու Հայրենիքը»:

Վեհափառ Հայրապետը ծխային պատասխանատուներուն, հոգեւոր թէ՛ ազգային, իր պատգամը ուղղելով՝ ըսաւ. «Եկեղեցին իր եկեղեցաբանական հասկացողութեամբ ծուխն է, ինչպէս Աւետարանը կ’ըսէ՝ ուր որ մի քանի հոգիներ հաւաքուած են Քրիստոսի անունով, հո՛ն է Քրիստոս, հո՛ն է եկեղեցին՝ Քրիստոսի խորհրդական մարմինը: Հետեւաբար, եկեղեցին բնորոշող մակդիրները՝ ընդհանրական, առաքելական եւ ուղղափառ, իրենց արտայայտութիւնը կը գտնեն հոն՝ ուր Սուրբ Պատարագ տեղի կ’ունենայ: Այս բոլոր յիշեցումները կը կատարեմ շեշտելու համար ծուխերուն ներկայացուցած կարեւորութիւնը բոլոր եկեղեցիներու, նաեւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ»:

Շարունակելով իր խօսքը՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը անդրադարձաւ եկեղեցին ժողովուրդին տանելու եւ անոր կեանքին մէջ առանցքային ներկայութիւն դարձնելու անհրաժեշտութեան. «Իմ անգլերէնով «Եկեղեցին ժողովուրդին տանիլ» (Taking the Church to The People) գիրքիս մէջ, շուրջ 15 տարիներ առաջ հրատարակուած, կարեւորութեամբ ընդգծած եմ ծուխերուն իւրայատուկ տեղն ու էական դերը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Եկեղեցին վայր չէ: Վայրը պէտք է վերածուի առաքելութեան, այլապէս կը դառնայ սոսկ շէնք, վարչական կեդրոն: Հետեւաբար, մեր ծուխերուն դիմաց մարտահրաւէրը յստակ է` ինչպէ՞ս կարելի է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին՝ առաքելութեան ու ծառայութեան ճամբով: Այս ծիրէն ներս առանցքային է դերը հոգեւոր հովիւին: Անոր առաքելութիւնը գրասենեակին մէջ չէ, այլ ժողովուրդի կեանքին մէջ է: Ինչպէ՞ս կարելի է եկեղեցին վերածել ծառայական ներկայութեան ժողովուրդի կեանքին մէջ: Հո՛ս կը կայանայ հոգեւոր հովիւին դերը»:

Իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ ծուխ-առաջնորդարան յարաբերութեան. «Երբ թեմ ըսենք չենք հասկնար առաջնորդարանը. թեմը ծուխերու ամբողջութիւնն է: Առաջնորդարանը վարչական կեդրոնն է թեմին: Առաջնորդարանը ծուխերու օրկանիք միասնութիւնը պահող, անոնց աշխատանքը համադրող եւ առաքելութեան ուղղութիւն տուող կեդրոն է:

Բնականաբար, իւրաքանչիւր ծուխ պէտք է ճշդէ իր առաքելութեան առաջնահերթութիւնները, որոնք կը համապատասխանեն ծուխի պայմաններուն ու շրջապատին: Իւրաքանչիւր ծուխ իր վարչական ու տնտեսական աշխատանքները պէտք է կազմակերպէ, բնականաբար առաջնորդարանի հովանաւորութեան տակ: Արդ, առաջնորդարան-ծուխ յարաբերութիւնը պէտք է ըլլայ սերտ ու թափանցիկ: Ծուխին կողմէ ինքնանկախ գործունէութիւնը խաչաձեւումներ ու անհասկացողութիւններ կը յառաջացնէ: Հետեւաբար, համադրուած աշխատանքը առաջնորդարանի եւ ծուխերու միջեւ մեծապէս կը նպաստէ թեմին առաւել կազմակերպման ու զարգացման աշխատանքներուն»:

Հաւաքի աւարտին ներկաները միահունչ երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը»: