կարևոր
2152 դիտում, 16 ժամ առաջ - 2025-07-25 20:50
Աշխարհ

Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդգծել է քրիստոնյա համայնքների միասնակամության հրամայականը

Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընդգծել է քրիստոնյա համայնքների միասնակամության հրամայականը

Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը այցելել է Անտիոքի հույն ուղղափառ եկեղեցու պատրիարքին:

Հինգշաբթի, 24 Յուլիս 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուին Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազճի Պատրիարքին, Պալամանտի Պատրիարքարանէն ներս։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նախ դատապարտեց քանի մը շաբաթ առաջ Դամասկոսի յոյն ուղղափառ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական ոճիրը եւ այս տխուր առիթով իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Պատրիարքին ու նահատակներու ընտանիքներուն։

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներու միասնակամութեան հրամայականը, միաժամանակ յիշեցուց, որ անոնք Սուրիոյ ժողովուրդին մաս կը կազմեն։ Քրիստոնեաներուն գոյութիւնը արմատացած է Սուրիոյ պատմութեան մէջ եւ, հետեւաբար, բոլոր սուրիացիներուն հետ համահաւասար պարտաւորութիւններ ու իրաւունքներ ունին։

Այս նոյն մօտեցումը ունեցաւ նաեւ Եազճի Պատրիարքը՝ յայտնելով, որ դարեր շարունակ քրիստոնեաներ ու իսլամներ միասին ապրած են Սուրիոյ մէջ եւ նոյն գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով Սուրիոյ վերելքին։

Իրենց զրոյցի ընթացքին, երկու հոգեւոր պետերը նաեւ ընդգծեցին, թէ անհրաժեշտ է, որ քրիստոնեաներ մնան Սուրիոյ մէջ՝ կառչելով իրենց համայնքներուն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն։

Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգեշնորհ Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։