կարևոր
1282 դիտում, 1 օր առաջ - 2025-04-17 11:38
Հասարակություն

ՀՕՄ-ը նշել է մայրության և գեղեցկության տոնը

ՀՕՄ-ը նշել է մայրության և գեղեցկության տոնը

Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ի կէսօրին, Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ «Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան» տօնին նուիրուած ձեռնարկը, «Մոնթանա» ճաշարանի գեղատեսիլ սրահէն ներս, աւելի քան 160 ՀՕՄուհիներու եւ համակիրներու մասնակցութեամբ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւոր եւ ՀՕՄի Վանաձորի մասնաճիւղի անդամ ընկհ. Արմինէ Կիւրեղեանը։

Հիւրերը ժպտադէմ դիմաւորեցին Շրջանային Վարչութեան անդամներն ու ձեռնարկի կազմակերպիչ Ընկերային յանձնախումբի անդամնները, իւրաքանչիւրին նուիրելով ՀՕՄի խորհրդանիշը կրող համեղ տուրմ մը։

Ձեռնարկը ձեռնհասօրէն վարեց ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան փոխ-ատենապետ Դանիա Պապօղլեան, որ շնորհաւորելով ներկաներու «Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան» տօնը, ընդգծեց հայ մօր իւրայատուկ տեղը հայոց պատմութեան մէջ եւ ընդգծեց ըսելով.- «…հայ մայրը կռուեցաւ իր այր մարդուն կողքին եւ զայն ներշրջեց ինքնիշխան ապրելու կամքով եւ խոր հաւատարմութեամբ՝ ազատութեան եւ անկախութեան վերջնական յաթանակի հանդէպ։ Հայ մայրը իր անշահախնդիր աշխատանքով եւ նուիրուածութեամբ հանդէս եկաւ իբրեւ բարեգործ եւ հայրենասէր էակ»։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական գեղեցիկ յայտագիր մը, որու ընթացքին Սիլվա Կապուտիկեանի, Յովհաննէս Թումանեանի եւ այլ ականաւոր բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններէն ասմունքեց ծանօթ մանկավարժ-ասմունքող Ռիթա Կաղեան-Տիգպիգեանը, մեծապէս ոգեւորելով ներկաները, իսկ Գառնի Քէլաղայեանի նազ պարը հմայեց բոլորը։ Աւելի՝ն, երգիչՍուրէն Աճէմեանի մայրերուն նուիրուած երգերու փունջը, յուզումնախառն լռութեան մատնեց ներկաները, որոնք եւս մեղմ ձայնով ձայնակցեցան երգիչին։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկհ. Մարօ Քէշիշեանը, որ շնորհաւորելէ ետք բոլոր ներկաներու «Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան» տօնը, բարձր գնահատեց բոլոր այն ընկերուհիները, որոնք 1991-ին, ՀՕՄի Հայաստանի շրջանի հիմնադրութենէն ի վեր առանց դադարի մեծ զոհաբերութեամբ ծառայած են ՀՕՄի շարքերէն ներս։

«Բարձր կը գնահատենք ձեր զոհաբերութիւնն ու նուիրումը ՀՕՄի հանդէպ։ 90-ականներու դժուար տարիներէն ի վեր, դուք հաւատալով ՀՕՄի առաքելութեաըն, անշահախնդրօրէն ծառայեցիք մեր ազգին ու հայրենիքին, օգնութեան ձեռք երկարեցիք կարօտեալին, ուսանողին ու բարի օրինակ դառնալով մեր բոլորին», ընդգծեց ընկհ. Քէշիշեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամներու օգնութեամբ իւրաքանչիւրին յանձնեց իր գնահատագիրը։

Յուզիչ էր նաեւ այն պահը, երբ Շրջանային Վարչութիւնը, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով Արցախեան ազատագրական մարտերուն իրենց զաւակները, ամուսինները կամ թոռները կորսնցուցած այն ՀՕՄուհիներուն, որոնք հակառակ իրենց լաւագոյնները կորսնցնելուն, կը շարունակեն իրենց նուիրումը յանուն մեր հայրենիքի փրկութեան։

«Մենք կը խոնարհինք ձեր առաջ սիրելի որդեկորոյս մայրեր, մեծ մայրեր ու կիներ։ Դուք ձեր լաւագոյնը տուիք, եթէ ոչ սրբագոյնը, որպէսզի մենք ապրինք, մեր հայրենիքը հզօր ու պաշտպանուած մնայ», յուզումով ըսաւ Մարօ Քէշիշեան եւ Շրջանային Վարչութեան անդամ Սօնա Սարաճեանի օգնութեամբ իւրաքանչիւրին ծաղկեփունջ մը նուիրուեցաւ առ ի յարգանք իրենց մեծ կորուստին։

Ծաղկեփունջ մը նուիրուեցաւ նաեւ Արմինէ Կիւրեղեանին, որ ոչ միայն իբրեւ ՀՕՄ-ուհի, այլ նաեւ քաղաքական կեանքէն ներս, իբրեւ Ազգային Ժողովի պատգամաւոր կը ծառայէ իր ազգիու հայրենիքի։ Իր հերթին, շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ ընկհ. Կիւրեղեանը, որ վեր առնելով ՀՕՄի առաքելութիւնը եւ կատարած ազգանուէր գործունէութիւնը, իր հպրարտանքը յայտնեց, որ անդաշ է նման կազմակերպութեանը եւ կոչ ըրաւ հայ մայրերուն բազմացնել հայ ազգը, որպէսզի հզօրանայ ու յաւերժ ապրի հայ ազգն ու հայրենիքը։

Ձեռնարկի ոգեւորիչ մթնոլորտէն խանդավառ, ՀՕՄի Նոյեմբերեանի մասնաճիւղի ատենապետ Անուշ Ծատուռեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Մայրերի Ցասումը», իսկ ՀՕՄի Իջեւանի ատեննապետ Ժաննա Դալլաքեան, իր ստեղծագործած մօր մասին բանաստեռծութիւնը։

Այնուհետեւ, ազգային երգերով մթնոլորտ մեծապէս խանդավարեց սիրուած երգիչ Սուրէն Աճէմեանը։ Ներկաները մեգոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, դարձեալ համախմբուելու պատրաստակամութեամբ։