Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Հայ Օգնութեան Միութեան «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը, որ ընթացք առաւ Յունուար 2024ին, կը նպատակադրէ հարազատ երդիք մը ապահովել արցախահայ ընտանիքներու, որոնք Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք՝ Արցախի հայաթափումով, կորսնցուցին իրենց բնակարանները։
«Յոյսի Օճախներ» ծրագիրով արդէն իսկ գնուած են երկու բնակարաններ՝ Հայաստանի Շիրակի մարզի Ախուրիկ գիւղին մէջ։ Բնակարանները կը գտնուին նորոգութեան ընթացքին մէջ, ինչպէս՝ կոյուղիներու նորոգութիւն, հորի պատրաստութիւն, պեթոնէ օղակներու տեղադրում։
Հաւատարիմ իր սկզբունքներուն եւ նպատակներուն՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը շարունակէ ճիգեր թափել՝ իր կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նոր բնակարաններ գնելու եւ զանոնք հիմնովին վերանորոգելէ ետք՝ յանձնելու արցախահայ ընտանիքներու։
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ջերմ փափաքն է, որ կարելի եղածին չափ նկատելի թիւով արցախահայ ընտանիքներ ձմեռը դիմաւորեն իրենց հարազատ երդիքին տակ։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը կը հաւատայ, որ հաւաքական ճիգերով եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ «Յոյսի Օճախներ» ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։
ՀՕՄի սոյն ծրագիրին կարելի է աջակցիլ՝ միանալով ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ընկերային ցանցերու վրայ էջերուն կամ օգտագործելով ars1910.org/give/ կապը։
ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
«Հորիզոն»