կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-23 13:13
Քաղաքական

ՀՅԴ Լիբանանի «Սարդարապատ» Կոմիտէն Կը Շարունակէ Օժանդակել Կարիքաւոր Հայ Ընտանիքներուն

ՀՅԴ Լիբանանի «Սարդարապատ» Կոմիտէն Կը Շարունակէ Օժանդակել Կարիքաւոր Հայ Ընտանիքներուն

«Քորոնա» ժահրի ճգնաժամին պատճառով ստեղծուած անբնական պայմաններուն լոյսին տակ, ինչպէս ամբողջ աշխարհը, նոյնպէս ալ Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը նոր մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցան:

Այս կացութեան հետեւանքով աշխատավայրերու փակումն ու ստեղծուած ծանր վիճակը ժողովուրդը դրին անել կացութեան առջեւ:

ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն, ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն եւ համագործակցաբար «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին հասաւ շրջանի հայորդիներու օժանդակութեան:

Նկատի առնելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան դերակատարութիւնը շրջանին մէջ, վերջինս ստանձնեց շրջանին մէջ գործող հիմնարկներու եւ շէնքերու հականեխման աշխատանքները:

Արդարեւ, «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապին կողմէ տրամադրուած 1150 հականեխիչ դեղեր բաժնուեցան «Սարդարապատ»-ի շրջանի բնակիչներուն, անոր յաջորդեց սննդանիւթի բաշխման աշխատանքը, որուն ծիրին մէջ մօտ 900 սննդանիւթի տուփեր տրամադրուեցան շրջանի հայ կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ դիմորդներուն:

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, բարերարներու նուիրատուութեամբ, «Սարդարապատ» կոմիտէին նախաձեռնութեամբ, շրջանի ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի ընկերուհիները պատրաստեցին զատկուան չէօրեք, որ եւ գունաւորուած հաւկիթներու հետ միատեղ բաժնուեցաւ մօտ 200 ծերունիներու, կարիքաւոր ընտանիքներու եւ հայորդիներու:

Առողջապահական կամ ժահրին հետ առնչուող որեւէ հարցով կոմիտէին դիմող հայորդիներուն պէտք եղած ցուցմունքները կը տրուին, ի պահանջեալ հարկին կապ կը հաստատուի Շտապին հետ եւ պէտք եղած քայլերու կը դիմուի` առաւելագոյնս օժանդակելու համար բոլոր դիմում կատարող հայորդիներուն:

Ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարուի նոր պարագաներու արձանագրութիւնը եւ ըստ անհրաժեշտութեան ու առաջնահերթութեան ճիգ կը թափուի առաւելագոյն չափով օգտակար դառնալ կոմիտէութեան դիմողներուն:

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի ընկերուհիներուն ճամբով ԼՕԽ-ի «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցին կողմէ պատրաստուած տաք ճաշ կը բաշխուի շրջանի ծերունիներուն եւ շատ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

Ընթացքին, նաեւ փոքր օժանդակութիւններ կատարուեցան ու կը կատարուին:

Վերոնշեալ իրերու բաշխման աշխատանքներուն ընթացքին շրջանի կուսակցական ընկերներուն օժանդակեցին ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի ընկեր-ընկերուհիներ եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի սկաուտներ:

Աշխատանքը կը շարունակուի: