կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-03 10:39
Հասարակություն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոս հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի կը յատկացնէ կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոս հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի կը յատկացնէ կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Երկուշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հաւաք մը. աս մասին Yerkir.am-ը կը տեղեկանայ Հայ եկեղեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն Անթիլիաս - Լիբանան պաշտոնական էջէն:

Վեհափառ Հայրապետը նախ պարզեց ներկաներուն Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դէմ Կաթողիկոսարանի բացած դատին վերջին զարգացումները: Այս մասին անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ նաեւ Իրաւական Յանձնախումբի անդամներէն Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Սփիւռքի պարզած ներկայ կացութեան, յիշեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու վերակազմակերպման աշխատանքը ընթացքի մէջ է: Միաժամանակ, ան շեշտեց ողջ Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման հրամայականը՝ ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ ազգային պահանջատիրութեան առաւել հզօրացման: Վեհափառը յայտնեց, որ այս գծով ինք նախնական աշխատանքներու լծուած է:

Մտաւորականներու հաւաքին երրորդ նիւթը Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տնտեսական տագնապն էր, յատկապէս՝ անոր հետեւանքները Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս: Այս հարցին շուրջ Վեհափառ Հայրապետին պարզած մտահոգութենէն ետք տեղի ունեցաւ տեսակէտներու փոխանակում ներկաներուն միջեւ: Հաւաքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.-

Ա) Լիբանանահայութիւնը, որպէս Սփիւռքի կարեւոր համայնքներէն մէկը, ինչպէս անցեալին, այսօ°ր եւս առանցքային դեր ունի ընդհանրապէս մեր ժողովուրդի ու յատկապէս Սփիւռքի կեանքէն ներս: Հետեւաբար, կարելի բոլոր միջոցներով այս գաղութը պէտք է պահել զօրեղ ու աշխոյժ:

Բ) Լիբանանահայութիւնը եւս, բնականաբար, կը կրէ հետեւանքները Լիբանանէն ներս ստեղծուած տնտեսական տագնապին: Հետեւաբար, մեր բոլորին առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է զանազան միջոցներով օժանդակութեան ձեռք երկարել մեր համայնքային կառոյցներուն ու ընտանիքներուն: Այս ծիրէն ներս հայրական կոչ կ’ուղղենք.-

- Լիբանանահայ գործարարներուն, որ ներկայ դժուար պայմաններուն գործէ չ’արձակեն իրենց հայ աշխատաւորները: Այս ձեւով օժանդակած կ’ըլլան անոնց ընտանիքներուն:

- Լիբանանահայ ունեւորներուն, որ մարդկային ու ազգային պարտականութիւն նկատեն ներկայ դժուար կացութեան մէջ օգտակար հանդիսանալ մեր կառոյցներուն, մեր դպրոցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն:

- Լիբանանահայ Հոգեւոր, համայնքային, կուսակցական, կրթական, բարեսիրական  ու ընկերային կառոյցներուն,  հանդիպումներու ճամբով խորհրդակցելու ու հաւաքական մօտեցումներ ճշդելու մեր համայնքը յուզող ներկայ մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն շուրջ:

- Մեր գաղութներուն, որոնք փոխանակ հեռուէն միայն դիտելու ու մտահոգուելու, նիւթապէս օժանդակեն Լիբանանի հայութեան կարիքներուն:

Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքի աւարտին յայտարարեց.-

1) Կաթողիկոսարանը հարիւր միլիոն լիբանանեան ոսկի Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ կը դնէ, որպէս անմիջական օժանդակութիւն՝ յատկացուելու համար մեր կարիքաւոր ընտանիքներուն:

2) Արարատ, Ազդակ եւ Զարթօնք օրաթերթերուն կը յատկացնէ տասական միլիոն լիբանանեան ոսկի՝ առ ի գնահատանք ու զօրակցութիւն իրենց կատարած աշխատանքներուն: