Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ օդուժի կողմէ Եմէնի հուսիներու ռազմական յենակէտերու դէմ իրականացուած յարձակումներով նոր ռազմաճակատ բացուեցաւ միջինարեւելեան տարածաշրջանին մէջ: Կարմիր ծովուն վրայ Եմէնի հուսիները դիմած էին գրաւման կամ հարուածման գործողութիւններու` դէպի Իսրայէլ եւ հակառակ ուղղութեամբ ուղեւորուող նաւերու:
Նաւերու ճամբան փակելու այս գործողութիւնները սաստկացած էին Կազայի պատերազմին` երրորդ տարածքներու վրայ պատերազմական գործողութիւններու ռազմադաշտի ընդլայնումով: Նկատենք անմիջապէս, որ բռնկուած շրջաններուն վրայ ամէնէն ազդեցիկ գործօնը Իրանն է: Թէ՛ Համասի, թէ՛ Հըզպալլայի եւ թէ՛ հուսիներու պարագային պարզ է իրանեան ազդեցութիւնը, եւ այդ առումով հուսիական յենակէտերու թիրախաւորումը կը տեղաւորուի նոյն ազդեցութեան տակ գործող ուժերու ագուցուած շղթայական տրամաբանութեան մէջ:
Տարբերութիւնը այս պարագային այն է, որ Իսրայէլ ինք կը պատերազմի Համասի եւ Հըզպալլայի դէմ, մինչ Միացեալ Նահանգներն ու Մեծն Բրիտանիան են, որ Իսրայէլի դէմ սպառնալիք նկատուող հուսիական ուժերուն դէմ գրոհ կը սանձազերծեն: Հուսիները փաստօրէն իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Իսրայէլ – արտաքին աշխարհ կարեւորագոյն ճանպարհներէն մէկը: Հիմա այդ վերահսկողական արգելանքն է, որ կը փորձեն չէզոքացնել հաւաքական Արեւմուտքի երկու կարեւորագոյն դաշնակիցները:
Պէտք չէ մոռնալ քաղաքական երկու իրադարձութիւն: Հուսիները նախ ռազմական թատերաբեմ բարձրացած են Սէուտական Արաբիան հարուածելու համար: Քաղաքական այդ պահը կը յատկանշուէր Թեհրան-Ռիատ լարուածութեան բարձրագոյն աստիճանաչափերու գրանցումով: Քաղաքական հանգամանքներու փոփոխութեամբ, Չինաստանի մէջ մեկնարկեց Ռիատ-Թեհրան դիւանագիտական յարաբերութեան հաստատման որոշումի գործադրութիւնը: Յաջորդեց հուսիներու եւ Ռիատի համաձայնութիւնը պատերազմին վերջ տալու: Հիմա հուսիները Սէուտական Արաբիան չէ, որ կը հարուածեն, այլ կ՛արգելակեն դէպի Իսրայէլ ապրանքաշրջանառութիւնը:
Համոզիչ կը թուի այն, որ կը գործեն խաղի կանոններ: Այլապէս Թեհրան իր ուժային հովանաւորութեան տակ գտնուող այս հատուածին վրայ իրականացուած յարձակումը պիտի նկատէր իր դէմ յայտարարուած պատերազմ: Յայտարարողական մակարդակով ընկալելի էր, որ համահունչ կոչեր եւ մեղադրանքներ պիտի կատարէին Չինաստանը, Ռուսիոյ դաշնութիւնն ու Իրանը:
Իսրայէլը իրողապէս հիմա կը դիմագրաւէ երեք ռազմաճակատ: Երրորդին ուղղութեամբ, իրեն փոխարէն ներգրաւուած են իր դաշնակիցները: Դժուար է եզրակացնելը, թէ այս գործողութիւններով շարքէն դուրս կու գայ կամ ընդհանրապէս կը չէզոքացուի հուսիական գործօնը: Խնդրոյ առարկայ այդ անցքը պիտի շարունակէ պահել ռազմածովու իր հանգամանքը: Հուսիներու յայտարարութիւններով Արեւմուտքի դաշնակիցները նման գործողութիւն իրականացնելով սատարած կ՛ըլլան դէպի Իսրայէլ նաւագնացութեան կասեցման:
Անմիջական արդիւնքը այս բոլորին այն է, որ Միջին Արեւելքի մէջ կը ստեղծուի նոր թէժ կէտ մը: Իրադրութիւնները այնպէս կ՛ընթանան, որ ոչ թէ ամբողջ տարածաշրջանն է, որ կը բռնկի եւ կը ներքաշուի լայնածաւալ պատերազմի մէջ, այլ կը ստեղծուին բազմակէտային տեղայնացուած ռազմաճակատներ:
Մինչ Ցեղասպանութեան կամ ողջակիզումի ենթարկուած ըլլալու մենաշնորհը պահպանող Իսրայէլը միջազգային արդարադատութեան դատական ատեաններուն մէջ կը դատուի իբրեւ ցեղասպանութիւն իրականացուցած պետութիւն: Անկախ վճիռէն այս փաստի արձանագրումը ինքնին լրջագոյն նախադէպ է Իսրայէլի դէմ եւ ցեղասպանութեան զոհի միջազգային կարծրատիպի մը կազմաքանդումին համազօր արարք:
Հաւաքական Արեւմուտքը պաշտպանելով Իսրայէլը թոյլ կու տայ, որ Իսրայէլը դատուի իբրեւ ցեղասպան պետութիւն, անարձագանգ կը ձգէ Թել Աւիւի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հրաժարականի պահանջը, ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի ուղղութեամբ քուէարկութեան նոր պատկերներ կը հրամցնէ, «երկու պետութիւն» բանաձեւը առաջ կը քշէ, հիմա ալ Իսրայէլի համար կենսաճանապարհ նկատուող ծովային անցքի նաւագնացութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր պայմաններու կ՛առաջնորդէ:
«Ա.»
aztagdaily.com