կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-07-16 23:33
Սփյուռք

Մատեան յարգանքի

Մատեան յարգանքի

Ճաշասենեակի երկար սեղանին շուրջ նստած, դիմացս ունիմ սեւ մելանով գրիչ մը, քանի մը թուղթ եւ մէկ բառարան. տեսարան մը, որ ծանօթ էր ինծի վաղուց, մանկութեան օրերէ ի վեր, մէկ տարբերութեամբ, որ այժմ մեծ մայրս սեղանին շուրջ չէր գտնուեր ինծի ընկերակցելու գիշերուան ուշ ժամերուն, ոչ ալ հայրս հոս էր, որ մերթ ընդ մերթ հանդիպէր քննելու դասերուս ընթացքը:

Այսօր ես նստած կը գրեմ բոլորովին տարբեր մթնոլորտի մէջ, թօթափուած աշակերտի հոգեվիճակէն, կը գրեմ ո՛չ իբր աշակերտ, այլ կը գրեմ իբր անցեալի աշակերտ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի, փորձելով թուղթին յանձնել զգացումներս եւ երախտագիտութեան խօսքերս:

Անշուշտ դժուար է պահ մը հոգեպէս տեղափոխուիլ եւ խորասուզուիլ անցեալի զգացական տարբեր ոլորտներու մէջ, առանց ալեկոծում մը յառաջացնելու, դժուար է անզգայ մնալ վկայելու եւ խօսելու դպրոցի մը մասին, որ եղած է իմ երկրորդ տունս, եղած է իմ հոգեմտաւոր աշխարհիս դարբնոցը, ինչպէս նաեւ՝ կեանքի ասպարէզիս թռիչքի յենարանը:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի մէջ է, որ մենք՝ անցեալի աշակերտներս, սորվեցանք ըլլալ մարդ՝ բառին ամբողջական խորունկ իմաստով, տոգորուած մարդկային ամենաբիւրեղ արժէքներով, ի վերջոյ հոն է, որ ազգային նուիրեալ վեհերու շուքին տակ զինուեցանք զոհաբերութեան եւ նուիրումի ամենաբարձր զգացումներով ՝ ի սէր հայութեան:

Ինչպէ՞ս չյիշել տիկիններ՝ Լուսին Մալիքեանի, Գարմէն Տէր Կարապետեանի եւ Շաղիկ Փափազեանի (այժմ Մկրտիչեան) հեզահամբոյր ժպիտները, պարոն Եդուարդ Բատոյեանի ըմբոստ կիրքը, Մուշեղ Իշխանի եւ Գէորգ Գանտահարեանի հայրական գուրգուրանքը, օրիորդ Ալիս Գազանճեանի անսակարկ ծառայասիրութիւնը, Երուանդ Փամպուքեանի ազնուական շունչը, Հրաչ Տասնապետեանի անխոնջ միտքը եւ վաղամեռ օրիորդ Մանուշակ Պոյաճեանի անզուգական նուիրումը:

Խորին յարգանք ու փառաբանանք անցեալի հոյլ մը անձնուէր դաստիարակներու, որոնք մեր կրթութիւնը ըրին իրենց կեանքի նպատակը:

Այժմ նաեւ կ'ուզեմ յարգանքներս ներկայացնել այսօրուան նուիրեալ դաստիարակներուն, որոնք ներկայ դժուար պայմաններու մէջ յամառօրէն կը պայքարին, երբեք չզլանալով որեւէ ճիգ, որպէսզի այս պատմական դպրոցը չկորսնցնէ իր հայակերտի կոչումը:

Յարգանքի եւ յիշատակի ծիրէն ներս՝ խունկ, աղօթք եւ ակնածանք այն բոլոր ճեմարանական հերոսներուն, որոնք նահատակուեցան հայութեան եւ հայրենիքի համար:

Այսօր Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական ճգնաժամը դժուար պայմաններու մատնած է ազգային բոլոր կառոյցները, ինչպէս նաեւ՝ Ճեմարանը: Դժուար է գոյատեւել այս բացառիկ ծանր պայմաններուն մէջ: Երբ մարդիկ իրենց ամէնօրեայ ապրուստը չեն կրնար ապահովել, երբ ընտանիքներ իրենց տարրական պէտքերը չեն կրնար հոգալ... Բազմաթիւ դպրոցներ եւ կառոյցներ իրենց դռները կը փակեն, բայց մենք չենք կրնար, իրաւունք չունինք վտանգի մատնելու Ճեմարանի գոյութիւնը որքան ալ դժնդակ պայմաններու մէջ գտնուինք: Հայեցի դաստիարակութեան եւ հայկական կրթութեան սքանչելի սոյն կաճառը այս տարի կը տօնէ իր հիմնադրութեան 90-րդ տարեդարձը. այս դպրոցը ձեւաւորեց ու յղկեց մտքերը հազարաւոր հայորդիներու, հայ ոգին ու մշակոյթը սերտօրէն փոխանցեց անհամար սերունդներու. ապառաժ մըն է այս հիմնարկը հայապահպանման նուիրուած, իրեն նեցուկ չկանգնիլը այս դժուար օրերուն, համապատասխան պիտի ըլլայ մեր ապագայ սերունդներուն հանդէպ ոճիրի մը, որուն համար պատմութիւնը մեզ պիտի մեղադրէ եւ դատապարտէ:

Ապրի՛ Ճեմարանը, ապրի՛ հայ մշակոյթը եւ ապրի՛ ողջ հայութիւնը:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ