կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-04-03 11:50
Հասարակություն

Խոնարհ Հերոսի Մը` Ժիրայր Նալպանտեանի Յիշատակին

Խոնարհ Հերոսի Մը` Ժիրայր Նալպանտեանի Յիշատակին

Կան մարդիկ, որոնց վաստակը կը չափուի ո՛չ իրենց ջամբած գիտութեամբ, ո՛չ իրենց ստեղծագործութեամբ, ոչ ալ… իրենց գործերով: Այդ տեսակ մարդերու միակ վաստակը կը չափուի իրենց կենսակերպով, իրենց սոսկ գոյութեամբ: Երբ կեանքի անյեղլի օրէնքով օր մը կը դադրի այդ գոյութիւնը, նոր կ՛անդրադառնանք, որ մեր ապրած միջավայրը քիչ մը աւելի ամայացաւ, իսկ մենք` աւելի որբացանք:

Նման անկրկնելիներու շարքին է շուրջ ամիս մը առաջ մահացած Ժիրայր Նալպանտեանը: Պաղեստինէն գաղթած ըլլալուն համար` աւելի շատ ծանօթ էր իբրեւ Պաղեստիցի Ժիրայր: Պատկառելի տարիքի մը հասած էր Ժիրայր Նալպանտեանը. ան շիջեցաւ 92 տարեկան հասակին` այս ձեւով վերապրելով արդէն անհետացած սերունդի մը ականաւոր ու անծանօթ բոլոր հանրային կեանքի դերակատարներուն:

ՀՄԸՄ-ական էր Պաղեստինցի Ժիրայրը: Ոչ սկաուտ էր, ոչ ալ մարզիկ: Հաւատաւոր մարզասէր մը, որ ձգտում ալ չէր ունեցած վարչական կամ այլ պաշտօն ստանձնելու իր սիրած միութեան մէջ: Ֆութպոլն ու պասքեթպոլը իր նախընտրած երկու մարզախաղերն էին. ոչ մէկ մրցումէ կը բացակայէր, եւ իր ներկայութիւնը խիստ ցուցադրական կը դարձնէր` իր պոռթկուն քաջալերանքով:

Դաշնակցական էր Ժիրայր Նալպանտեան: Դաշնակցական հերոսներու պաշտամունքը սրտին մէջ, ՀՅԴ Ծրագրին, կանոնագրին ու մանաւանդ որոշումներուն հաւատարմութիւնը ոչ մէկ ընկրկում կը ճանչնար: Կամաւոր զինուոր Ժիրայր Նալպանտեանը իր իսկական տարերքին անձնատուր կը դառնար, երբ ժողովուրդի ապահովութեան ի խնդիր անհրաժեշտ կ՛ըլլար գործնական քայլերու ձեռնարկել: Նման առիթներով Ժիրայրը` միշտ պատրաստ ու գործունեայ, կը գտնուէր առաջաւոր դիրքերու վրայ:

Խոնարհ հերոսի կոչումը կարծէք ստեղծուած է Պաղեստինցի Ժիրայրի նմաններուն համար. դաշնակցական զինուորի տիպար մը, որ անհետանալու վրայ է մեր կեանքէն: Բարոյական նկարագրի տէր ջան-ֆետայի, որ անսակարկ նուիրումով կը ծառայէ Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին:

Ժիրայր Նալպանտեան փափաքած էր, որ դէպի գերեզմանատուն վերջին երթին, դագաղը հեղ մը կանգ առնէ Սարդարապատ ակումբին առջեւ: Ընկերները կատարած են իր խնդրանքը: Փափաքած էր նաեւ, որ իր յուղարկաւորութեան դամբանական խօսիմ: Աւա՜ղ, չէի կրնար խոստումս կատարել: Այս քանի մը տողերը թող չկատարած խոստումիս հատուցում համարուին:

Հողը թեթեւ, սիրելի՛ ընկեր Ժիրայր:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

aztagdaily.com