Փոխարժեքներ
09 10 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.42 |
EUR | ⚊ | € 425.54 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.02 |
GBP | ⚊ | £ 507.44 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.65 |
«Իւրաքանչիւր գաղութ պէտք է ոտքի կանգնի ինքնիր մէջ, ինքնիրեն համար նախ, սակայն միշտ նկատի ունենալով հայութեան ամբողջութիւնը եւ այդ ամբողջութեան ոգեկան կեդրոնը»
Տոքթ. Բաբգէն Փափազեան
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ 2023 թուականի սեմին, տարեշրջանը հռչակեց «Սփիւռքի տարի», իր հայրապետական պատգամին մէջ շեշտադրումը դնելով ինքնաքննութենէ՝ վերակազմակերպում հասկացութեան վրայ։ 2023 թուականի մօտալուտ աւարտին, հայ ժողովուրդը կը գտնուի համընդհանուր տաժանքի սեմին, երբ ազգովին կը վերապրինք եղեռնագործութեան արհաւիրքը, երբ ականատեսներն ենք Արցախի պետութեան կործանման ու խորտակման։ Նման կացութեան մէջ, Սփիւռքը իսկապէս կարիքը ունի վերարժեւորելու իր հեռակայ նպատակներն ու կարողականութիւնները։
Ի՞նչ է Սփիւռքի գերակայ նպատակը։ Վերադարձ պատմական հայրենի բնօրրա՞ն, հայրենադարձութի՞ւն, հայապահպանութի՞ւն, հայրենատիրութի՞ւն։ Սփիւռքը ունեցած է սկիզբ, որ արդիւնք է 1915 թուականի թրքական պետութեան կողմէ հայկական բարձրաւանդակին մէջ բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան։ Հետագայ հանգրուանին, Սփիւռքը կրնայ ունենալ նաեւ վախճանաբանութիւն։ Բայց մինչ այդ, Սփիւռքը գոյ է եւ ներկայութիւն է հայոց պատմութեան այս ճակատագրորոշ հանգրուանին։ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ եւ ոչ ալ ճակատագրապաշտութեան ենթակայ հաւաքականութիւն։ Յստակ է նաեւ, որ հայրենատիրութեան իր չափաբաժինը արդիւնաւէտօրէն ներդնելու համար՝ նախապայման է ունենալ հզօր ու կազմակերպուած Սփիւռք։
Այսօր, միջազգային աշխարհաքաղաքականութեան յարափոփոխ ընթացքին մէջ, պատերազմի թէ խաղաղութեան պահերուն, մարդկութեան եւ ազգային հաւաքականութիւններու հիմնարար ուղղորդիչը կը հանդիսանայ գիտարուեստը։ Հայ Սփիւռքը գիտարուեստի բնագաւառէն ներս ունի տասնամեակներու փորձառութիւն եւ Սփիւռքի յանձնառութիւնը պիտի դառնայ գիտարուեստի իր ողջ ներուժը ի սպաս դնել հայրենիքին, տարածաշրջանին մէջ Հայաստանը վերածելով տեղեկագիտութեան եւ գիտարուեստի արդիւնաբերութեան ազդեցիկ ու յառաջատար կեդրոնի, որ իր անուրանալի նպաստը պիտի բերէ նաեւ հայրենիքի անվտանգութեան գործին։
Սփիւռքի հայրենիքին մատուցած աւանդական օժանդակութեան ծրագիրներուն՝ ճանապարհաշինութեան եւ կամ դպրոցաշինութեան կողքին, այսօր աւելի քան երբեք առաջնահերթ են գիտարուեստի կեդրոններու հիմնադրման, տիեզերական հետազօտութիւններու, արհեստական բանականութեան եւ գիտական այլ նորարարութիւններու ուղղուած զարգացման ծրագիրները։ Այս առումով, յառաջիկայ տարիներուն, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման համակարգուած քաղաքականութեան գլխաւոր բաղադրիչը պէտք է որպէս հիմնախարիսխ ունենայ գիտարուեստի ոլորտի համագործակցութիւնը։ Սփիւռքի հայկական մասնագիտական ներուժի յայտնաբերման ու համախմբման ուղղուած ճիգերը ու այդ վիթխարի գիտական ներուժի ներգրաւումը Հայաստանի արհեստագիտութեան զարգացման գործընթացին մէջ, այսօր առաջնահերթութիւն պէտք է դառնայ։
Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի ներքին ինքնակազմակերպման հարցերուն, առաջին հերթին անհրաժեշտ է հետազօտական ծրագիրով մը եւ կամ Համասփիւռքեան խորհրդաժողովով մը քննարկման բովէ անցընել եւ չափակշռել, թէ անցնող կէս դարուն ի՞նչ էր սփիւռքահայութեան ընդհանուր իրավիճակը, քաջատեղեակ ըլլալով այն իրողութեան, որ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գաղութ սկիզբ առած եւ հիմնադրուած է քաղաքակրթական տարբեր աշխարհագրական տարածաշրջաններու մէջ ու այդ առումով առանձնայատուկ իր աշխարհընկալումները ունի։
Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղթօճախները, սփռուած Լիբանանի, Իրանի, Սուրիոյ, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ, յիսնամեակ մը առաջ, համընդհանուր կէս միլիոն հայ բնակչութիւն կը հաշուէին տեղաբաշխուած աշխարհագրական այդ տարածքին մէջ։ Այդ թիւը, անցնող 50 տարուան ընթացքին նուազած է 50% տոկոսով։ Նոյն ժամանակահատուածին, ուռճացած է Հիւսիսային Ամերիկայի սփիւռքահայութեան թուաքանակը։ Այստեղ օրինակ կը բերենք գանատական կառավարութեան Պետական վիճակագրական բաժանմունքի մարդահամարի տուեալները երկրի հայ համայնքին առնչուող, ընդ որում 2011-ի հաւաքագրուած տուեալներու համաձայն հաշուառուած 55 հազար հայերու թիւը՝ տասնամեակ մը ետք, 2021 թուականի վիճակագրութեամբ արդէն յաւելում արձանագրելով հասած է մօտ 70 հազարի, այսիքն՝ 20% աճ արձանագրուած է տասը տարուան ընթացքին։ Միջին Արեւելքի աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ իրավիճակը, անվերջանալի հակամարտութիւնները եւ տնտեսական տագնապալի կացութիւնները, վերջին կէս դարուն Միջին Արեւելքի հայկական սփիւռքին մէջ յառաջացուցած են գաղթաշարժի նոր ալիքներ դէպի արտաշխարհ, յատկապէ՛ս դէպի Արեւմուտք եւ մասամբ դէպի Հայաստան։ Այս ընթացքով, պարզորոշ կը դառնայ, որ եթէ Սփիւռքի մէջ հայ անհատի ինքնութեան պահպանման հարց ունինք այսօր, աւելի լուրջ հարցի վերածուած է Սփիւռքի Միջին Արեւելքի հայահոծ գաղթօճախներու գոյապահպանման խնդիրը։
Հայրենի պետութեան ամրապնդման առաքելութեան մէջ իրենց որոշիչ տեղերն ունին ազգահաւաքն ու հայրենադարձութիւնը։ Ցաւօք, Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր, ազգահաւաքը խթանող գործնապաշտ նախաձեռնութիւններ եւ ամենակարեւորը՝ հայրենադարձութեան կիրառելի հայեցակարգ յառաջացնելու որեւէ ծրագիր երբեք չիրականացաւ։ Միջին Արեւելքի մէջ յամեցող հակամարտութիւններուն պատճառով Հայաստան ներգաղթած սուրիահայերու եւ իրաքահայերու ստուար զանգուած մը հայրենադաձ ըլլալէ ժամանակ մը անց՝ գաղթեց արտասահման։
Հայ Սփիւռքի պատմական առաքելութիւնը եղած է նաեւ հայապահպանումը։ Ձուլում, այլասերում եւ օտարացում՝ տարասփիւռ հայութեան աքիլլէսեան կրունկն են։ Հայապահմանման գծով Սփիւռքի վերակազմակերպումը իմաստաւորելու համար անյետաձգելի են հայագիտական ամպիոններու ստեղծումները։ Հայագիտութիւնը ու անոր տարածումն ու խթանումը գործանականօրէն պիտի նպաստէ Սփիւռքի համայնքներու ամրագրման ու հայ անհատի ազգային ինքնագիտակցութեան խորացման:
Այլ հարց մը, որ կը վերաբերի Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն, այն է, որ ժամանակը հասած է, որ ուսումնասիրուի Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ Սփիւռքի մասնակցութեան հարցը։ Ինչպէ՞ս կրնայ սփիւռքահայը գործօն մասնակիցը ըլլալ Հայաստանի օրէնսդրական դաշտին մէջ, կամ ի՞նչ են կարելիութիւնները, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին սահմանուած կարգով ընտրուին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունեցող Սփիւռքի ներկայացուցիչներ։ Թուենք այլ երկիրներու օրինակներ։ Ֆրանսայի Հանրապետութիւնը ունի 11 արտասահմանեան ընտրատարածք (overseas constituency), այսինքն Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական կուսակցութիւններու սփիւռքի թեկնածուները իրաւունքը ունին մասնակցելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն արտասահամանեան ընտրատարածքներուն մէջ։ Իտալիոյ Հանրապետութիւնը արտասահամանեան ընտրատարածքներուն համար 8 աթոռ վերապահած է ստորին պալատին, իսկ 4 աթոռ՝ վերին պալատին համար։ Նշուած երկու երկիրները իրենց սփիւռքները ընտրութիւններուն մասնակից դարձնելու այս նոր փորձառութիւնը որդեգրած են անցնող տասնամեակին։ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ ընտրելու նոյնատիպ աշխատելաձեւ ունին Ալճերիան, Թունուզը, Էքուատորը եւ Տոմինիքեան Հանրապետութիւնը։ Հայաստանի պարագային, այս մէկը իրագործելու համար անշուշտ եւ առաջին հերթին անհրաժեշտ պիտի ըլլան սահմանադրական բարեփոխումներ։
Այս դիտարկումները կը նշենք, ի մտի ունենալով որ այսօրուան դրութեամբ Սփիւռքի վերակազմակերպումը իւրաքանչիւր հայ գաղթօճախի ապագայի երկարաժամկէտ ծրագրի առաջնահերթութեան կիզակեդրոնը պէտք է ըլլայ, որպէսզի հզօր Սփիւռքով ընձիւղուի ապագայ հզօր հայրենիքը, իսկ Հայաստանը իր կարգին պէտք է դառնայ «համայն հայութեան հայրենիք»ը, ճիշդ ինչպէս նշուած էր «Հայաստան-Սփիւռք» առաջին խորհրդաժողովի հռչակագրին մէջ։
«Հորիզոն»ի խմբագրական