կարևոր
0 դիտում, 7 տարի առաջ - 2017-07-29 12:29
Հասարակություն

Սփիւռք-Հայրենիք Համահայկական Ժողովի Նախօրէին

Սփիւռք-Հայրենիք Համահայկական Ժողովի Նախօրէին

Աղբյուրը՝ arfd.am

Սփիւռք-Հայրենիք յարաբերութիւններուն, փոխադարձ ճանաչողութեան, փոխանակումներուն 25 տարուան փորձառութիւնն ու արձանագրուած արդիւնքները ենթահող պիտի ծառայեն, բնականաբար, Հայաստան-Սփիւռք վեցերորդ համահայկական երկօրեայ ժողովի նախօրեակին քննարկումներ կատարելու եւ Սփիւռքի ու հայրենիքի ներկայ իրավիճակներու լոյսին տակ նոր առաջարկներով հանդէս գալու:

Յետադարձ հայեացք մը նետելով սուրիահայութեան դիմաց պարզուած յատկապէս վերջին՝ պատերազմական տարիներու պատկերին վրայ, կրնանք հաստատել, որ պատերազմը պատճառ հանդիսացաւ, որ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւնները շատ աւելի արագ կշռոյթով զարգանան, երեւան հանելով մասնագիտական սերտողութեան արժանի մէկէ աւելի երեւոյթներ:

Եթէ նախքան պատերազմը սուրիահայութեան նկատառելի մէկ տոկոսին համար, առանց բացարձակ ընդհանրացումներու երթալու, հայրենիքը միայն ոգեղէն ներկայութիւն էր, ուր զբօսաշրջութեան, հանգիստի, ուսանելու կամ համահայկական ժողովներու մասնակցութեան համար կարելի էր մեկնիլ ու բաւարարուիլ հայրենաճանաչութեամբ, աւելին՝ հայրենասիրական զգացումները գոյատեւման խթան ծառայեցնել եւ Արարատի հմայքին ու հայրենիքի քաղցր ջուրին համով լիանալ. եթէ հայրենիքը ոգեղէն ներկայութիւն էր միայն, սուրբ ներկայութիւն մը, ուր ամէն բան վարդագոյն էր ու դիւրահաս, ապա պատերազմը պատճառ հանդիսացաւ, որ այդ մակերեսային նայուածքը կտրուկ վերիվայրում մը ապրի, զգացական մօտեցումները բախին իրականութեան պատին ու Հայաստանը որպէս անկախ պետութիւն, պետականութիւն ընկալելու գիտակցական վիճակը շատ աւելի արագ կշռոյթով ձեւաւորուի: Պետութիւն, որ ունի իր դժուարութիւնները եւ որուն զարգացման ու կայունացման մէջ իր ներդրումը կրնայ բերել ու պէտք է բերէ Սփիւռքը, ոչ թէ միայն հեռուէ հեռու զօրակցական կոչեր հրապարակելով ու տնտեսապէս օժանդակելով անոր, այլ նաեւ մասնակցելով, որովհետեւ հայկական մեր իրականութեան մէջ ամուր խարիսխ մըն է անկախ Հայաստանը: Մասնակցութեան այդ եղանակը պիտի ըլլայ սերտելին: Մասնակցութիւն մը, որ սահմանափակ ներդրումէն անդին երթայ ու մեր պետութիւնը միասնաբար կառուցելու, զօրացնելու տրամաբանութեամբ օժտուի:

Մասնակցութիւն մը, որուն եզրերուն ճշդորոշումին մէջ դերակատարութիւն ունենայ սփիւռքահայ մասնագէտը, մտաւորականը նաեւ: Մասնակցութիւն մը, որ հիմնուի փոխադարձ իրատես ճանաչողութեան վրայ՝ հեռու զգացական մօտեցումներէ: Անցած են հայրենասիրական երգերով խանդավառուելու ժամանակները: Հայ երիտասարդութիւնը, Սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի, կենդանի գործին, գործակցութեան հետ յոյսեր կը կապէ միայն:

Հայաստանի համար եւս սուրիական պատերազմը երկու իրավիճակ ստեղծեց. առաջինը պատերազմին իբրեւ հետեւանքով Հայաստան հաստատուող սուրիահայերուն աշխատանքի եւ կեցութեան յարմարութիւններու ապահովման անհրաժեշտութիւնն էր, սուրիահայ գաղթող մարդուժին ներգրաւումը նաեւ հայաստանեան միջավայրին մէջ: Երկրորդը՝ սուրիահայ գաղութի դիմադրողական ոգիին նպաստելն ու քաղաքական դաշտին վրայ այդ նկատառումներով հանդէս գալն էր, որպէս պետութիւն: Այս պատերազմը նպաստեց, որ Հայաստանն ու հայաստանցին աւելի լաւ ճանչնան սուրիահայը, սուրիահայն ալ՝ Հայաստանը, որպէս 25ամեայ պետական ներկայութիւն մը մեր կեանքին մէջ: Այս առումով պէտք է քննարկել, թէ որքանո՛վ կարելի եղաւ ճշգրտօրէն կառավարել պատերազմին յառաջացուցած այս նոր կացութիւնը:

Սուրիահայ գաղութին դիմադրողական ոգին գլխիվայր շրջեց նաեւ ընդհանրացած այն թիւր կարծիքը, որուն համաձայն պատմական մեր գաղութները ժամանակաւոր են, փխրուն ու կորստեան դատապարտուած: Փաստօրէն անոնք, ունենալով մէկտեղ գոյերթի պահպանման լուրջ մարտահրաւէրներ, դժուարութիւններ ու թոյլ կողմեր, ընդունակ են պահպանելու իրենց գոյութիւնը, սակայն կը մտածե՞նք այդ գոյութիւնը երկարաձգող որակաւոր մարդուժի պատրաստութեան կարեւորութեան մասին, իսկ Հայաստանը որքանո՞վ կրնայ սատարել այդ պատրաստութեան:

Փափաքելի պիտի ըլլայ, որ այս ժողովը խորքային քննարկումներու եւ նոր գործելաձեւի որդեգրման առիթ հանդիսանայ, ի շահ հայրենիքին ու Սփիւռքին, ոչ թէ անոնցմէ մէկուն՝ միւսին հաշուոյն:

kantsasar.com