Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 30 Յուլիս 2023-ի առաւօտուն, Գոքինոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ-ոգեկոչում 1983-ին Լիզպոնի մէջ «Հայ Յեղափոխական Բանակ»-ի Հինգ անձնազոհ հերոսներու յիշատակին։
Ոգեկոչման նախագահեց Յունաստանի Հայոց թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։ Ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամ Արսէն Գալֆայեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ անդամները, Հ.Կ.Խաչի Շրջ. վարչութեան ատենապետուհի ընկ. Լիզա Աւագեան եւ անդամները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջ. վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Պօղոսեան եւ անդամները, Երիտասարդական միութեան անդամներ եւ հայրենակիցներ։
Բեմին վրայ զետեղուած էին Հինգ հերոսներու նկարները։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի իր խօսքին մէջ աւետարանական մէջբերում մը ընելով ըսաւ, «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ՝ թող ուրանայ իր անձը, ամէն օր իր խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ։ Որովհետեւ, ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել՝ պիտի կորսնցնէ զայն, եւ ով որ ինծի համար կորսնցնէ իր կեանքը՝ պիտի փրկէ զայն։ Ի՞նչ օգուտ եթէ մէկը ամբողջ աշխարհը շահի, բայց իր կեանքը կորսնցնէ կամ ինքզինքին վնասէ»։
«Քրիստոսաւանդ այս պատուէրը քրիստոնեայ ըլլալու նախապայմանն է։ Քրիստոսի հետեւողը իր խաչը պիտի կրէ ամէն օր։ Հետեւիլ Քրիստոսի կը նշանակէ ընդունիք եւ ապրիլ Քրիստոսի ուսուցումներն ու պատուէրնեը։ Իսկ խաչ կրել կը նշանակէ քաջութիւնը ունենալ եւ յարատեւել կեանքով ապրիլ Քրիստոսի պատուէրները, որ հիմնականին մէջ կ’ենթադրէ ուրանալ իր անձը, իր եսը եւ ընդունիլ նաեւ ուրիշները։ Ան որ իր եսը, իր անձնական կեանքը իր կեանքին առանցքը դարձուցած է, ան տեղ չունի Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Ան որ իր անձին համար կ’ապրի միայն, տեղ չունի հաւաքականութեան ե՛ւ կեանքին մէջ ե՛ւ յիշողութեան մէջ։
Ցորենի հատիկը աւետարանական պատկերացումով խորհրդանիշ է քրիստոնեայ անհատին։ Ցորենի հատիկը որ բնութեամբ իր մէջ ունի արժանիքներ բազմարդիւն ըլլալու, եթէ հողին մէջ չցանուի, չկորսուի, կը մնայ ինչպէս որ է, առանց բազմարդիւն ըլլալու. մինչդեռ ցանուած հատիկը, թէեւ ինքնին կը կորսուի հողին տակ, բայց իր փոխարէն ատոք հասկ կու տայ։
Քրիստոսաւանդ այս պատուէրը նաեւ իր արժէքն ու թելադրականութիւնկը ունի նաեւ կրօնական շրջագծէն դուրս։ Մարդկութեան պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան զարգացումը արդիւնքն է անձնազոհ մարդոց իրագործումներուն։ Առաւել եւս, անձնուրացութեան, անձնազոհութեան քրիստոնէական կենցաղի այս հաւատքը եւ սկզբունքը, խորապէս արմատացած է հայ ժողովուրդի ազգային նկարագին եւ հաւաքական գիտակցութեան մէջ։ Անոր արտացոլացումն են հայոց պատմութեան բոլոր ժամանակներուն յանուն ազգի գոյապայքարին մղուած հերոսական պատմակերտ սխրանքները»։
Իր խօսքը մասնաւորելով Լիզպոնի հերոսական արարքին վրայ, Սրբազան հայրը յայտնեց։ «Հայ ժողովուրդի արդար դատին եւ իրաւունքներուն համար բացուած բազմատեսակ եւ բազմաբնոյթ պայքարի ուղիին վրայ, 40 տարիներ առաջ Հայ դատի հետապնդման պայքարին զինուորագրուած հինգ երիտասարդ տղաներ Լիպոնի մէջ ընդառաջացին պարտականութեան կոչին։
Անոնք իրենց յանձնառութեամբ շարունակեցին նոր օղակ դառնալ պատմութեան ընթացքին իրարու ագուցուած հերոսական նահատակութեանց շղթային, Տիզբոնէն Լիզպոն, ինչպէս պիտի ըսէր բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազ։
Նահատակութեան ոգին ազգասիրութեան գերագոյն արտայայտութիւն է։ Ամէն մարդ կրնայ հանգիստի եւ խաղաղ պայմաններուն մէջ հայրենասէր ըլլալ. Հայրենասիրութիւնը վերացական գաղափար եւ զգացում է, եթէ կեանքով եւ արարոքով չ’ապացուցուի։ Լիպոնի տղոց անձնազոհութիւնը մէկ օրէն միւսը որոշուած պատահականութեան արդիւնք չէր։
Լիզպոնի հինգին անձնազոհութիւնը գիտակցութեան արդիւնք էր, եւ գիտակցութիւնն ալ՝ դաստիարակութեան։
Սերմնացանի աւետարանական առակին մէջ չորս տեսակի ցորենի վիճակներ կան։ Ցանքի ատեն ցորենի հատիկներ կ’իյնան ճամբու եզրին, որ ոտքի կոխան ըլլալով կամ թռչուններէն կերուելով կը կորսուին։ Անոնք ամբողջութեամբ անտարբերներ, անգիտակցներ եւ այլասերածներ կը խորհրդանշեն։ Ոմանք կ’իյնան ժայռոտ հողամասին վրայ, որ երբ արեւը ծագի եւ հողը ջերմանայ, անմիջապէս կը բուսնին, բայց հողը բաւարար խորք չունենալով չեն աճիր։ Անոնք խանդավառ անձերն են, որոնք անմիջապէս կ’ըդառաջեն, բայց հազիւ դժուարութիւնները եւ նեղութիւնները յայտնուին, կը հրաժարին։ Ոմանք կ’իյնան փշոտ հողամասի վրայ։ Կ’աճին, կը սկսին մեծնալ, բայց փուշերը կը խեղդեն զանոնք։ Անոնք ընդառաջողներն են, բայց անոնց կեանքի զբաղումները, հոգերը, նախասիրութիւնները աւելի գերակշիռ ըլլալով կը դադրին։ Կան նաեւ ոմանք, որոնք պարարտ հողամասի վրայ կ’իյնան. Անոնք մէկի տեղ երեսուն, վաթսուն եւ իննիսուն ատոք հասկեր կու տան։
Նոր սերունդի իւրաքանչիւր անհատ ցորենի հատիկ մըն է, բնատուր յատկութիւններով օժտուած։ Նայած թէ անոնք մեր ազգի հաւաքական կեանքի հողամասին որ բաժնին վրայ կ’իյնան։
Լիզպոնի հինգ տղոց անձնազոհութեան ոգեկոչումը այսօր մեզի կը թելադրէ, որ
1.- Դաստիարակութիւնն է, որ կը պատրաստէ գիտակից, յանձնառու, անձնուէր, պատրաստ սերունդներ։
2.- Սփիւռքի գոյատեւման եւ հայապահպանման համար կատարուած աշխատանքներուն նախագիծը ցոյց կու տայ, թէ մեր գաղութներուն մէջ հիմնուած բոլոր եկեղեցական թէ ազգային կառոյցները գոյացած են որպէս խիստ անհրաժեշտութիւն, որպէսզի ապագայի կարողականութեամբ օժտուած նոր սերունդի ցորենի հատիկները ազգի անդաստանին պարարտ հողին մէջ աճին։ Այդ պատճառաւ ալ, ներկայիս ճիշդ պիտի չըլլայ այդ կառոյցներուն միջեւ նախընտրութիւններ եւ առաջնահերթութիւններ առաջացնելու գործելակերպը։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, անխտիր, իրեն յատուկ դերակատարութիւնը ունի։
3.- Լիպոնի հինգի անձնազոհութիւնը մեր պատմութեան միակ դէպքը չէ։ Հերոսական դէպքերը մէկը միւսին ոգեւորող շարունակականութիւն են։ Իւրաքանչիւր նահատակ հերոս իր սխրագործութեան մէջ յարատեւող կը մնայ, այնքան ատեն, որ հաստատ համոզումը ունի, թէ պայքարի ճանապարհի վրայ ինք վերջինը չէ, իրմէ ետք շարունակողներ պիտի ըլլան։ Հետեւաբար, անոնց յիշատակը ոգեկոչել կը նշանակէ յարգել եւ արժեւորել անոնց վաստակը, բայց մանաւանդ ներկայ սերունդին անդրադարձնել թէ անոնց վաստակին արժէքը պայմանաւորուած կը մնայ, յաջորդներուն յաձնառու շարունակութեամբ։
Առիթին թելադրող պատգամն է, հայապահպանման համար անհրաժեշտ բոլոր տեսակի եւ բնոյթի աշխատանքներուն եւ պարտականութեանց անձնուիրաբար ընդառաջելու յանձնառութիւնը ունենալ»։
Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.-ի ուղերձը
Հ.Յ.Դ Յունաստանի Երիտ. Միութեան անունով հանդէս եկաւ ընկ. Քարէն Գաւլաքեան եւ արտասանեց հետեւեալ ուղերձը։
«40 տարիներ կ՚ամբողջանան այս տարի 1983-ի Յուլիսի այն օրէն, երբ հինգ երիտասարդ հայեր, Լիզպոնի մէջ ուժական արարքով մը գրաւեցին թրքական դեսպանատունը՝ արդարութեան պահանջքով եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը աշխարհին յիշեցնելու համար: Հոն ձգեցին իրենց վերջին շունչը, հերոսացան եւ անմահացան իրենց քաջութեամբ ու կեանքի զոհաբերութեամբ: Արա, Վաչէ, Սարգիս, Սիմոն եւ Սեդրակ անունները դրոշմուած կը մնան մեր միտքերուն մէջ, եւ հակառակ որ մենք չենք ճանչցած անոնց, հակառակ որ տարիները կ՚անցնին, անոնք իբրեւ հարազատ ընկերներ կը ներշնչեն եւ կ՚ոգեւորեն մեզ, իրենց ըմբոստ ոգին կը վարակէ երիտասարդները՝ Հայ դատի պայքարի ճամբուն վրայ, մեր քարոզչական գործին մէջ եւ պահանջատիրական ելոյթներուն ընթացքին:
Չենք մոռնար, որ անոնք ալ մեզի պէս երիտասարդ տղաք էին: Մեզի պէս ունէին իրենց երիտասարդական կեանքը, ընտանիք, բարեկամներ եւ ապագայի երազները: Ի՞նչ զիջեցան Լիզպոնի տղաքը՝ Արան, Սեդրակը, Սիմոնը, Վաչէն եւ Սարգիսը յանուն իրենց նպատակի, յանուն իրենց գործողութեան։ Յանուն Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի տեսլականին համար զիջեցան իրենց կեանքը, զիջեցան իրենց հպարտութիւնը, վախը, ընտանիքները, կարօտը, երազը եւ մանաւանդ զիջեցան իրենց ԵՍ-ը։
Անոնք մէկ կողմ դրին ամէն ինչ, բառին իսկական իմաստով ամէն ինչ, ներեցին բոլորին, ներեցին անգամ չներուողներուն, իրենց մահուան գիրկը ուղարկողներուն, Մաքրուեցան, Հաղորդուեցան եւ իրենց բռնած գործը աւարտեցին յաջողութեամբ…
40 տարի ետք մենք բոլորս, պէտք ունինք Լիզպոնի տղոց զիջելու դասէն քիչ մը սորվելու, եթէ մենք այսօր չզիջինք, չներենք երկուստեք զիրար, ապա մեր անմիաբանութիւնը աւելի պիտի խորանայ ու խորանայ, ու բնականաբար անմիաբանութեան աւարտը միայն փլուզումը կըլլայ, կը յուսամ, որ այդ փլուզումը կանգնեցնեն Լիզպոնի մէջ անշնչացած մեր անմահ հերոսները իրենց Զիջելու, Ներելու, Խոնարհելու պատգամով…
Այսօր անգամ մը եւս յիշենք իրենց խօսքերը որ ուղղած էին բոլորիս դէպի Լիզպոն անվերադարձ մեկնելէն առաջ.-
«Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար: Եկէք միացէ՛ք մեզի: Կը հաւատամ որ օր մը կը տիրանանք մեր հայրենիքին», կը պատգամէր Սագօն:
«Մեզմէ առաջ շատեր քալած են մեր ընտրած ճամբան եւ կը հաւատամ, որ մեզմէ վերջ աւելի լաւերն ալ պիտի գան», կ՚ըսէր Սեդոն:
«Ես բնական մահով պիտի չմեռնիմ: Ես Հայ դատի զինուոր եմ», կը խոստանար Վաչէն:
«Առանց հայրենիքի, առանց մայր հողին, ոչ ընտանիք կ՚ըլլայ, ոչ ապագայ կայ», կը հաստատէր Արան:
«Շատ հպարտ եմ որ հայ ծնած եմ, որովհետեւ հայօրէն պիտի մեռնիմ», կը յայտարարէր Սիմոն:
Դուք հայրենիքը չտեսնելով հայրենիքին համար զոհուեցաք, ընկերներ: Յարգանք՝ Լիզպոնի Հինգին յիշատակին: Հայ երիտասարդութեան ապագայ քայլերը առաջնորդող լոյսը պիտի ըլլաք դուք: