կարևոր
4846 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-12-09 14:53
Քաղաքական

­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նի ե­լոյ­թը Ա­թէն­քի մէջ

­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նի ե­լոյ­թը Ա­թէն­քի մէջ

Աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ Ա­թէնք գտնո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան, որ քա­ղա­քա­կան բո­վան­դա­կու­թեամբ կա­տա­րած հան­դի­պում­նե­րու շար­քին, ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ յու­նա­հայ հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը Ար­ցա­խի մա­սին, ­Շա­բաթ, 3 ­Դեկ­տեմ­բեր 2022-ի ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հին մէջ։ Ե­լոյ­թը կազ­մա­կեր­պո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէին կող­մէ։

­Ներ­կայ ե­ղան Հ.Հ. դես­պա­նա­տան խորհր­դա­կան տիկ. Ար­մի­նէ Ա­լեք­սա­նեան, ­Գո­քի­նիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, ­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պ. Ա­րա ­Գի­րա­զեան, Ազ­գա­յին վար­չու­թեան, Հ.Կ.­Խա­չի եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շրջ. վար­չու­թիւն­նե­րու, Ու­սում­նա­կան խոր­հուր­դի, տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու եւ կո­մի­տէ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու հայ­րե­նակ­ցի­ներ։

Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի ա­նու­նով ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ընկ. ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեան, որ խնդրեց վայր­կեա­նի մը յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գել Ար­ցա­խին հա­մար զո­հա­բե­րո­ւած բո­լոր հա­յոր­դի­նե­րու յի­շա­տա­կը։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ան ան­դրա­դար­ձաւ օ­րո­ւան ե­լոյ­թին. ըն­կե­րոջ խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։

Տ­պա­ւո­րիչ ներ­կա­յու­թիւն մը ու­նե­ցան Հ.Յ.Դ. ­Պա­տա­նե­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը, ո­րոնք խան­դա­վառ ո­ճով եր­գե­ցին «­Գե­տա­շէն» եւ «Գնդակ ո­րո­տաց» յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րը, խլե­լով բո­լո­րին ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րը։

Օ­րո­ւան գլխա­ւոր խօ­սող ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան իր ե­լոյ­թի մեկ­նար­կին ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ դար­ձեալ ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ ներ­կա­յա­նա­լու յու­նա­հայ հան­րու­թեան առ­ջեւ։

Ըն­կե­րը մատ­նան­շեց, թէ հա­կա­ռակ ստեղ­ծո­ւած ծանր վի­ճա­կին, Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցը կա­րե­լի չէ վեր­ջա­ցած նկա­տել, նոյ­նիսկ ե­թէ այ­սօր թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը կը փոր­ձէ ա­մէն տե­սա­կի սադ­րանք­ներ ի­րա­գոր­ծե­լով, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քը հա­մո­զել, թէ Ար­ցա­խի հարց այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նի։ Ան շեշ­տեց, թէ ար­ցախ­ցին այս ան­գամ եւս ու­նի պայ­քա­րե­լու հզօր կամք։ ­Յա­ջոր­դա­բար, ըն­կե­րը անդ­րա­դար­ձաւ վեր­ջին եր­կու տա­րի­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կին, խօ­սե­լով կարգ մը հիմ­նա­կան խնդիր­նե­րու մա­սին, ո­րոնց հա­մա­ռօտ պատ­կե­րը կու տանք ստո­րեւ։

Անվ­տան­գու­թիւն

Ընկ. Իշ­խա­նեան նշեց, թէ մին­չեւ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մը, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւնն էր Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան ե­րաշ­խա­ւո­րը։ ­Պա­տե­րազ­մէն ետք այս ի­րա­վի­ճա­կը փո­խո­ւե­ցաւ եւ ­Հա­յաս­տան ետ քա­շեց իր ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի վրա­յէն, ստեղ­ծե­լով նոր կա­ցու­թիւն մը։ Այ­սօր, բա­ւա­կան թու­լա­ցած է պաշտ­պա­նա­կան հա­մա­կար­գը, ­Հա­յաս­տա­նի բա­նա­կը այ­լեւս զօ­րա­կո­չիկ­ներ չի ղրկեր Ար­ցախ, այ­սու­հան­դերձ ըն­կե­րը յայտ­նեց, թէ Ար­ցա­խի հա­յու­թիւ­նը կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի փո­խե­լու ներ­կայ ի­րադ­րու­թիւ­նը։ Ան նաեւ նշեց, թէ ներ­կա­յիս գո­յու­թիւն ու­նի նոր տո­ւեալ մը՝ ռու­սա­կան բա­նա­կի որ­պէս ե­րաշ­խա­ւոր ներ­կա­յու­թիւ­նը Ար­ցա­խի մէջ։ ­Միա­ժա­մա­նակ, Ատր­պէյ­ճան շա­րու­նա­կա­բար կը փոր­ձէ խո­չըն­դոտ­ներ դնել՝ պա­հան­ջե­լով Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի եւ պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րու լու­ծա­րու­մը։

Այս բո­լո­րին դի­մաց, Ար­ցախ կը ներ­կա­յա­նայ ներ­քա­ղա­քա­կան կա­յուն վի­ճա­կով, ներ­քին հա­մե­րաշ­խու­թեան նո­ւա­ճու­մով, որ շնոր­հիւ Հ.Յ.Դ. ջան­քե­րուն ստեղ­ծո­ւած է հա­մա­խո­հու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան մթնո­լորտ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րուն մի­ջեւ։ Ընդգ­ծե­լի է, որ ժո­ղո­վուր­դը եւս դրա­կան վե­րա­բե­րում կը ցու­ցա­բե­րէ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին հան­դէպ, միա­ժա­մա­նակ բարձր պա­հե­լով պայ­քա­րե­լու ո­գին։

­Կար­գա­վի­ճակ

Այս հիմ­նա­կան խնդի­րը ա­նո­րո­շու­թիւն ստեղ­ծած է ժո­ղո­վուր­դին մէջ, որ ա­ւե­լի շեշ­տա­կի կը դառ­նայ, մա­նա­ւանդ երբ Ատր­պէյ­ճան մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան առ­ջեւ կը յայտ­նէ, թէ Ար­ցա­խի հարց գո­յու­թիւն չու­նի։ ­Բեր­ձո­րի ու Ա­ղաւ­նո­յի յանձ­նու­մը թշնա­միի ու­ժե­րուն ան­կու­մա­յին հո­գե­վի­ճակ ստեղ­ծեց ժո­ղո­վուր­դին մօտ։

­Քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ, այն փաս­տա­թուղ­թե­րը, ո­րոնք շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրո­ւած են յոյս չեն ներշն­չեր, հան­գու­ցա­լու­ծու­մը մօտ չէ, սա­կայն կան կարգ մը նա­խադ­րեալ­ներ, ո­րոնք յու­սադ­րիչ քայ­լեր կրնան նկա­տո­ւիլ, ինչ­պի­սին է գա­լիք հան­դի­պու­մը Ֆ­րան­սա­յի նա­խա­գա­հին հետ։ Այ­սու­հան­դերձ, ­Ռու­սիոյ ­Դաշ­նու­թիւ­նը կը նկա­տո­ւի տա­րա­ծաշր­ջա­նի տի­րա­կան ու­ժը եւ շատ բան կա­խեալ է ռու­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ընտ­րանք­նե­րէն։ ­Խա­ղա­ղու­թեան պայ­մա­գի­րի ըն­դուն­ման հա­մար ճնշում գո­յու­թիւն ու­նի, թո­ղե­լու հա­մար ինք­նո­րոշ­ման հար­ցը եւ Ար­ցա­խը տես­նե­լու Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ։

Ատր­պէյ­ճան ա­մէն կեր­պով կը շա­րու­նա­կէ խան­գա­րել ռու­սա­կան խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը, մինչ ­Հա­յաս­տան եւս չի կա­րո­ղա­նար իր դիր­քո­րո­շու­մը վստա­հօ­րէն ներ­կա­յաց­նել։ Այ­սու­հան­դերձ, Ար­ցա­խի տա­րած­քա­յին վե­րա­կանգ­նու­մը եւ ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քը մեր հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ։

­Պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տի վե­րա­ցում

44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մը շատ ծանր վի­ճակ ստեղ­ծեց Ար­ցա­խի վրայ։

Այ­սօր, պե­տա­կան կա­ռոյց­նե­րը կը փոր­ձեն վե­րաց­նել պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք ըն­կե­րա­յին, տնտե­սա­կան եւ ապ­րուս­տի դժո­ւար պայ­ման­ներ ստեղ­ծած են։ ­Լուրջ փորձ կը տա­րո­ւի տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րու ի­րա­վի­ճա­կը փո­խել։ Ըն­կե­րը ներ­կա­յա­ցուց կարգ մը վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­ներ, ո­րոնք կապ ու­նին տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րու ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին եւ Ար­ցա­խի բնակ­չու­թեան հետ։ Ան յայտ­նեց, թէ բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թիւ­նը ըն­թաց­քի մէջ է, որ­պէս­զի կա­րե­լի ըլ­լայ գրա­ւո­ւած շրջան­նե­րէն տե­ղա­հա­նո­ւած­նե­րու հա­մար տրա­մադ­րե­լի ըլ­լան նոր բնա­կա­րան­ներ եւ ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւի նաեւ Ար­ցա­խէն հե­ռա­ցած­նե­րու վե­րա­դար­ձը։ ­Հա­յաս­տան եւս կը շա­րու­նա­կէ իր լուրջ պիւտ­ճէա­կան օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը, որ կը մի­տի զօ­րաց­նել երկ­րի են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րը եւ պե­տա­կան հա­մա­կար­գը։

Ջ­րամ­բար­նե­րու եւ ե­լեկտ­րա­կան ու­ժի ար­տադ­րու­թեան գոր­ծա­րան­նե­րու կա­րե­ւոր մաս մը ան­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի ձեռ­քը, իսկ կա­զի եւ ե­լեկտ­րա­կան հո­սան­քի կա­պե­րու ­Լա­չի­նի մի­ջանց­քով անց­նե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը լուրջ խնդիր կը ստեղ­ծէ թշնա­միին կող­մէ եւ հա­մա­կար­գը բա­ւա­կան խո­ցե­լի կը դարձնէ։ Բ­նակ­չու­թիւ­նը ներ­կա­յիս կը համ­րո­ւի 120.000 ան­ձի շուրջ եւ ջանք կը տա­րո­ւի ստեղ­ծել կա­յուն ժո­ղովր­դագ­րա­կան վի­ճակ։ Ատր­պէյ­ճան ա­մէն տե­սա­կի սադ­րանք­նե­րու դի­մե­լով կը փոր­ձէ խա­թա­րել պատ­կե­րը, ներ­կա­յաց­նե­լով սուտ տե­ղե­կու­թիւն­ներ։

­Յար­գե­լի խօ­սո­ղը նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ ­Ռու­բէն ­Վար­դա­նեա­նի պե­տա­կան նա­խա­րար նշա­նա­կուե­լու ի­րո­ղու­թեան ու ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն, կա­րե­ւո­րեց երկ­խօ­սու­թիւ­նը Ի­րա­նի եւ Ար­ցա­խի մի­ջեւ, իսկ յա­տուկ անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց մշա­կու­թա­յին ցե­ղաս­պա­նու­թեան թե­մա­յի ար­ծար­ծու­մին շուրջ, մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու եւ օ­տար պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ ի­րա­զե­կե­լու հա­մար Ատրպէյ­ճա­նի կա­տա­րած բնաջն­ջու­մը Ար­ցա­խի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին կո­թող­նե­րուն վրայ։

Ըն­կե­րոջ հա­մա­պար­փակ եւ ընդգր­կուն ներ­կա­յա­ցու­մը բնա­կա­նա­բար ստեղ­ծեց նաեւ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ հար­ցում­նե­րու ա­ռիթ մը, ո­րոնք ման­րա­մաս­նօ­րէն պա­տաս­խա­նո­ւե­ցան խօ­սո­ղին կող­մէ։

­Նա­խա­գա­հի փակ­ման խօս­քով վերջ գտաւ այս շա­հե­կան ներ­կա­յա­ցու­մը, իսկ մտեր­միկ զրոյ­ցը ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նին հետ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ա­ւե­լի յե­տոյ եւս։

­Հոս պէտք է նշել, թէ հա­կա­ռակ ժո­ղո­վուր­դի զգա­լի ներ­կա­յու­թեան եւ հար­ցում­նե­րու բազ­մա­զա­նու­թեամբ ստեղ­ծո­ւած հե­տաքրք­րու­թեան, Ար­ցա­խէն քա­ղա­քա­կան եւ պե­տա­կան հան­գա­ման­քով այ­ցե­լու­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը պէտք է ան­պայ­մա­նօ­րէն ա­ւե­լի մեծ շար­ժա­ռիթ դառ­նայ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն մօտ, ա­ւե­լի խուռ­նե­րամ, նոյ­նիսկ սրահ­նե­րը ո­ղո­ղե­լու աս­տի­ճան ներ­կա­յու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար։
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի միջ­նա­բեր­դը նկա­տո­ւող Ար­ցա­խի ա­մէ­նէն ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն, մեր սե­ւե­ռու­մը եւ լա­րո­ւած հե­տաքրք­րու­թիւ­նը Ար­ցա­խի լի­նե­լու­թեան ու գո­յա­տեւ­ման պայ­քա­րին կը պա­հան­ջէ բո­լո­րին ներ­կա­յու­թիւ­նը, ո­րու հիմ­նա­կան նա­խադ­րեալ­նե­րէն մէ­կը կը հան­դի­սա­նայ ի­րա­զեկ եւ տե­ղե­կա­ցո­ւած ըլ­լա­լու հան­գա­ման­քը, որ մեզ պա­տե­հա­բար կը տրո­ւի հայ­րե­նի հո­ղէն ժա­մա­նած յար­մա­րա­գոյն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։


Ընկ. ­Յա­րու­թիւն Ս­պար­թա­լեա­նի բաց­ման խօս­քը

Ար­ցա­խը այ­սօր, ա­ւե­լի քան եր­բէք, «խորհր­դա­նիշ» մըն է դար­ձած։ Ե­ղած է ­Հայ Ազ­գի հա­մար գո­յա­տեւ­ման բնազ­դը։ ­Կը խորհր­դան­շէ ­Հա­յուն կա­պը իր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն հետ։
1994 թո­ւին, երբ սկսաւ Ար­ցա­խեան ա­ռա­ջին պա­տե­րազ­մը, փոք­րա­թիւ ազգ մը ա­պա­ցու­ցեց հա­մայն աշ­խար­հին թէ ­Հայ­րե­նի­քի պաշտ­պա­նու­թեան խան­դը ազ­գը վե­րա­ծեց կո­րո­վով լե­ցուն զօր­քի մը, որ կա­րո­ղա­ցաւ մե­զի շնոր­հել անս­պա­սե­լի յաղ­թա­նակ մը։

26 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Ար­ցա­խը ­Հայ­րե­նի­քին հա­մար հան­դի­սա­ցաւ ար­ծո­ւա­բեր­դը։ 26 տա­րո­ւայ ըն­թաց­քին, պաշտ­պան դար­ձաւ մեր հայ­րե­նի­քի դէմ ե­ղած թշնա­մա­կան սպառ­նա­լիք­նե­րուն, ո­րոնք կու գա­յին մեր երկ­րի ա­րե­ւե­լեան սահ­ման­նե­րէն։

Ար­ցա­խը մե­զի շնոր­հեց հպար­տու­թիւ­նը յաղ­թա­կա­նի մեր ար­դար պայ­քա­րին: ­Քայմ մըն էր որ մեզ կ­՚ա­ռաջ­նոր­դէր դէ­պի Ա­զատ Ան­կախ եւ ­Միա­ցեալ ­Հա­յաս­տա­նի տես­լա­կա­նին։
­Ցաւ ի սիրտ՝ հարկ է ըն­դու­նիլ, թէ մեր հայ­րե­նի­քը չի կա­րո­ղա­ցաւ դուրս գալ պա­տե­րազ­մի ճի­րան­նե­րէն։

2020-ին հայ­կա­կան զի­նեալ ոյ­ժե­րը կո­րո­վով եւ հե­րո­սա­բար կռո­ւե­ցան թրքա­կան եւ ա­զե­րիա­կան զօր­քե­րու դէմ, սա­կայն պայ­քա­րը ան­հա­ւա­սար էր, դժբախ­տա­բար։ Երկ­րորդ այս պա­տե­րազ­մը մեզ­մէ խլեց ե՛ւ հո­ղե­րու մաս մը ե՛ւ զո­հեր։ ­Մեզ պաշտ­պան հան­դի­սա­ցող պա­րիս­պը այդ օ­րէն կը մնայ վի­րա­ւո­րո­ւած։

­Պա­տե­րազ­մի վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն մին­չեւ այ­սօր, Ար­ցա­խի բնակ­չու­թիւ­նը կը գտնո­ւի նոր ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը վտան­քի տակ։ ­Պի­տի խոր­հին շա­տեր, թէ փա­խուս­տը ա­մէ­նէն դիւ­րին լու­ծումն է, սա­կայն Ար­ցա­խի բնակ­չու­թիւ­նը հաս­տատ կը մնայ իր հո­ղին վրայ, այն հո­ղին, որ ի­րեն կը պատ­կա­նի։

Այս ի­րա­կա­նու­թիւ­նը տա­կա­ւին չյայտ­նա­բե­րո­ւած, շա­տեր ­Հա­յաս­տա­նէն ներս թէ դուրս շտա­պե­ցին ը­սել թէ Ար­ցա­խի հար­ցը փա­կո­ւե­ցաւ, շտա­պե­ցին յանձ­նել թշնա­միին մաս մը պա­պե­նա­կան հո­ղէն։ ­Պա­տաս­խա­նը չու­շա­ցաւ գա­լու Ա­ցա­խի բնա­կիչ­նե­րէն։

Ար­ցա­խի հան­րա­պե­տու­թեան հա­մայն քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րուն կող­մէ ­Հոկ­տեմ­բեր 30-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ բա­ցա­ռիկ նիստ եւ ա­պա՝ հա­մա­հայ­կա­կան հա­ւաք Ս­տե­փա­նա­կեր­տի կեդ­րո­նա­կան հրա­պա­րա­կի վրայ ։
­Պատ­գա­մը մէկ էր։ « Ար­ցա­խը եր­բէք չէր ու պի­տի չկազ­մէ Ատր­պէյ­ճա­նի մաս։»

­Գա­լով սփիւռ­քա­հա­յու­թեան՝ պի­տի փա­կեմ այս հա­կիրճ խօս­քը Ար­ցա­խի նո­ւի­րո­ւած եր­գի մը տո­ղե­րով՝ «­Մեզ չի կա­րող մահն էլ զա­տել, մի ո­գի ենք ու մի մար­մին», ո­րով­հետև այս է միակ ճշմար­տու­թիւ­նը, որ կ­՚ապ­րի ա­մէն ­Հա­յու սրտի մէջ։

­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ,

Այ­սօր մեծ ու­րա­խու­թիւնն ու պա­տի­ւը ու­նինք մեր մօտ հիւ­րըն­կա­լե­լու Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նը։ Ան ան­ցեա­լին ալ գտնո­ւած է մեր մօտ, իր այլ կու­սակ­ցա­կան հան­գա­մանք­նե­րով ու պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րով։

Այս ան­գամ մեզ կ­՚այ­ցե­լէ, հա­զիւ շա­բաթ մը ետք, երբ ինք՝ գխա­ւո­րե­լով ­Հայ ­Յե­ղա­փո­խա­կան ­Դաշ­նակ­ցու­թեան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը, մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ­Մատ­րի­տի մէջ գու­մա­րո­ւած Ըն­կեր­վար ­Մի­ջազ­գայ­նա­կա­նի հա­մա­գու­մա­րին, հա­մաշ­խար­հա­յին այս կա­րե­ւոր բե­մէն հնչեց­նե­լով Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու պա­հանջ­նե­րը։ ­Նոյն­պէս, ­Պել­ճի­քա­յի, Ֆ­րան­սա­յի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ նոյն ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը ծա­ւա­լե­լով։

Անց­նող եր­կու օ­րե­րուն ըն­թաց­քին ան նաեւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րուն հետ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի դա­սա­ւո­րում­նե­րով, ա­ռի­թը ու­նե­նա­լով ներ­կա­յաց­նե­լու Ար­ցա­խի պե­տա­կա­նու­թեան ար­դի ի­րա­վի­ճա­կը, մեր հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դի ա­ռօ­րեայ պայ­քարն ու ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Որ­պէս հա­մաշ­խար­հա­յին աշ­խուժ քայլ, մենք պար­տինք ցոյց տալ աշ­խար­հին Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծած ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու շար­քը, ընդ­դէմ Ար­ցա­խի հե­րո­սա­կան ժո­ղո­վուր­դին։ ­Սի­րե­լի հայ­րե­նա­կից­ներ, Ար­ցա­խը այ­սօր մեր բո­լո­րի աշ­խու­ժու­թեան եւ նո­ւի­րո­ւած աշ­խա­տան­քին պէտք ու­նի։ ­Հոս ենք բո­լորս, ներ­կայ ը­սե­լու, եւ գոր­ծի անց­նե­լու հա­մար։