Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Ֆրանսայի տարածքին արձանագրուած անկարգութիւնները համեմատաբար հանդարտած են: Անկախ հիմնական պատճառէն եւ շարժառիթներէն այս երեւոյթը, որ տարողութեամբ նոր աստիճանաչափ արձանագրեց, ըստ էութեան ունի իր նախադէպերը: «Դեղին բաճկոնաւորներ»-էն մինչեւ թոշակառուի տարիքի վերասահմանումի օրինագիծին ընդդիմացողները ձեռնարկած են նման անկարգութիւններու: Այս միջադէպերը անշուշտ շատ արագ քաղաքականացած են:
Իրաւապահ մարմինները յայտնաբար ի վերջոյ կը յաջողին վերահսկողութեան տակ առնել իրավիճակը: Այդպէս եղաւ թէ՛ դեղին բաճկոնաւորներու դիմած գործողութիւններուն, թէ՛ թոշակառուներու վերաբերող օրինագիծին դէմ ծաւալած շարժումին եւ թէ՛ հիմա` օրինախախտ անչափահասի մը ոստիկանութեան կողմէ սպանութեան առիթով:
Ֆրանսական մամուլին մէջ երեւցան նիւթեր, որոնք այս վերջին երեւոյթներուն ետին տեսան համավարակի ժամանակաշրջանին ոչ լիարժէք կրթութիւն ստացած սերունդի մը վայրագութիւնը, որուն գոյառման վրայ ազդած են նաեւ ընկերային ցանցերը, ուր երեւցած են նաեւ դէպքին մանրամասնութիւնները: Յուզականութեան ալիքով ստեղծուած վայրագ դրսեւորում մը, որ քանդեց, աւերեց, այրեց շատ մը պետական հաստատութիւններ, անձնական վաճառատուներ եւ յարձակում գործեց պետական, յատկապէս քաղաքապետական շէնքերու վրայ: Թալանով ընկերացած այս ալիքը նոյնիսկ հասաւ քաղաքապետի մը բնակարան եւ վնասեց անոր ընտանիքի անդամները:
Ձերբակալուածներու զգալի մաս մը` մէկ երրորդը, անչափահասներ են: Պատասխանատուութեան բաժին կայ անոնց ծնողներուն վրայ, որոնց մէկ մասը միակողմանի ծնող են: Ընկերաբանական երեւոյթներ, որոնք հոլովոյթ ունին եւ ձեւաւորուած են տասնամեակներու վրայ:
Հիմա կառավարութիւնը կը նախաձեռնէ «արտակարգ» օրէնքի որդեգրումին, որ ո՛չ միայն պիտի վերանորոգէ աւերուածը կամ ֆինանսաւորէ տուժածը, այլ նաեւ տուգանէ բռնարարքի դիմողը կամ զինք զրկէ ընկերային օժանդակութիւններէ:
Արտակարգ միջոցառումներու պիտի դիմուի նաեւ Ֆրանսայի Ազգային տօնին ընդառաջ` կանխարգիլելու համար որեւէ խռովարարութիւն: Ամբողջ Ֆրանսան փորձաքարի մը առջեւ է` նկատի ունենալով նախապէս տեղի ունեցածներուն ահագնութիւնն ու տարածականութիւնը: Պետութիւնը կը շեշտէ յարատեւ կայունացումի հրամայականը: Այլապէս խնդրոյ առարկայ կը դառնայ Ֆրանսայի մէջ յառաջիկայ տարի Ողիմպիական խաղերու կայացումը, որ այցելուներու նոր հոսք կը խոստանայ երկրին` որոշ նպաստ բերելով նաեւ տնտեսութեան:
Ճիշդ է, որ վերահսկողական արտակարգ միջոցները եւ իրաւապահ մարմիններու համապատասխան գործողութիւնները կամ նոր պատժիչ օրէնքները կը յաջողին վերահսկելի դարձնել իրավիճակը: Բայց ենթահողը կայ նման դրսեւորումներու առիթ տալու: Որեւէ օրինագիծ, որեւէ պատահար կրնայ կայծակնային արագութեամբ վերաբռնկեցնել իրավիճակը, ուր ցեղային խտրականութիւնը թեմա է, ուր աջի եւ ձախի դասական բախումները կը վերարծարծուին, կամ բուռն կերպով կը քննադատուին Ֆրանսայի ժողովրդագրութեան փոփոխութեան պատասխանատու նկատուող քաղաքական ուժեր:
Կրօնական գունաւորում չի տրուիր երեւոյթներուն: Կ՛արծարծուի սակայն ցեղային խնդիր, որմէ առաւել կ՛արձանագրեն աջակողմեան ուժեր, յատկապէս ծայրայեղական թեւը:
Յամենայն դէպս վայրագութեան երեւոյթի գոյառման շարժառիթներուն եւ պատճառահետեւանքային տրամաբանութեան վերաբերող երեւոյթներուն մասին վերլուծումները կը շարունակուին: Կ՛արձանագրուին ցեղային, ընկերաբանական եւ կրթութեան ոլորտի վերաբերող հարցերու, վայրագ հակազդեցութեան եւ անշուշտ քաղաքականացման կուտակուած նախադրեալներ:
Կան նաեւ բացի ներֆրանսականէն այլ դիտարկումներ եւս: Նախ այն, որ ներկայ աշխարհակարգին մէջ Ֆրանսան չունի նախկին հեղինակութիւնը: Կը նկատուէր նաեւ ներեւրոպական մրցակցութիւն մը Գերմանիոյ հետ Եւրոպայի ղեկին յաւակնելու ուղղութեամբ: Առկայ են տնտեսական լրջագոյն դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարման ուղղութեամբ Փարիզը կը փորձէ յատուկ քաղաքականութիւն կիրարկել: Եւրոպայի հետզհետէ խորացեալ կախեալութիւնը Միացեալ Նահանգներէն կը զգացուի նաեւ Ֆրանսայի պարագային: Եւ այս առումով առաջնային ազդեցութիւնը Ուքրանիոյ պատերազմն է, որուն հետեւանքները յատկապէս տնտեսական մակարդակով կը կրէ Ֆրանսան: Այս հանգամանքներով ալ ներքին-արտաքին աքցանումի դրուածք մը կ՛ուրուագծուի:
Ֆրանսան սակայն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Լիբանանի ուղղութիւններուն վրայ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնած է:
Առաջնագիծի վրայ է թէ՛ Հայաստան-Ազրպէյճան միջնորդական առաքելութիւններ ձեւաւորելու, Ազրպէյճանը դատապարտելու եւ հայութեան իրաւունքները որոշ սահմաններու մէջ պաշտպանելու եւ թէ՛ մագոգային հանդիպումներով Պէյրութի մէջ այս պահուն նախագահի ընտրութեան օրակարգը իրականացնելու:
Այս հանգամանքներով ալ Ֆրանսայի ներքին իրադարձութիւնները թէ արտաքին քաղաքականութիւնը մօտ առնչութիւններ ունին հայկական եւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն առնչուած կողմերուն հետ: Ներկայունութեամբ եւ արտաքին անկախ քաղաքականութեամբ յատկանշուող Ֆրանսա մը կրնայ նպաստել երկու ուղղութեամբ արձանագրուող գործընթացներուն:
«Ա.»
aztagdaily.com