կարևոր
3529 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-11-02 11:54
Քաղաքական

Փրակա-Սոչի. Միջնորդական Մրցապայքար․ ակնարկ

Փրակա-Սոչի. Միջնորդական Մրցապայքար․ ակնարկ

Սոչիի եռակողմ յայտարարութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան ուղղակիօրէն վերաբերող բաժինները պէտք է լուսարձակի տակ առնել` արժեւորելու համար նախասոչի կատարուած յայտարարութիւնները Ռուսիոյ նախագահին կողմէ եւ անոնց կիրարկելիութեան հաւանականութիւնը:

Առաջին. «Նշելով ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի առանցքային ներդրումը իր տեղակայման գօտիի անվտանգութեան ապահովման առումով` ընդգծեցինք տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ Ռուսիոյ ջանքերու արդիականութիւնը»:

Երկրորդ. «Ընդգծեցինք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման աշխուժ նախապատրաստման կարեւորութիւնը` տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար: Առկայ զարգացումներու հիման վրայ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու փոխընդունելի լուծումներու որոնումը: Ռուսիոյ Դաշնութիւնը անոր կը ցուցաբերէ կարելի ամբողջ աջակցութիւնը»:

Երրորդ. «Շեշտեցինք Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ դրական մթնոլորտի ձեւաւորման կարեւորութիւնը` Ռուսիոյ աջակցութեամբ հասարակութեան ներկայացուցիչներու, փորձագիտական համայնքներու եւ կրօնական առաջնորդներու միջեւ երկխօսութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ միջխորհրդարանական եռակողմ շփումներու մեկնարկը` ամրապնդելու վստահութիւնը երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ»:

Չորրորդ. «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարները ողջունեցին Ռուսիոյ Դաշնութեան պատրաստակամութիւնը` շարունակելու ամէն կերպ նպաստել Ազրպէյճանի Հանրապետութեան

եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ բարգաւաճման ապահովման առումներով»:

Պարզ է, որ հիմնական տեղաշարժ չկայ այսօրուան կացութեան մէջ: Նորութիւնը այն է, որ Ռուսիոյ աջակցութեամբ պիտի ձեռնարկուին հասարակական եւ կրօնական մակարդակներու վրայ երկխօսութեան գործընթացներ: Այլապէս, ամբողջ յայտարարութեան առանցքային բաժինը` Ռուսիոյ միջնորդութիւնն է, երաշխաւորութիւնը եւ երկու կողմերուն կատարած ընդգծումները` ռուսական աջակցութիւններն ու խաղաղապահ առաքելութիւնը կարեւոր նկատելու առումով: Սոչին ուրեմն ոչ թէ հիմնական տեղաշարժ ապահովելու ուղղուած է, որքան ռուսական տիրոյթի բացարձակութիւնը յայտարարելու:

Սոչիէն անմիջականօրէն առաջ նախագահ Փութինի հրապարակումը ուաշինկթընեան եւ ռուսական նախագիծերու մասին նոյն մղումը ունէր: Հայկական կողմին ուղղուած հռետորական հարցումը, որ եթէ հայկական կողմը պատրաստ է ազրպէյճանական գերիշխանութեան տակ ընդունելու Արցախը ուաշինկթընեան նախագիծով, ապա Մոսկուան որեւէ բան չի կրնար պարտադրել, դարձեալ նոյն հանգոյցին կը վերաբերի:

Փրակայի յայտարարութեան նման այստեղ եւս կը բացակայի Արցախի հարցը: Ընդհանուր յայտարարը տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչումի իրաւադրոյթն է` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Ալմա Աթայի հռչակագիրի համապատասխան յղումներով:

Սոչիով անշուշտ չ՛աւարտիր միջնորդական հակամարտութիւնը: Եւրոպական այլ քաղաքներու մէջ վերստին կը հրաւիրուին կողմերը եւ ամերիկեան դիւանագիտութիւնը կ՛աշխուժացնէ իր գործուղումները տարածաշրջան:

Աշխարհաքաղաքական այս մրցապայքարին մէջ Երեւանը պիտի նկատէ անպայման`

1.- Իրանի վճռական դիրքորոշումը իր ու Հայաստանի սահմանի կարգավիճակին մասին եւ Սիւնիքի մէջ իրանեան հիւպատոսարանի բացումը:

2.- Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան երկարաձգման միտող Մոսկուայի նկրտումները եւ այդ առումով Արցախի կարգավիճակի ճշդումի յետաձգման հաւանականութիւնը:

3.- Տարածաշրջան ներթափանցման համար հաւաքական Արեւմուտքի դիւանագիտական, միջնորդական առաքելութիւններու աշխուժացումը, պետական սահմաններուն ազրպէյճանական յարձակումներու կանխարգիլումը առաջադրող պաշտօնական յայտարարութիւններն ու անոնց հետեւող դիտորդական, փաստահաւաքի կամ կարիքներու գնահատման տարազներով առաքելութիւններու ժամանումը սահմանագիծ:

4.- Ազրպէյճանի կիրարկած ռազմական յանցագործութիւններու բարձրաձայնումը Ուաշինկթընի, Պրիւքսելի եւ եւրոպական կարեւորագոյն կեդրոններու կողմէ:

Մեզմէ անկախ, ներգրաւուած ենք միջնորդական հակամարտութեան գործընթացին: Հայկական կողմը, այս համապատկերին մէջ, իւրաքանչիւր գլխաւոր խաղցողի հետ իր շահերը համընկնեցնելու հրատապ օրակարգին առջեւ կանգնած է: Հրամայական է նրբագոյն դիւանագիտութեան կատարողականութիւնը:

«Ա.»
aztagdaily.com