Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը 15 Նոյեմբերին հրապարակեց սպաներէնով տարածուած յայտարարութիւն մը Պոլիվիոյ վերջին իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:
Նշենք, որ Շաբաթ, Նոյեմբեր 10ին, երկրի նախագահ Էվօ Մորալէս ներկայացուցած էր իր հրաժարականը ի հետեւանք բանակի հրամանատարութեան հրապարակային «թելադրանք»ին՝ բացառելու իր մասնակցութիւնը երկրի նախագահական ընտրութիւններուն: Անցնող 14 տարիներուն, Մորալէս, բնիկ այմարա ցեղախումբէն սերած ղեկավար մը, որ իր քաղաքական ասպարէզը սկսած էր գլխաւորելով քոքայի տերեւ մշակող գիւղացիներու արհմիութիւնը եւ պայքարելով անոնց իրաւունքներուն համար, երեք հետեւողական առիթներով ընտրուած էր նախագահ: Իր եւ իր գլխաւորած Դէպի ընկերվարութիւն շարժում կուսակցութեան կառավարութեան օրով երկրի սահմանադրութիւնը բարեփոխուեցաւ ընդունելով Պոլիվիոյ բազմազգութեան փաստը: Այդ տարիները եղան նաեւ երկրի աննախընթաց տնտեսական բարգաւաճման տարիներ: 2016ին Մորալէս ուզեց անգամ մը եւս բարեփոխել սահմանադրութիւնը՝ ինքզինքին թոյլատրելու համար անսահման վերընտրութիւն, սակայն դէմ յանդիման եկաւ հասարակութեան մերժումին, ինչպէս ի յայտ եկաւ ժողովրդային հարցախոյզի մը ընդմէջէն: Այդուհանդերձ, Մորալէս յաջողեցաւ ընտրական յանձնաժողովը համոզել եւ իր թեկնածութիւնը վաւերացնել: Հոկտեմբեր 26ին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ինքզինք շատ քիչ թիւով քուէներու տարբերութեամբ յաղթական հռչակելէ յետոյ, Մորալէս դէմ յանդիման եկաւ ընդդիմութեան կողմէ արդիւնքի մերժումին եւ քաղաքական տագնապի: Անկարող ելք մը գտնելու, ան հրապարակ եկաւ նոր ընտրութիւններու առաջարկով, որմէ յետոյ բանակի հրամանատարութիւնը առաւ այդ անուղղակի միջամտութեան քայլը, նախագահը մղելով հրաժարումի: Մորալէսի քաղաքական ապաստան տուաւ Մեքսիքան, որ յատուկ օդանաւ մը տրամադրեց զինք դուրս բերելու համար երկրէն: Իր անվտանգութեան ապահովման համար աշխոյժ միջազգային յարաբերական աշխատանք տարաւ Արժանթինի նորընտիր նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտեզ, որ Դեկտեմբեր 10ին իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ:
Ինքնակոչ նախագահը՝ բանակին հսկողութեան տակ
Մորալեսի տեղ ինքզինք երկրի նախագահ հռչակեց ընդդիմութեան մաս կազմող ծերակուտական Ժանին Ժանիէս, առանց խորհրդարանի համաձայնութեան (Մորալէսի հետեւորդ պատգամաւորները մեծամասնութիւն ունին օրէնսդիր մարմինին մէջ): Ժանիէսի նախագահութեան օրինականութիւնը անմիջապէս ճանչցան Պրազիլի նախագահ Ժայիր Պոլսոնարօ եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Տանալտ Թրամփ, որ նաեւ… ողջունեց զինուորականներու միջամտութիւնը նշելով, որ անիկա օրինակ պէտք է ըլլայ Վենեզուելայի եւ Նիքարակուայի զինուորականներուն:
Իր յայտարարութեան մէջ, Հայ Դատի յանձնախումբը առաջին հերթին ամբողջական յանձնառութիւն կը յայտնէ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց յարգանքի եւ քաղաքական տագնապը զուտ պետական հաստատութիւններու ճամբով լուծելու միջոցին:
«Կը մերժենք ներքին քաղաքական ոլորտին մէջ զինուորական որեւէ ձեւի միջամտութիւն, որովհետեւ անիկա պետական հարուածի ձեւ է, ինչպէս որ է պարագան Էվօ Մորալէսի հրաժարականին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ: Ոչ մէկ զինուորական միջամտութիւն կրնայ քաղաքական տագնապի լուծում հանդիսանալ, կը հաստատէ Հայ Դատի յանձնախումբը, միակ լուծումի ճամբան տեսնելով խաղաղ երկխօսութեան մէջ: Նշելով Լատին Ամերիկայի երկար եւ ողբերգական անցեալը՝ պետական հարուածներու եւ արտաքին միջամտութիւններու, Հայ Դատի յանձնախումբը անհրաժեշտ կը գտնէ, որ միջազգային հասարակութիւնը դիրքորոշուի նման նախաձեռնութիւններու դէմ եւ մերժէ իշխանութեան գալու ոչ-սահմանադրական ամէն ձեւ: Միաժամանակ սակայն, Հայ Դատի յանձնախումբին համար «անզգոյշութիւն» է իշխանութեան վրայ մնալու ամէն փորձութիւն, ի մասնաւորի երբ անիկա արդիւնք է քաղաքական շահագործումի եւ իշխանութիւններու բաժանման սկզբունքի խախտումին: Իշխանութեան վրայ յարատեւելու արդիւնքը, «ինչպէս մեր տարածաշրջանի նորագոյն պատմութեան փորձը ցոյց կու տայ, ոչ միայն հասարակութեան կարեւոր հատուածի մը ընդվզումն է, այլ նամանաւանդ՝ տնտեսական բարգաւաճումը, քաղաքական բազմազանութեան ամրագրումը եւ ընկերային արդարութեան յառաջընթացը կասեցնելու վտանգ»: Այդ բոլորը, կը վկայէ յայտարարութիւնը, «անժխտելի ձեռքբերումներ են Պոլիվիոյ մէջ անցնող 14 տարիներուն»:
Հայ Դատի յաձնախումբը դիտել կու տայ, որ անցնող 15 տարիներուն Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը մեծ յառաջխաղացք ունեցած է Լատին Ամերիկայի մէջ ի հետեւանք ժողովրդավարութեան, բազմազանութեան եւ մարդկային իրաւանց յարգանքի ոլորտին մէջ արձանագրուած յառաջընթացին: «Այս իսկ պատճառով կը մերժենք ամբողջատիրական վարքագիծի, խտրական ելոյթներու, արտաքին միջամտութեանց եւ սահմանադրական կարգի խախտման ամէն վերադարձ», կը կարդացուի յայտարութեան մէջ, որ կ՛աւարտի զօրակցութիւն յայտնելով Պոլիվիոյ ժողովուրդին, ի խնդիր տագնապի խաղաղ լուծումին:
asbarez.com