Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Քանի մը ժամ մնաց. 14 Մայիսին, Թուրքիոյ աւելի քան 85 միլիոն բնակիչներէն՝ մօտաւորապէս 60 միլիոն քուէարկելու իրաւունք ունեցող պիտի ընտրէ յառաջիկայ հինգ տարիներու նախագահը:
6 Փետրուարի երկրաշարժը ըստ երեւոյթին նետուած է «անցեալ»-ի տոպրակը: Անցեալ մը՝ որ տարբեր ձեւով կը յիշուի, կամ՝ պիտի յիշուի, յատկապէս ընտրութիւններուն արդիւնքէն ետք:
Աւելի քան յիսուն հազար զոհ խլած երկրաշարժի օրերուն, նկատի ունենալով փուլ եկած նորակառոյց շէնքերն ու Էրտողանը շրջապատող անձերու վրայ դրոշմուած կասկածները, վիճակագրութիւնները ցոյց կու տային, թէ նախագահը ծանր պարտութիւն պիտի կրէր:
Այսօր սակայն, աւելի քան երեք ամիս ետք, պատկերը նոյնը չէ. Էրտողանի անունը վերստին «ջուրին երեսը ելած է», եւ մրցակիցին՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու թեկնածու Քըլըճտարօղլուի համեմատած՝ քուէները հաւասար կը թուին:
Ի՞նչ պատահեցաւ այս քանի մը ամիսներուն: Փուլ եկած շէնքերն ու համալիրները մոգական գաւազանով մը վերակառուցուեցա՞ն, հետեւանքները դարմանուեցա՞ն, թէ՞…:
Էրտողանի ժողովրդականութեան վերաձեւաւորումը (եթէ ուզենք այսպէս բնութագրել եղածը) ունի բազմաթիւ պատճառներ: Առաջին հերթին ընդդիմադիր կուսակցութիւնները հեզասահօրէն չկրցան գործակցիլ եւ դեռ անոնց միջեւ տարակարծութիւններ կան, յատկապէս թեկնածուին առընչութեամբ: Մինչեւ իսկ արձանագրուեցան խզումներ եւ հրաժարումներ: Ընդդիմադիր այլ թեկնածուի մը՝ Մուհարէմ Ինճէի ընտրապայքարէն մետասաներորդ պահուն քաշուիլը ուշացած քայլ է եւ հաւանաբար մեծ ազդեցութիւն չունենայ երկու ախոյեաններուն դիրքերուն վրայ:
Այլ դէպք մըն ալ ոսկի առիթ մը ընծայեց Էրտողանի ժողովրդականութեան վերականգնումին: Պատահեցաւ, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճեֆրի Ֆլէյք պաշտօնական այցելութիւն մը տայ ծագումով ալեւի Քըլըճտարօղլուին (որուն համայնքային պատկանելիութիւնը այդքան չէր ծամծմուած սկզբնապէս). այդ հանդիպումը թեւեր տուաւ Էրտողանի ընտրարշաւի մեքենային, որպէսզի պատահածը օգտագործէ քուէարկողները համոզելու, թէ ընդդիմադիրներու թեկնածուն բնաւ ազգային ջիղ չունի, այլ ծախուած է Միացեալ Նահանգներուն: Մինչ այդ, չմտնենք այն մեկնաբանութիւններուն մէջ, թէ Ֆլէյքի քայլը որո՞ւն ջաղացքին ջուր բերելու կը ծառայէր…։
Էրտողանի հակազդեցութիւնը խիստ էր նաեւ այս գիծին վրայ: Ան այպանեց դեսպան Ֆլէյքը, որ Թուրքիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ կ՛ըլլար, փոխանակ արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով տեսակցելու նախագահին հետ եւ փոխանցելու իր կարծիքն ու մտահոգութիւնները: Էրտողան գնաց մինչեւ հոն, որ յայտարարեց, թէ թուրք պետութեան դռները փակ են ամերիկացի դիւանագէտին առջեւ: Հոս ալ չմտնենք Ուաշինկթըն-Անգարա սիրաբանութիւններու եւ հակաճառութիւններու հին խաղի ծալքերուն մէջ, ո՛չ ալ՝ այն առարկութեան առջեւ, թէ Ուաշինկթըն կը միջամտէ Թուրքիոյ ներքին հարցերուն: Չէ՜, ուրիշին ներքին գործերուն միջամտելը Թուրքիոյ մենաշնորհն է. վերջին օրինակը՝ Երեւանի մէջ «Նեմեսիս»-ի յուշակոթողին արձագանգները…:
Մետասաներորդ պահուն կրօնամոլի պատմուճանը մէկդի նետելով՝ Էրտողան իր երկրի քուէարկողներուն ներկայացաւ իբրեւ նոր ազգային տիպար մը, իբրեւ թէ… նոր Աթաթիւրք մը, մինչդեռ Քըլըճտարօղլուն էր որ կը փորձէր մտնել Աթաթուրքի կօշիկներուն մէջ: Կարճ յիշողութեամբ օժտուած մարդիկ (ամէն տեղ կան) հաւանաբար մոռցած են, որ կար ժամանակ, երբ Էրտողան երես դարձուցած էր աթաթուրքականութենէ…
Երկրին լծակները իր տրամադրութեան տակ ունենալով, Էրտողանի ընտրական մեքենան շարունակեց գործել, ճկունութեամբ մըն ալ յիշեցնելով Ռուսիոյ հետ նախագահին ստեղծած բարեկամութիւնը, որուն աղմկոտ օրինակներէն մէկը արձանագրուեցաւ քանի մը շաբաթ առաջ, Ապրիլին՝ Ռուսիոյ աջակցութեամբ կառուցուած հիւլէական կեդրոնի բացման առիթով Փութինի ուղղուած յատուկ հրաւէրը:
Արդեօք քաղաքական բեմին վրայ պիտի պատահի՞ սպասուած երկրաշարժը եւ Էրտողան ու իր խմբակը պիտի տապալի՞ն:
Թուրքիայով հետաքրքրուած, զայն հրապուրելու մրցակցութեան մէջ մտած աշխարհին համար սպասողական վիճակ է:
Սպասումը որոշ չափով համակած է նաեւ հայկական աշխարհը. Հայաստանի մէջ ալ կ’ըլլան հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն: Սակայն մեզի համար խորապատկերը յստակ է: Հայորդիին ակնոցը, եթէ պղտորած չէ այս կամ այն կողմէ բարձրացող փոշիի ամպերով, ցոյց կու տայ, թէ հայկական հարցերու նկատմամբ Թուրքիոյ վարմունքին մէջ բան պիտի չփոխուի, ինչպէս որ չէ փոխուած սուլթանական, իթթիհատական, քեմալական եւ իրերայաջորդ նախագահներու օրերէն ի վեր: Փաստօրէն, ո՛վ որ ալ ըլլայ երկու թեկնածուներէն յաղթականը (առաջի՞ն հանգրուանին, թէ՞ երկրորդին՝ կարեւոր չէ), հայ-թրքական խօսակցութիւնները պիտի շարունակուին ներկայ հունով, իսկ որեւէ խոչընդոտի պարագային՝ Անգարան կտրուկ քայլերու պիտի դիմէ, մի՛շտ ալ խաղաքարտ գործածելով Ատրպէյճանը: Այլ խօսքով, հայրենի կողմն է, որ անմիջական ուղեցոյցի կարիք ունի, այսինքն պէտք է վերագտնէ կորսնցուցած ուղեցոյցը, անկախ անկէ, որ ընտրութիւններէն ետք ալ ահագին մելան պիտի հոսի:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական