կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-10-21 13:45
Սփյուռք

Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Դատապարտեց Արցախի Վրայ Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Յարձակումները

Աւստրալիոյ Ռայտ Քաղաքը Դատապարտեց Արցախի Վրայ Ատրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Յարձակումները

ՍԻՏՆԻ․- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 2018ին, Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը ճանչցած Ռայտ քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը Երեքշաբթի օր միաձայնութեամբ վաւերացուց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարձակումները եւ կոչ կ՛ընէ երկրին կառավարութեան, որ խստօրէն դատապարտէ այդ բռնարարքները։

Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու կողքին, քաղաքը 2019ին «Բարեկամ քաղաք»ի համաձայնութիւնը կնքած էր Ստեփանակերտի հետ։

Երեքշաբթի օրուան բանաձեւը միասնաբար ներկայացուած էին՝ Ռայտի քաղաքապետ Ժերոմ Լախալ եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Սարգիս Ետալեան։ Որոշուեցաւ նաեւ 5000 տոլար նուիրել Արցախի համար կատարուող Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքին։

asbarez.com