Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
13 դեկտեմբերին Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու հիմնեց Ապագայ կուսակցութիւնը: Տաւութօղլու նշանաւոր էր իր «Զերօ հարց արտաքին քաղաքականութեան մէջ» կարգախօսով, որուն հիմնական նպատակն էր «բարեկամական» լաւ յարաբերութիւններ մշակել դրացի երկիրներուն հետ: Կուսակցութեան հիմնադրութեան հանդիսութեան ընթացքին ան յայտարարեց, որ հակառակ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող քաղաքական վախի մթնոլորտին եւ անկայունութեան` աւելի քան 154 անդամներ միացան եւ հիմնեցին այս կուսակցութիւնը: Հիմնադիր անդամներէն են` Էթիեն Մահչուփեան (նախագահ Էրտողանի հայազգի նախկին խորհրդականը), Ալեւի մշակութային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Տոկան Տեմիր Զիլան, Պետական ուսումնական խորհուրդի նախկին նախագահ Եուսուֆ Զիա Էօզճան, Հաքան Ալպայրաք (իսլամական հրապարակագիր) եւ տնտեսագէտ Իպրահիմ Թուրհան:
Տաւութօղլուի համաձայն, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը շեղեցաւ իր հիմնական սկզբունքներէն, եւ նորաստեղծ կուսակցութիւնը պիտի սրբագրէ այս սխալը: Կուսակցութիւնը նաեւ ընդգծեց, որ երկրին մէջ պիտի վերահաստատէ ժողովրդավարական կանոնները, ինչպէս նաեւ կողմնակից է, որ թրքերէնի կողքին դասաւանդուին քրտերէն եւ այլ լեզուներ:
Ապագայ կուսակցութիւնը շատ չի տարբերիր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն, երբ խօսինք երկուքին որդեգրած գաղափարախօսութեան մասին: Այս նոր կուսակցութիւնը նոյնպէս ունի իսլամական արմատներ, սակայն, ըստ շատերու, անոր քաղաքական ուղղուածութիւնը պիտի ըլլայ դէպի Արեւմուտք, մասնաւորապէս` Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն:
Ապագայ կուսակցութեան հիմնադիր անդամներէն է նաեւ սուրիացի թուրքմեն քաղաքական գործիչ Խալետ Խոժա, որ վերջին երկու տարիներուն սուրիական ընդդիմադիր «Սուրիական ազգային դաշնակցութեան» նախագահն էր: Այս քայլը զարմանքի մատնեց ո՛չ միայն սուրիացի ընդդիմադիրները, այլ նաեւ` Էրտողանի իշխանութիւնը, որ տարիներ շարունակ Խոժային նեցուկ կանգնած էր: Խոժա վերջերս կ՛օգտագործէ իր թրքական անունը` Հալիթ Ապթեքին Հոճալու եւ սուրիացի թուրքմեններու «դատին» պաշտպանը կը հանդիսանայ Թուրքիոյ մէջ:
Քրտական հարցը եւ Ապագայ կուսակցութիւնը
142 էջնոց իր ծրագիրին (https://www.gelecekpartisi.net/uploads/Gelecek_Partisi_Program.pdf) մէջ, Ապագայ կուսակցութիւնը երկու տեղ կը յիշէ քրտական հարցը: Նախ, կուսակցութեան համաձայն, քրտական հարցը յառաջացած է երկրին մէջ ոչ ժողովրդավարական կանոններ հաստատելու պատճառով, անհանդուրժողականութիւնը եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումը դուռ բացին, որ քրտական հարցը ծագի: Կուսակցութեան ծրագիրը կը նշէ, որ քրտական հարցը շարունակութիւնն է այն քաղաքականութեան, որ վերջին հարիւր տարուան ընթացքին պետութիւնը չկրցաւ ընդգրկել քիւրտերը թրքական ընկերութեան մէջ: Օմար Օճալան քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անունով յայտարարեց, որ Տաւութօղլու նաեւ իր ժամանակաշրջանին կը կիսէ պետական յանցանքը, որովհետեւ իր կառավարութիւնը քաղաքական հալածանքի ենթարկեց քիւրտ քաղաքական գործիչները: Ան նաեւ Տաւութօղլուէն պահանջեց, որ ներում հայցէ քիւրտերուն նկատմամբ իր գործած յանցանքներուն համար:
Սակայն այստեղ կարեւոր է նշել, որ Տաւութօղլու 2013-ին ունեցաւ հսկայ դերակատարութիւն` երկխօսութիւն կատարելու թրքական պետութեան եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան բանտարկեալ հիմնադիր Ապտիւլլա Օճալանի միջեւ: Քաղաքական վերլուծաբան Զիրիան Ռոժհալաթ «Ռուտաու հետազօտական կեդրոն»-ին մէջ ըսաւ, որ դժուար է նախատեսել դաշինք մը քրտամէտ կուսակցութեան եւ Տաւութօղլուի միջեւ, սակայն 2023-ի նախագահական ընտրութեան քիւրտերը ամէն ջանք պիտի թափեն ձախողեցնելու Էրտողանը: Այստեղ կարեւոր էր յիշեցնել, որ նախկին փոխվարչապետ Ալի Պապաճան, որ 8 յուլիսին հրաժարեցաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն, արդէն իսկ 26 նոյեմբերին յայտարարեց, որ մօտ օրէն ինք եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախկին անդամ քաղաքական գործիչներ պիտի հիմնեն այլ նոր կուսակցութիւն մը, որ պիտի ըլլայ աւելի ազատական: Այս բոլոր իրադարձութիւնները Էրտողանի իշխանութեան նկատմամբ քաղաքական հարուածներ են, որովհետեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը կրնայ կորսնցնել իր ձայները ի նպաստ Տաւութօղլուի եւ Պապաճանի կուսակցութեան ցանկերուն:
Եթէ, հակառակ պարագային, այս կուսակցութիւնները դաշնակցին քրտամէտ կուսակցութեան հետ, ապա այն քրտաշատ շրջանները, ուր Էրտողան որոշ յաղթանակներ արձանագրեց, ինչպէս` Մուշ եւ Պիթլիս ընտրաշրջանները, պիտի անցնին ընդդիմութեան հակակշիռին տակ: Այսպիսով, Էրտողան պիտի կորսնցնէ իր քաղաքական ազդեցութիւնը երկրին հարաւարեւելեան շրջաններուն մէջ:
Քաղաքական նոր քարտէսը
Միւս կողմէ` թրքական «Հիւրրիյեթ» օրաթերթը (18 դեկտեմբեր 2019) կը հաղորդէ, որ ազգայնամոլ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի յայտարարած է, որ կարիքը չկայ նոր կուսակցութիւն հիմնելու, որովհետեւ քաղաքական դատարկութիւն գոյութիւն չունի: Պահչելիի կուսակցութիւնը քաղաքական հարուածներ ստացաւ, երբ 2017-ին իր կուսակցութիւնը պառակտուեցաւ, եւ ստեղծուեցաւ Լաւ կուսակցութիւնը Մերալ Աքշեների ղեկավարութեամբ: Վերջինս 2018-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջողեցաւ մտնել խորհրդարան:
Թուրքիոյ մէջ փուլ կու գայ քաղաքական հին քարտէսը, եւ կը ձեւաւորուի նորը, սակայն ակնկալութիւնները կրնան շատ մեծ չըլլալ, որովհետեւ ընդդիմութիւնը տակաւին պառակտուած է, եւ աշխարհիկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը տակաւին չկրցաւ իր շուրջ հաւաքել ընդդիմադիր շարժում(ները), մասնաւորապէս` քիւրտերը, որոնք անորոշութեան մատնուած են: Եթէ ընդդիմութիւնը պիտի համախմբէ իր ուժերը, ապա որոշ պատկերացում մը պէտք է քրտական հարցին շուրջ, եւ ատիկա տակաւին քաղաքական հորիզոնին վրայ չ՛երեւիր:
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ