Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Թուրքիոյ հարաւը եւ Սուրիոյ հիւսիսը հարուածած ահեղ երկրաշարժը չի կրնար անտարբեր ձգել ոեւէ բանաւոր անհատ: Նաեւ հայ անհատ: Քանդուած քաղաքներու եւ գիւղերու անուններէն շատերը հարազատ են մեր ականջին: Գահրաման Մարաշը մեր Մարաշն է, Ղազի Այնթէպը մեր Այնթէպն է, Օսմանիէն մեր Զէյթունն է ու տակաւին կրնանք շարունակել թուումը վայրերու, որոնք հարիւրամեակ մը առաջ հայաշատ ու հայաշունչ աւաններ էին: Զոհերուն թիւը ամէն օր կ՛աճի, ու տակաւին յայտնի չէ, թէ քանի տասնեակ հազարներու պիտի յանգի: Զոհերուն մէջ հայեր ալ կան, թէ՛ Սուրիոյ եւ թէ՛ Թուրքիոյ մէջ. անոնց թիւը առայժմ տասնեակ մըն է: Մաղթենք, որ շէնքերու փլատակներու վերացման աւարտին անոնց թիւը չաւելնայ:
Մարդկային նման աղէտի մը պարագային գերակայ պէտք է ըլլայ ցաւակցիլը, ափսոսանքը: Քէները, ոխերը եւ նոյնիսկ քաղաքական հակամարտութիւնները պէտք է լռեն ու աղէտահար միլիոնաւոր մարդոց նկատմամբ կարեկցանքը` պարտադիր ըլլայ: Այս պայմաններուն տակ, ցաւակցութիւնը, փրկարար ջոկատներու եւ այլազան օժանդակութիւններու առաքումը ընկերային ծառայութեան բնական միջոցներ են: Նման առիթով, կատարուածին նկատմամբ բացասական դիրքորոշումն ու դատապարտող մեկնաբանութիւնները անտեղի են: Հայաստանի իշխանութիւնները շատ արագ արձագանգեցին, ցաւակցեցան թէ՛ թշնամի Թուրքիային եւ թէ՛ բարեկամ Սուրիոյ, փրկարար ջոկատներ առաքեցին թէ՛ մէկուն եւ թէ՛ միւսին: Լաւ ըրին: Առաւելագոյնը, որ այս առիթով կրնայինք ակնկալել Հայաստանի իշխանութիւններէն, Թուրքիոյ փոխանցուած ցաւակցութեան չէզոք խմբագրութիւնն էր, ուրիշ ոչինչ:
Բացի երկրաշարժի առիթով կատարուած աշխատանքներէն, Հայաստանի մէջ նախորդ շաբաթը կարեւորուեցաւ Ազգային ժողովի ընթացիկ քառօրեայով: Արդարեւ, Հայաստանի գլխաւոր դատախազը պահանջեց «Հայաստան» դաշինքի երկու պատգամաւորներու` Սէյրան Օհանեանի եւ բժիշկ Արմէն Չարչեանի պատգամաւորական անձեռնմխելիութեան վերացումը, առաջինի պարագային երեք, երկրորդի պարագային մէկ միջնորդութեամբ (ամբաստանութեամբ): Ազգային ժողովը որոշեց վերացնել երկու պատգամաւորներուն անձեռնմխելիութիւնը. անոնք պէտք է պատասխան տան ու ի հարկին դատուին ենթադրեալ յանցանքներու համար, որոնց պատժելիութեան ժամանակը աւարտած է: Դատապարտուելու պարագային ալ, անոնք չեն կրնար պատիժ կրել: Դիտել տանք, որ երկու պատգամաւորներն ալ փափաքած էին ենթարկուիլ հետաքննութեան ու դատի, իրենց անմեղութիւնը հանրայնացնելու դիտաւորութեամբ: Այս եւ նման հետապնդումներու առիթով դիտել տանք, որ ոստիկանութիւն, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն իրենց օրախնդիր գործերը մէկդի թողած` զբաղած են քսան, երեսուն տարի առաջ պատահածներով, գրգռելով հին տոմարներ ու հին գործեր:
Ենթադրելի է, որ ամբողջ երկու օր Ազգային ժողովը «նախկիններու» սխալներուն փուչիկով զբաղցնելուն պիտի յաջորդէին թեր ու դէմ մեկնաբանութիւններ: Ազգային ժողովը անգամ մը եւս փոխադարձ մեղադրանքներու թատերաբեմ դարձաւ: Ընդդիմադիր պատգամաւորներու զուսպ ու սկզբունքային քննադատութիւնները դիմաւորուեցան ամբոխավարական ելոյթներով ու զրպարտանքներով:
Պատահականօրէն ուշադրութիւնս գրաւեց Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի «արտահերթ» ելոյթը: Ալեն Սիմոնեան յայտնի է իր բարձր պաշտօնին չպատշաճող ելոյթներով եւ արտառոց միջամտութիւններով: ՀՅ Դաշնակցութիւնը պախարակելու նպատակով, Ա. Սիմոնեան կը յիշատակէ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» յեղափոխական երգին մէկ տողը` «Ստամպոլը պիտի լինի արեան ծով»-ը, Դաշնակցութեան Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամական քարոզչութիւնը կը հակադրէ իշխանութիւններու խաղաղասիրական քաղաքականութեան: Այսօրուան խաղաղութեան քաղաքականութիւնը ընդդէմ… հարիւր երեսուն տարի առաջ թշնամական քաղաքականութեան: Առաջինը պետութեան կողմէ, երկրորդը` կուսակցութեան մը: Դէպքերու պատմական ենթահողը զանցելով բաղդատութիւն կատարելու արդէն մաշած այս անլրջութիւնը բազմիցս դատապարտուած է: Երգը գրուած է Աշուղ Ֆահրատի կողմէ, հետագային դաշնաւորուած Գէորգ Կառվարենցի կողմէ. պայքարի երգ է, յեղափոխական կռիւի երգ: Իբրեւ այդպիսին` կրնայ նաեւ չափազանցութիւն պարունակել, իր ժամանակին տիրող ոգիին համապատասխան: Երգ է, կուսակցական ծրագիր չէ, գործունէութեան առաջադրանք չէ: Իսկ թէ ի՛նչ տուաւ ցարդ խաղաղութեան ջատագովուած քաղաքականութիւնը, յայտնի է բոլորին, վկայ` Բերձորի միջանցքի արդէն երկամսեայ փակումը:
Հայաստանի քաղաքական ու հասարակական առօրեան լեցուն է անհեթեթութիւններով ու անհրապոյր վէճերով: Կացութիւնը ահազանգային է, սակայն զայն դարմանելու կոչուած քննարկումները` մակերեսային, յաճախ անլուրջ: Իշխանութիւնները ահազանգային հարցերէն հանրային կարծիքը շեղեցնելու համար կը դիմեն կրկնուող հնարքներու, եւ կը շարունակեն հանրութիւնը երկփեղկուած պահելու իրենց վարքագիծը: Անհրաժեշտ է սթափիլ ու վերջ տալ քաղաքական այս ստերջ միջավայրին
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
aztagdaily.com