կարևոր
2686 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-05-12 14:01
Քաղաքական

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած Հայրենիք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Եգիպտացի Բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած Հայրենիք» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն

Չորեքշաբթի, 10 մայիսի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եգիպտացի բեմադրիչ Իսամ Նաժիի «Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին:

Ձեռնարկին բացումը ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին անունով կատարեց Ճօ Զուլիքեան, որ յիշեցուց բեմադրիչ Նաժիի «Միջազգային ընտանիքը Արցախի հարցին մէջ չի խորանար, ուստի իմ պարտաւորութիւնս է շարժանկարին ճամբով ճշմարտութիւնը ըսելու» եւ «Միջազգային ընտանիքը պէտք է տեղեակ պահել, պէտք է իրողութիւնը գիտնալ եւ Հայաստանի կողքին կանգնիլ, որպէսզի այն, ինչ որ պատահեցաւ, անգամ մը եւս չկրկնուի» խօսքերը:

«Խօսքով ու գործով արժանի եղար հայ ժողովուրդի եւ հալածանքի ենթակայ բոլոր ժողովուրդներու անկեղծ բարեկամի կոչումին», ըսաւ Զուլիքեան` յիշեցնելով, որ Նաժի Իրաքի, Պրազիլի, Հարաւային Ափրիկէի, Ռուանտայի, Ուկանտայի եւ այլ երկիրներու մէջ եւս վաւերագրական ժապաւէններ պատրաստած է:

Խօսք առաւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեան, որ ձեռնարկի կազմակերպման համար շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, ինչպէս նաեւ` ժապաւէնի պատրաստութեան նպաստած բոլոր անհատներուն ու կազմակերպութիւններուն: Ան նաեւ յիշեցուց Գարեգին Նժդեհի «Ոչ մի տեղ առանց Սիւնիքի ու Արցախի: Առանց աշխարհագրական Հայաստանի այդ հզօր ողնաշարի մեր ամբողջական հայրենիքը գոյութիւն ունենալ չի կարող» խօսքը:

«Մոռցուած հայրենիք» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք խօսք առաւ ժապաւէնի բեմադրիչ Իսամ Նաժի, որ ներկայացուց ժապաւէնի պատրաստութեան համար կատարուած աշխատանքները:

Ան յայտնեց, որ նշեալ վաւերագրական ժապաւէնը պատրաստած է` նկատի ունենալով Սիւնիքի` իբրեւ աշխարհագրական տարածքի, Հայաստանի ապագայի համար ունեցած կարեւորութիւնը եւ այն դժուար ու մտահոգիչ պայմանները, որոնք ներկայիս այնտեղ կը տիրեն Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան պատճառով:

Ձեռնարկի աւարտին Իսամ Նաժի պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: