կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-13 13:50
Առանց Կատեգորիա

Հայերուն մոռցուած եղբայրները՝ Ուտիները

Հայերուն մոռցուած եղբայրները՝ Ուտիները

Ու­տի­նե­րու դժո­ւար ան­ցեալն ու տխուր ներ­կան

Այ­սօր քի­չե­րը կը յի­շեն, որ ներ­կայ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին բնա­կող տե­ղաբ­նիկ փոք­րա­թիւ­ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն մէ­կը՝ ու­տի­նե­րը, դա­րեր շա­րու­նակ հայ­կա­կան հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին դաշ­տին մաս կազ­մած են, դար­ձեր են հայ ժո­ղո­վուր­դի ոչ-ա­րիւ­նա­կից եղ­բայր­նե­րը։ PanARMENIAN հա­մա­ռօտ ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նէ, թէ ո­րո՛նք են ու­տի­նե­րը եւ ի՛նչ կապ ու­նին հա­յե­րուն հետ։

Ո­րո՞նք են ու­տի­նե­րը

Ու­տի­նե­րը կամ ու­դի­նե­րը պատ­մա­կան ­Կով­կա­սեան Ա­ղո­ւան­քի (­Բուն Ա­ղո­ւանք, ­Կուր գե­տէն դէ­պի ա­րե­ւելք՝ մին­չեւ ­Կով­կա­սեան լեռ­նաշղթայ տա­րա­ծո­ւող հին պատ­մա­կան-աշ­խար­հագ­րա­կան շրջան) հնա­գոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րէն միակն են, ո­րոնք ոչ միայն դա­րե­րու ըն­թաց­քին պահ­պա­նած են ի­րենց գո­յու­թիւ­նը եւ հա­սած մին­չեւ մեր օ­րե­րը, այ­լեւ՝ մնա­ցած են քրիս­տո­նէա­կան կրօն­քին հե­տե­ւորդ­ներ։ ­Սա­կայն ու­տի­նե­րու մէկ մա­սը զերծ չէ մնա­ցեր մահ­մե­տա­կա­նա­ցու­մէն եւ թրքա­լե­զո­ւա­ցու­մէն։ Ու­տի­նե­րու լե­զուն կը պատ­կա­նի ­Կով­կա­սեան լե­զու­նե­րու լեզ­գիա­կան խում­բին։
Ու­տի­նե­րը խիստ փոք­րա­թիւ ժո­ղո­վուրդ են՝ ընդ­հա­նուր առ­մամբ մին­չեւ 10 հա­զար հո­գի, ո­րոնց մէկ մա­սը կ’ապ­րի պատ­մա­կան հայ­րե­նի­քին մէջ՝ ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի ­Գա­բա­լա­յի շրջա­նի ­Նիժ եւ Օ­ղու­զի շրջա­նի Օ­ղուզ (մին­չեւ 1991 թ.՝ ­Վար­դա­շէն) գիւ­ղե­րուն մէջ։ Մ­նա­ցա­ծը կը բնա­կի ­Ռու­սաս­տա­նի, Վ­րաս­տա­նի, Ուք­րա­նիոյ մէջ, փոք­րա­թիւ (մին­չեւ 200 հո­գի) հա­մայնք կայ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ­Տա­ւու­շի մար­զին մէջ։

Ու­տի­նե­րու վեր­ջին 2 գիւ­ղե­րը՝ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին

Ու­տի­նե­րու պատ­մա­կան ճա­կա­տա­գի­րը ա­մե­նա­սերտ կա­պե­րով կ’առն­չո­ւի հա­յե­րու պատ­մու­թեան հո­լո­վոյ­թին՝ այն աս­տի­ճան, որ ար­դէն 18-19րդ ­դա­րե­րուն ի­րենք ի­րենց հա­մա­րած են հայ ժո­ղո­վուր­դի մէկ մաս­նի­կը, զգա­լիօ­րէն հա­յա­ցեր են՝ ի­րենց դա­ւա­նա­կան պատ­կա­նե­լիու­թեամբ, մշա­կոյ­թով ու նիս­տու­կա­ցով (բնա­կա­նա­բար, ազ­գա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը պահ­պա­նե­լով հան­դերձ), հայ ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րին ի­րենց անմ­նա­ցորդ նո­ւի­րու­մով։
­Պա­տա­հա­կան չէ, որ 1720ա­կան թթ. հա­յե­րէն գրո­ւած նա­մա­կով մը ու­տի­նե­րը, նկա­րագ­րե­լով ի­րենց ծանր կա­ցու­թիւ­նը, կը գրեն, թէ «ցե­րեկ­նե­րը թրքու­թիւն կ’ը­նեն, իսկ գի­շեր­նե­րը՝ հա­յու­թիւն»։
­Հա­յե­րու հետ ինք­նա­նոյ­նա­ցու­մը եւ օ­տար­նե­րու կող­մէ յա­ճախ ու­տի­ներն ու հա­յե­րը չտա­րան­ջա­տե­լը այն գլխա­ւոր պատ­ճառ­նե­րէն էին, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով 1980ա­կան թթ.վեր­ջին՝ հայ-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­կա­մար­տու­թեան բռնկու­մէն ան­մի­ջա­պէս ետք, ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն բռնաճն­շում­նե­րուն են­թար­կո­ւե­ցան նաեւ ու­տի­նե­րը։ Ա­նոնց­մէ շա­տե­րը (թէ՛ ու­տիա­խօս, թէ՛ ատր­պէյ­ճա­նա­խօս ու­տի­նե­րը) հա­յե­րու նման ստի­պո­ւած ե­ղան լքե­լու հայ­րե­նի բնա­կա­վայ­րերն ու բռնա­գաղ­թել (հիմ­նա­կա­նօ­րէն դէ­պի ­Ռու­սաս­տան)։
Ի վեր­ջոյ, ի՞նչն էր հա­յերն ու ու­տի­նե­րը միա­ւո­րո­ղը։

­Մէկ կրօն, մէկ ճա­կա­տա­գիր

­Հայ-ու­տիա­կան ե­զա­կի սերտ կա­պե­րուն ար­մատ­նե­րը շատ խոր են՝ սկսած 4րդ ­դա­րէն, երբ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ա­ղո­ւան­քի մէջ (ու­տի­նե­րու նախ­նի­նե­րու հայ­րե­նի­քը) քրիս­տո­նէու­թիւ­նը պե­տա­կան կրօն դար­ձաւ։ Ս­կիզ­բէն ա­ղո­ւա­նա­կան ե­կե­ղե­ցին դա­ւա­նա­կան միու­թեան մէջ էր հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ հետ, ա­պա՝ լիո­վին ձու­լո­ւե­ցաւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ կա­ռոյ­ցին մէջ։ Այ­նու­հե­տեւ ա­րա­բա­կան տի­րա­պե­տու­թե­նէն ետք տեղ-տեղ քրիս­տո­նէա­կան շեր­տը պահ­պա­նած Ա­ղուան­քի տա­րած­քը հա­յոց հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին, եր­բեմն նաեւ քա­ղա­քա­կան գե­րիշ­խա­նու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ էր։ ­Դա­րե­րու ըն­թաց­քին աղ­վուա­նա­կան ցե­ղե­րու մեծ մա­սը ձու­լո­ւե­ցաւ-ան­հե­տա­ցաւ, եւ միայն փոք­րա­թիւ ու­տի­ներ, ըլ­լա­լով հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հե­տե­ւորդ­ներ, կրցան պահ­պա­նել ի­րենց քրիս­տո­նէա­կան ինք­նու­թիւ­նը։
­Քա­նի որ մի­ջին դա­րե­րուն մե­ծա­պէս դա­ւա­նան­քով կ’ո­րո­շո­ւէր ազ­գու­թիւ­նը, ուս­տի թէ՛ ու­տի­նե­րը ի­րենք ի­րենց, թէ՛ հա­յե­րը եւ օ­տար­նե­րը զի­րենք հայ հա­մա­րած են։
­Կեն­ցա­ղի մէջ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ըլ­լա­լով ու­տիա­խօս՝ ա­նոնք գե­րա­զան­ցա­պէս տի­րա­պե­տած են հա­յոց լե­զո­ւին, օգ­տա­գոր­ծած են հա­յոց գի­րը։ Ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րո­ւած են հայ­կա­կան ծէ­սով եւ հա­յե­րէն։ Ու­տի­նե­րը ու­նե­ցած են (ու­նին) հիմ­նա­կա­նօ­րէն հայ­կա­կան ա­նուն-ազ­գա­նուն­ներ, հայ­կա­կան դպրոց­ներ, հա­յա­տառ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րով ե­կե­ղե­ցի­ներ ու տա­պա­նա­քար­ներ։
11րդ ­դա­րէն սկսած, Վ­րաս­տա­նի հզօ­րու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, ու­տի­նե­րու մէկ մա­սը վրա­ցա­կան դա­ւա­նանք՝ քաղ­կե­դո­նա­կա­նու­թիւն, ըն­դու­նեց եւ հե­ռա­ցաւ հայ­կա­կան ազ­դե­ցու­թե­նէն։ ­Հայ ա­ռա­քե­լա­կան եւ քաղ­կե­դո­նա­կան ու­տի­նե­րը տար­բե­րա­կե­լու հա­մար, յա­ճախ զա­նոնք ա­նո­ւա­նած են «հայ ու­տի» եւ «գիւր­ջի (վրա­ցի) ու­տի»։
Ու­տի­նե­րուն մեծ մա­սը, սա­կայն, մի­ջին դա­րե­րուն աս­տի­ճա­նա­բար մահ­մե­տա­կա­նա­ցո­ւեր է, կորսն­ցու­ցեր է ու­տիե­րէն լե­զուն։ ­Մահ­մե­տա­կա­նաց­ման ու թրքաց­ման ա­մե­նա­մեծ ա­լիք­նե­րէն մէ­կը տե­ղի ու­նե­ցեր է 18-19րդ ­դա­րե­րուն։ 1905-1906 թթ., 1918-20 թթ. հա­յե­րուն հետ միա­սին ջար­դե­րու եւ բռնա­գաղ­թի են­թար­կո­ւեր են նաեւ ու­տի­նե­րը` շուրջ 8 հա­զա­րէն կո­տո­րուեր են մօտ 3,5 հա­զա­րը։1980ա­կան­նե­րուն, Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին քրիս­տո­նեայ ու­տիա­խօս ըն­դա­մէ­նը եր­կու գիւղ մնա­ցեր էր՝ ­Նի­ժը եւ ­Վար­դա­շէ­նը, եւ եւս ե­րեք ատր­պէյ­ճա­նա­խօս քրիս­տո­նեայ ու­տի բնակ­չու­թեամբ գիւ­ղեր։ ­Ներ­կա­յիս Ատր­պէյ­ճա­նի ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ձուլ­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ ու­տի­նե­րուն թի­ւը շա­րու­նակ կը նո­ւա­զի։ Օ­րի­նակ, ե­թէ մին­չեւ 1950ա­կան­նե­րը ­Վար­դա­շէ­նի բնակ­չու­թեան բա­ցար­ձակ մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ու­տի­ներ եւ հա­յեր էին, ա­պա ներ­կա­յիս մնա­ցեր են ըն­դա­մէ­նը 20էն պա­կաս ու­տի ըն­տա­նիք­ներ, իսկ ամ­բողջ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ ու­տի­նե­րուն թի­ւը չի գե­րա­զան­ցեր 4 հա­զա­րը։ ­Հե­տա­զօ­տող­նե­րու դի­տարկ­մամբ՝ այժմ Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ մնա­ցած ու­տի­նե­րու շրջա­նին մէջ մեծ թա­փով «վե­րա­փոխ­ման», հայ­կա­կա­նու­թե­նէ հրա­ժար­ման ըն­թացք տե­ղի կ’ու­նե­նայ. հա­յա­դա­ւան ե­կե­ղեց­ւոյ հե­տե­ւորդ­նե­րը զան­գո­ւա­ծա­բար ան­ցեր են ուղ­ղա­փառ-վրա­ցա­դա­ւա­նու­թեան, կը փո­խո­ւին հայ­կա­կան ազ­գա­նուն­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի պար­տադր­մամբ կը գրո­ւին յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնց մէջ կը ժխտո­ւին հա­յե­րու հետ ու­նե­ցած կա­պերն ու ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րը, իսկ 2004 թ. ­նոյ­նիսկ ­Նիժ գիւ­ղի հա­յա­դա­ւան Ս. Ե­ղի­շէ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­յե­րէն ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը ջնջո­ւած են։
­Ցա­ւօք սրտի, հա­յե­րուն բախ­տա­կից եղ­բայր­նե­րը դար­ձած ու­տի­նե­րը, այ­սօր, գրե­թէ լրիւ մոռ­ցո­ւած են հա­յե­րուն կող­մէ, իսկ 1990ա­կա­նե­րու սկիզ­բը Ատր­պէյ­ճա­նէն ­Հա­յաս­տան՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ­Նո­յեմ­բե­րեա­նի շրջան, գաղ­թած ու­տի­նե­րը (յատ­կա­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­խօս ու­տի­նե­րը), ո­րոնք կը ցան­կա­յին վե­րա­հաս­տա­տո­ւիլ հոն, պատ­շաճ ա­ջակ­ցու­թեան չար­ժա­նա­ցան եւ շա­տե­րը տե­ղա­փո­խո­ւե­ցան այլ եր­կիր­ներ՝ հիմ­նա­կա­նօ­րէն ­Ռու­սաս­տան։
Ու­տի­նե­րու բազ­մա­մեայ գի­տա­կան հե­տա­զօ­տող ազ­գագ­րա­գէտ Հ­րա­նոյշ ­Խա­ռա­տեան կը նշէ, որ երբ 1988 թ. ­Նո­յեմ­բե­րի վերջ-­Դեկ­տեմ­բե­րի սկիզ­բը ­Շա­քիէն, ­Վար­դա­շէ­նէն եւ ­Նի­ժէն ­Նո­յեմ­բե­րեա­նի շր­ջան ե­կան ու­տիա­խօս եւ ատր­պէյ­ճա­նա­խօս, բայց քրիս­տո­նեայ ու­տի ըն­տա­նիք­ներ, շրջա­նի ղե­կա­վա­րը (­Կոմ­կու­սի շրջկո­մի ա­ռա­ջին քար­տու­ղա­րը) սկզբնա­պէս չէր հաս­կա­ցած, թէ ու­տի­նե­րը ո՛վ են եւ ին­չո՛ւ փա­խած են Ատր­պէյ­ճա­նէն։ ­Յե­տոյ խնդի­րը պար­զո­ւեր է, սա­կայն յա­ջորդ տա­րի Ատր­պէյ­ճա­նէն յա­տուկ բա­նագ­նաց­ներ ե­կեր են՝ ատր­պէյ­ճա­նա­խօս ու­տի­նե­րը ետ հրա­ւի­րե­լու Ատր­պէյ­ճան։ Եւ քա­նի որ վեր­ջին­նե­րը ի­րենց լե­զո­ւին պատ­ճա­ռով լաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն չէին գտած հա­յե­րուն կող­մէ, շա­տե­րը վե­րա­դար­ձան Ատր­պէյ­ճան։ ­Միւս­նե­րը կա՛մ մնա­ցին ­Հա­յաս­տան (փոքր մա­սը), կա՛մ ար­տա­գաղ­թե­ցին ծանր հա­սա­րա­կա­կան-տնտե­սա­կան պայ­ման­նե­րու պատ­ճա­ռով։ ­Ներ­կա­յիս ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մնա­ցած փոք­րա­թիւ ու­տի­նե­րը չու­նին նոյ­նիսկ ազ­գա­յին փոք­րա­մաս­նու­թեան պաշ­տօ­նա­կան կար­գա­վի­ճակ։

­Հայ ժո­ղո­վուր­դի նշա­նա­ւոր ու­տի զա­ւակ­նե­րը

Ինչ­պէս նշո­ւե­ցաւ՝ ու­տի­նե­րու հա­յա­դա­ւան քրիս­տո­նէա­կան կրօ­նը պահ­պա­նած հա­տո­ւա­ծը 19րդ ­դա­րուն (եւ ան­կէ ալ ա­ռաջ), պահ­պա­նե­լով հան­դերձ սե­փա­կան ու­րոյն ազ­գա­յին ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւնն ու մշա­կու­թա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, զգա­լիօ­րէն հա­յա­ցեր էր եւ մահ­մե­տա­կան օ­տար­նե­րու շրջա­պա­տին մէջ ինք­զինք լայն ա­ռու­մով հայ կը հա­մա­րէր։ Ա­սոր լա­ւա­գոյն վկա­յու­թիւն­նե­րէն մէ­կը՝ ­Սի­լի­կեան­նե­րու ու­տի յայտ­նի գեր­դաս­տա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ­Փե­թերս­պուր­կի մէջ ու­սա­նող ­Հայ­րա­պետ ­Սի­լի­կեա­նին հա­յե­րէն նա­մակն է (1877 թ.)՝ ուղ­ղո­ւած իր հայ­րե­նա­կից, ­Վար­դա­շէն գիւ­ղի քա­հա­նայ Մկր­տիչ ­Մե­լիք-­Վար­դա­զա­րեան­ցին.- «Գ­թա­ռատ հայր իմ… ես ման­կու­թե­նէս պա­րա­պեր եմ հայ­կա­կան մայ­րե­նի լե­զո­ւով… իսկ ու­տե­րէ­նին լաւ չեմ տի­րա­պե­տեր, կը խնդրեմ, որ ին­ծի ու­ղար­կէք այդ լե­զո­ւով եր­գեր ու բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ, ե­թէ, ի հար­կէ, կան»։

­Մով­սէս ­Սի­լի­կեան եւ Սար­գիս ­Կու­կու­նեան

­Հայ-ու­տի­նե­րէն ա­մե­նա­յայտ­նին, թե­րեւս, նշա­նա­ւոր զօ­րա­վար, ­Սար­դա­րա­պա­տի ճա­կա­տա­մար­տի հե­րոս, հայ­կա­կան բա­նա­կի ժե­նե­րալ-լէյ­տէ­նանտ ­Մով­սէս ­Սի­լի­կեանն է (1862-1937 թթ.)։ Ծ­նած է ու­տիաբնակ ­Վար­դա­շէն գիւ­ղը, ե­ղած է հայ ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հե­տե­ւորդ։ Ու­շագ­րաւ փաստ մը կայ, ըստ ո­րուն՝ խորհր­դա­յին անվ­տան­գու­թեան մար­մին­նե­րուն կող­մէ ձեր­բա­կա­լո­ւե­լէ ետք, 1935թ. ­Նո­յեմ­բե­րին, իր ցուց­մուն­քով Մ. ­Սի­լի­կեա­նը պար­զա­բա­ներ է, որ ո­րոշ դէպ­քե­րու ժա­մա­նակ ազ­գու­թիւ­նը նշած է հայ, քա­նի որ շա­տե­րը չէին հասկ­նար, թէ ի՛նչ ազ­գու­թիւն է ու­տին: ­Միւս նշա­նա­ւոր հայ-ու­տին հայ ազ­գա­յին-ա­զա­տագր­կան շարժ­ման ա­կա­նա­ւոր գոր­ծիչ ­Սար­գիս ­Կու­կու­նեանն է (1863-1913 թթ.)։ Ծ­նած է ու­տիաբ­նակ ­Նիժ գիւ­ղը։
­Յա­ճա­խած է Էջ­միած­նի ­Գէոր­գեան ճե­մա­րա­նը, ա­պա ­Սենթ ­Փե­թերս­պուր­կի հա­մալ­սա­րա­նը։
1890 թ. իր կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած 107 հո­գի­նոց զի­նո­ւած խում­բով ­Կար­սէն փոր­ձեր էր անց­նիլ Ա­րեւմ­տեան ­Հա­յաս­տան, սա­կայն մար­տի բռնո­ւեր էր ռուս սահ­մա­նա­պահ­նե­րու հետ, ձեր­բա­կա­լո­ւեր, դա­տա­պար­տո­ւեր եր­կա­րա­տեւ աք­սո­րի ու տա­ժա­նակ­րու­թեան, ա­պա կար­ճա­տեւ ա­զա­տու­մէ ետք կրկին ա­զա­տազր­կո­ւեր ու մա­հա­ցեր է բան­տին մէջ։

«Ազատ Օր» օրաթերթ