Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ներգաղթի եւ արտերկրի եգիպտացիներու գործերու պետական նախարար, դեսպան Սոհա Կենտի ԱՄՆ երրորդ արտասահմանեան շրջագայութեան ընթացքին եւ նախագահական «Արմատները վերակենսաւորել» նախաձեռնութեան ծիրին մէջ, Գալիֆորնիոյ մէջ հանդիպած է հայ համայնքի Եգիպտոսէն արտագաղթած ներդրողներու հետ։ Հանդիպման ներկայ գտնուած են Լոս Անճելըսի մէջ Եգիպտոսի ընդհանուր հիւպատոս դեսպան Ահմէտ Շահին, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեան, Պըրպենքի քաղաքային խորհուրդի անդամ Զիզէթ Մոլինզ, Քրեսենտա հովիտի քաղաքապետ Հարրի Լէոյ, Արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական կեդրոնի (Հայ դատի յանձնախումբ) նախագահ Վիգէն Փափազեան եւ Եգիպտոսէն գաղթած ամերիկահայ ներդրողներու մեծ խումբ մը։
Հաղորդագրութիւնը որմէ կը քաղենք այս տեղեկութիւնները եգիպտական նախարարութիւնը հրապարակած է։
Հանդիպման բացումը կատարելով դեսպան Սոհա Կենտի ուրախութիւն յայտնած է այս առթիւ՝ ընդգծելով, որ եգիպտա-հայկական յարաբերութիւնները պատմական խոր եւ ամուր արմատներ ունին, նկատի ունենալով որ հայերը նախապէս եւ ներկայիս կը շարունակեն եգիպտական հասարակութեան հիւսքի անբաժանելի մասը կազմել։ «Միացեալ Նահանգներ իմ ներկայ այցիս կը փափաքէի այստեղի հայ համայնքին հանդիպիլ. մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդական ուսումս ստացած եմ Հելիոպոլսոյ հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանը։ Դպրոցական շրջանէն ունեցած եմ եւ ունիմ հայ ընկերներ, որոնց հետ բարի յիշատակներ կը ունիմ»։
Ներգաղթի նախարարն ապա խօսած է նախագահական «Վերակենսաւորել արմատները» նախաձեռնութեան 2017-ի վերջէն նախարարութեան կիրառման մասին, որուն նպատակն է կամուրջներ հաստատել նախապէս Եգիպտոս ապրած համայնքներուն հետ, ինչպէս յունական, կիպրական եւ հայ համայնքներուն, թէ այս ծիրին մէջ ալ հարկ է արդիւնք քաղել եգիպտացի եւ հայ ժողովուրդներու իւրայատուկ յարաբերութիւններէն նախագահական այս նախաձեռնութեան ծիրին մէջ։
Նախարարն անդրադարձած է նախագահ Ապտէլ Ֆաթթահ Էլ-Սիսիին Հայաստան այցելութեան, որ վերջին 30 տարուան մէջ առաջինն էր իր տեսակին մէջ եւ դրական քայլ յարաբերութիւններու ամրապնդումով եւ արդիւնաւէտ տնտեսական համագործակցութեան միջոցով երկու երկիրներու աւելի բարեկեցիկ ապագայի կերտման համար՝ մշակութային, զբօսաշրջային, արդիւնաբերական, առեւտուրի եւ այլ ոլորտներու մէջ։
Այս ծիրին մէջ ալ դեսպան Սոհա Կենտի բաց երկխօսութիւն վարած է հանդիպման ներկայ հայ համայնքի անդամներուն հետ. Կլենտէյլի քաղաքապետ Արտաշէս Քասախեան արտայայտած է հայոց սէրը Եգիպտոսի հանդէպ եւ հիացումը անոր յառաջդիմութեան եւ բոլոր ոլորտներէն ներս նկատելի զարգացման ի տես, որոնք զայն դարձուցած են շրջանին մէջ հզօր դերակատար, ուժեղագոյնը՝ Ափրիկէի մէջ, պնդելով՝ «մենք երկար ու ձիգ պատմութիւն ունինք եգիպտական հասարակութեան մէջ եւ սէր կը սերմանենք մեր երիտասարդութեան սրտերուն մէջ Եգիպտոսի հանդէպ, որ բազում համայնքներ ընդունած է իր հողին վրայ»։
Քասախեան յիշատակած է նաեւ Եգիպտոսի յաջողութիւնները քարիւղի, բնական գազի արտահանման եւ արդիւնաբերութեան ոլորտներէն ներս, նոր քաղաքներու կառուցումը, ինչպէս վարչական նոր մայրաքաղաքը, նաեւ Եգիպտոսի առանձնայատկութիւնը արուեստի, մշակոյթի, սինեմայի, երաժշտութեան, օդագնացութեան, զբօսաշրջութեան եւ հնագիտական վայրերու վերականգնման մէջ, ակնարկելով Եգիպտոսի Մեծ թանգարանի մօտալուտ բացման։
Տարօն Խաչատուրեան իր հերթին նկատած է, որ Եգիպտոս դարձած է Ափրիկէի լաւագոյն ներդրումային ուղղութիւններէն մին, եւ ըսած, որ «մենք արդէն շօշափած ենք նոր կեանքը, նոր ճամբաները, փոխադրամիջոցները, նաւահանգիստները եւ բազմաթիւ ենթակառուցուածքները, որոնք եգիպտացի եւ օտար ներդրողներուն 40-50 տարուան լաւագոյն ներդրումներու հնարաւորութիւն կու տան, ուստի անհամբեր ենք Եգիպտոս ներդրումներ կատարելու»։
Արդարադատութեան եւ մարդկային իրաւանց հայկական կեդրոնի ղեկավար Վիգէն Փափազեան իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Եգիպտոսի ներգաղթի նախարարին հետ այս հանդիպման մասնակցելու համար, ըսած՝ որ Եգիպտոսի սիրահար է, եւ իր ընտանիքի արմատները այնտեղէն են, թէ քաջածանօթ է, որ Եգիպտոսի մէջ հայերն ունին երկար ու խոր պատմութիւն, եւ այնտեղ հետք թողած են ամէն ինչի մէջ, ու ներկայիս ալ կարեւոր պաշտօններ կը վարեն, ըլլալով ճարտարագէտներ, ձեռնարկատէրեր եւ ներդրողներ, որ ինք շատ խանդավառ է Եգիպտոս ներդրում կատարելով, յատկապէս շօշափելէ ետք զարգացումը շարք մը բնագաւառներու մէջ՝ ինչպէս արհեստագիտութեան եւ շինարարութեան մէջ։
Եգիպտոսի մէջ ներդրումային ոլորտներուն առնչուող հայ համայնքի հարցերուն պատասխանելով՝ դեսպան Սոհա Կենտի անդրադարձած է ուժանիւթի այլազան բնագաւառներուն մէջ Եգիպտոսի յառաջընթացին, օրինակ ելեկտրացանցերու ամրապնդումը, արեւային եւ հողմային կայաններու կառուցումը։
Ան խօսած է COP27 կլիմայական վեհաժողովի կազմակերպման մասին Շարմ Էլ-Շէյխի մէջ, իբրեւ Եգիպտոսի առաջին կանաչ քաղաք, Եգիպտոսի մուտքը կանաչ ամոնիաքի եւ կանաչ ջրածինի արդիւնաբերութեան ասպարէզ, ածխածինի հեռացման ամբողջական համակարգի ստեղծման, ու շարունակած. «Մենք ակնդէտ կը սպասենք ձեր գալստեան Եգիպտոս եւ այնտեղ ձեր ներդրումներուն, եւ պատրաստ ենք ձեր եւ պետական համապատասխան վարչութիւններուն միջեւ կապի բոլոր միջոցները տրամադրել ձեզ եւ ուղի հարթել։
Հանդիպման աւարտին նախարարը հայ համայնքի ներդրողները հրաւիրած է այցելել Եգիպտոս, անձամբ ծանօթանալու այնտեղ ներդրումային հնարաւորութիւններուն։ Հրաւէրին շատեր խոստացած են ընդառաջել։ Պաշտօնական բաժնի աւարտին, բազմաթիւ ներդրողներու հետ զրոյց ընթացած է, որոնց մասնակցած է Լոս Անճելըսի մէջ Եգիպտոսի ընդհանուր հիւպատոսը։ Հայ համայնքի անդամները խոստացած են ներդրումներ կատարել տարբեր բնագաւառներու մէջ, ներածում-արտածում կազմակերպել, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւն գոյացած է յաջորդ փուլին այցեր կազմակերպելու եւ հաստատելու համագործակցութեան տարբեր ձեւերը, որոնց պարզ էր, որ անոնք քաջածանօթ են եւ անհամբեր սպասեն ձեռնամուխ դառնալու, մանաւանդ, որ Եգիպտոս դարձած է այն երկիրներէն մին, որ կը խրախուսէ ներդրումները այն միջոցին, երբ աշխարհի երկիրներու տնտեսութիւնները տագնապներ կը դիմագրաւեն եւ խառնաշփոթի մատնուած։
«Յուսաբեր»