կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-03-03 00:04
Սփյուռք

«Արցախը պատերազմէն ետք» վաւերագրական ժապաւէնի առցանց ցուցադրութիւն

«Արցախը պատերազմէն ետք» վաւերագրական ժապաւէնի առցանց ցուցադրութիւն

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Կի­րա­կի՝ 28 ­Փետ­րո­ւար 2021ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9-ին, ա­ռա­ջին առ­ցանց ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Ար­ցա­խը պա­տե­րազ­մէն ետք» վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին։

­Յոյն հան­դի­սա­տես­նե­րուն հա­մար յատ­կա­պէս պատ­րաս­տուած այս ժա­պա­ւէ­նը, քա­ռորդ մը տե­ւո­ղու­թեամբ, խտա­ցուած ձե­ւով կը նկա­րագ­րէ Ար­ցա­խի դէմ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սան­ձա­զեր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մի թէժ օ­րե­րը, 44 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին ի­րա­գոր­ծո­ւած ծանր յար­ձա­կում­նե­րը, Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի վրայ գոր­ծո­ւած պա­տե­րազ­մա­կան ան­մարդ­կա­յին ո­ճիր­նե­րը։ Ե­րի­զի բա­ցատ­րո­ղա­կա­նը կա­տա­րեց ընկ. Ար­թօ ­Շեմ­մաս։ ­Դի­մա­տետ­րի եւ «YouTube»-ի վրայ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի է­ջե­րէն ցու­ցադ­րո­ւած ե­րի­զին հե­տե­ւե­ցան մեծ թի­ւով հայ եւ յոյն հան­դի­սա­տես­ներ, ա­ռա­ջին իսկ ցու­ցադ­րու­թե­նէն բարձր ցու­ցա­նիշ տա­լով ժա­պա­ւէ­նին։ ­Նոյն ե­րի­զը պի­տի տե­ղադ­րո­ւի ­Հայ ­դա­տի ­յանձ­նա­խում­բի կայ­քէ­ջին (www.ancg.gr) եւ Ա­զատ Օ­րի (www.azator.gr) կայ­քէ­ջին մէջ։

Ե­րիզ­նե­րու եւ լու­սան­կար­նե­րու հան­դի­սադ­րու­մով, նկա­րագ­րա­կա­նը կը կա­տա­րո­ւի պա­տե­րազ­մին, զի­նա­դա­դար­նե­րու խախ­տում­նե­րուն, բա­ցա­յայ­տե­լով ­Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին, ռազ­մա­կան ար­դի ար­տադրու­թեան սար­քե­րու տրա­մադ­րու­մով, վարձ­կան զի­նո­ւոր­նե­րու եւ ղե­կա­վար ու­ժե­րու ներ­կա­յու­թեամբ։ ­Տո­ւեալ­նե­րով կը ներ­կա­յա­ցո­ւին Ատր­պէյ­ճա­նի գոր­ծած պա­տե­րազ­մա­կան ո­ճիր­նե­րը, պա­հան­ջե­լով գե­րի­նե­րու ան­յա­պաղ վե­րա­դար­ձը։

­Յա­տուկ կը շեշ­տո­ւի նաեւ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի կարգ մը լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած ա­պա­կողմ­նո­րո­շող կե­ցո­ւած­քը, մի­տում­նա­ւոր դրսե­ւո­րում­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ ըն­թա­ցով՝ «հա­մա­ցան­ցա­յին» պա­տե­րազ­մը։

­Վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նին մէջ տեղ գտած են տո­ւեալ­ներ, որ կը վե­րա­բե­րին Ատր­պէյ­ճա­նի շա­րու­նա­կա­կան հա­յա­տեաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ­Սունմ­կա­յի­թի ջար­դե­րուն, ­Գուր­գէն ­Մար­գա­րեա­նի սպա­նու­թեան դէպ­քին, շեշ­տե­լով պե­տա­կան մա­կար­դա­կով տա­րի­նե­րէ ի վեր գոր­ծադ­րո­ւող հա­լա­ծան­քի ու ցե­ղաս­պա­նա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը։ ­Նոյն­պէս կը բա­ցա­յայ­տո­ւի ­Թուր­քիոյ հա­մա­թու­րա­նա­կան ծրա­գի­րը եւ ա­նոր ա­ռաջ­նոր­դող քայ­լե­րու որ­դեգ­րու­մը։

­Պա­տե­րազ­մի մա­սին ի­րենց վկա­յու­թիւն­նե­րը կը փո­խան­ցեն ­Հա­յաս­տա­նի ­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու ­պաշտ­պան պրն. Ար­ման ­Թա­թո­յեա­ն եւ Ար­ցա­խի մէջ ­Հա­յաս­տա­նի ­Մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րու նախ­կին պաշտ­պան պրն. Ար­տակ ­Բեգ­լա­րեա­նը։ ­Մար­դու­ժի եւ ռազ­մա­կան սար­քե­րու ա­ռու­մով ան­հա­ւա­սար այս պա­տե­րազ­մի ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու հան­դի­սադ­րու­մէն ետք, տեղ կը տրո­ւի Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ի նպաստ ­Յու­նաս­տա­նի ամ­բողջ տա­րած­քին կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղո­քի ցոյ­ցե­րուն եւ զօ­րա­շար­ժի քայ­լե­րուն, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նէն ու­ղար­կո­ւած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան ար­շա­ւին։

Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձա­զեր­ծած պա­տե­րազ­մը ի յայտ կը բե­րէ ան­հեր­քե­լի ճշմար­տու­թիւ­նը, թէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ի­րա­ւունք­նե­րը ե­րաշ­խա­ւո­րող միակ ազ­դա­կը՝ ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման ի­րա­ւուն­քի յար­գու­մը եւ Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ճա­նա­չումն է։

azator.gr