կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-10-06 12:44
Տարածաշրջան

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը 27 Սեպտեմբերի Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը 27 Սեպտեմբերի Առիթով Նամակներ Յղեց Լիբանանի Մէջ Օտարերկրեայ Դեսպաններուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անցնող օրերու ընթացքին արցախեան Բ. պատերազմի շղթայազերծման առաջին ամեակին առիթով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի, ԵԱՀԿ-ի նախագահող երկրի` Շուէտի, 2022 թուականին այդ պաշտօնը ստանձնելիք եղող Լեհաստանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ երկիրներու դեսպաններուն:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր նամակին մէջ բուռն կերպով դատապարտեց 27 սեպտեմբեր 2020-ին Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ վարձկան ահաբեկիչներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ու անոր բնակչութեան դէմ լայնածաւալ յարձակումը` աւելցնելով, որ ազրպէյճանական կողմը մերժած է ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի եւ միջազգային ընտանիքի` Արցախի հարցը խաղաղ ճամբով լուծելու սկզբունքը, ուստի եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է աւելի վճռական ու խիստ կեցուածք որդեգրէ Ազրպէյճան¬Թուրքիա¬վարձկան ահաբեկիչներ դաշինքին դէմ:

Լիբանանի Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ Ազրպէյճան 1994 թուականին Հայաստանի, Արցախի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի ստորագրած զինադադարի եռակողմ համաձայնագիրը շարունակ ոտնահարած է, որուն ամէնէն յայտնի օրինակը 2016-ի քառօրեայ պատերազմն է: «Եթէ միջազգային ընտանիքը նախայարձակ Ազրպէյճանին զսպուելու կոչ ուղղած ըլլար, այսօր կեանքերու կորուստ տեղի պիտի չունենար: Առնչակից մարմիններուն կոչ կ՛ուղղենք` մտահոգութիւն արտայայտելէ անդին անցնելու եւ կանգնեցնելու Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վտանգաւոր յարձակումը», նամակին մէջ ըսաւ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:

Հայ դատի մարմինը ընդգծեց, որ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի` աւելցնելով, որ հայկական հնադարեան այդ շրջանը երբեք մաս չէ կազմած Ազրպէյճանին, որ ստեղծուած է 1918-ին, «պատմական իրողութիւն մը, որ կու գայ ընդգծելու, թէ անոր ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը` միջազգային օրէնքի կարեւորագոյն սիւնը, այս տագնապի լուծման համար գերակայ սկզբունք մըն է եւ իբրեւ այդպիսին չի կրնար անտեսուիլ»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակը եզրափակելով յայտնեց. «Պաքուի Ազրպէյճան-Ղարաբաղ տագնապը բացառապէս խաղաղ միջոցներով լուծել մերժելուն լոյսին տակ, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը պիտի նկատուի միջազգային ընտանիքին հաւաքական ներդրումը շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վերականգնման մէջ, եւ մնացեալ հարցերը բանակցութիւններու ճամբով լուծելու պայմաններ պիտի ստեղծէ: Ուստի, միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք` պաշտպանելու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անօտարելի իրաւունքը եւ ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը»:

aztagdaily.com