Փոխարժեքներ
12 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.51 |
EUR | ⚊ | € 411.46 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.95 |
GBP | ⚊ | £ 496.75 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.82 |
6 Փետրուարը ահասարսուռ օր մը եղաւ Սուրիոյ ժողովուրդին ու սուրիահայութեան համար։ Առաւօտեան վաղ ժամերուն սկսած ու իր ուժգնութեամբ եւ երկարատեւութեամբ վերջին յիսուն տարիներուն Սուրիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ համարուած երկրաշարժը ոչ միայն աւերներ գործեց, կեանքեր խլեց, այլեւ ահ ու սարսափի մատնեց ժողովուրդը։
Բնութեան հարուածը այնքան ուժեղ էր, իսկ շարունակուող յետցնցումները այնքան յաճախակի, որ մարդիկ օրեր շարունակ չկրցան յաղթահարել երկրաշարժին յառաջացուցած վախն ու կորուստներուն ցաւը։
Երկրաշարժէն առաւելաբար տուժեցին Սուրիոյ Հալէպ, Լաթաքիա, Համա եւ Իտլիպ նահանգները։ Փուլ եկան շէնքեր, քարուքանդ եղան կառոյցներ, բնակարաններու մեծ թիւ մը լուրջ վնասներ կրեց ու շատեր անօթեւան մնացին։
Սուրիոյ ժողովուրդը տակաւին չէր թօթափած տասներեք տարիներու վրայ երկարող պատերազմին ապահովական, ընկերային, յատկապէս տնտեսական հետեւանքները։ Սղաճը, կենցաղային պայմաններու վատթարացումը, սուրիական լիրային անկումը յաղթահարելու համար, սուրիահայութիւնը իր կարելի բոլոր միջոցներով կը տոկար ու կը գոյատեւէր, պահելով իր ազգային ու միութենական կենսունակութիւնը, կրթամշակութային կեանքի վերաորակաւորման ծրագիրներ մշակելով եւ պատերազմի հետեւանքով իր վնասուած կառոյցներն ու բնակարանները վերականգնելով։ Ու վրայ հասաւ երկրաշարժը, իր աղէտալի հետեւանքները եւս կուտակելով համայնքին ու բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ։
Երկրաշարժի յաջորդող ժամերուն, սակայն, համայնքի պատասխանատու մարմիններն ու երիտասարդները զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց կարելիութիւններն ու փութացին աղէտահար ժողովուրդի օգնութեան։
Երկրաշարժէն առաւելաբար վնասուած քաղաքներուն մէջ առաւելաբար կեդրոնացած է սուրիահայութեան մեծամասնութիւնը։
Ուստի Հալէպի եւ Լաթաքիոյ մէջ ազգային մարմինները առաջին հերթին բաց պահեցին ակումբները, եկեղեցիներն ու ժողովրդային տուները, որպէսզի այդ կեդրոններուն մէջ ապաստանին մեր ժողովուրդի զաւակները։ Այդ կեդրոններէն ներս ապահովուեցան կենցաղային բոլոր պայմանները՝ սնունդ, ջեռուցում, ելեկտրականութիւն, կեցութեան այլ յարմարութիւններ եւ այլն։
Գնահատելի աշխատանք տարին մեր ակումբներու երիտասարդները, պահակ տղաքը, որոնք գիշեր-ցերեկ հսկեցին ապաստանեալ ժողովուրդին, հոգացին անոր կարիքները եւ անհրաժեշտութեան պարագային հիւանդանոց հասցուցին վատառողջ ապաստանեալներ։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին ապաստարաններ այցելութիւնը գօտեպնդեց համայնքի զաւակները։
Ցաւօք համայնքի զաւակներէն երկուքը զոհուեցան երկրաշարժի առաջին վայրկեաններուն, տասնեակ մը վիրաւորներ հիւանդանոց տեղափոխուեցան ու երկրաշարժի յետցնցումներուն վախազդու տագնապը շարունակուեցաւ յառաջիկայ օրերուն եւս։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Իշխանութիւնը գումարելով Ազգ․ երեսփոխանական արտակարգ ժողով մը, տագնապի յաղթահարման առաջնահերթութիւնները ճշդեց։ Յառաջացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմին մը, որ յառաջացուց համապատասխան յանձնախումբեր․ մէկը՝ ցանկագրելու վնասուած բնակարաններ ունեցող համայնքի զաւակներուն դիմումնագրերը, միւսը՝ մասնագէտ երկրաչափներէ բաղկացած, հետախուզական աշխատանք տանելու եւ ստուգելու վնասուած բնակարանները, իսկ վերջինը՝ ցանկագրելու համայնքին կրած նիւթական եւ մարդկային վնասները։
Վնասուած բնակարաններու ցանկագրման դիմումներ ընդունեց նաեւ Հայ Բարեգործական Ընդհ․ Միութիւնը։
Բնակարաններուն կողքին վնասուած էին նաեւ ազգային շարք մը կառոյցներ եւ եկեղեցիներ, որոնք եւս վերանորոգման կը կարօտին։
Համայնքի զաւակներուն ապրած այս ծանր օրերուն գօտեպնդիչ ազդակ հանդիսացաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին հովուապետական եւ զօրակցական այցելութիւնը Հալէպ։ Հովուապետը իր շքախումբով ժամանած էր մխիթարելու սուրիահայութիւնը, մօտէն տեղեկանալու արձանագրուած մարդկային եւ նիւթական վնասներու տարողութեան, պատրաստակամութիւն յայտնելու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն, կառոյցներուն եւ մարմիններուն անունով սատար կանգնելու սուրիահայութեան, ապա նաեւ համայն հայութեան կոչ ուղղելով օգնութեան ձեռք մեկնելու Սուրիոյ, մասնաւորաբար Հալէպի հայութեան, որպէսզի այս աղէտը եւս յաղթահարէ ու վերականգնելով շարունակէ իր կեանքը ծաղկեցնել։
Նորին սրբութիւնը Հալէպի մէջ, լրատուամիջոցներուն դիմաց, կոչ ուղղեց միջազգային համայնքին վերջ տալու Սուրիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներուն եւ կարելի փութով օժանդակելու Սուրիոյ ժողովուրդի անհրաժեշտ կարիքներուն։
Ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ սուրիահայ համայնքին անհրաժեշտ է ուժերու գերլարում եւ միասնակամութիւն՝ ծրագրեալ աշխատանքով յաղթահարել կարենալու այս աղէտը, անկոտրում կամքով վերականգնելու համայնքը եւ յոյսի նոր հորիզոններ առաջնորդելու համայնքի զաւակները։
Բնութեան յառաջացուցած այս աղէտին հետեւանքները հաւանաբար պիտի երկարին ամիսներու վրայ։ Տնտեսականին կողքին յատկապէս համայնքի զաւակներուն հոգեկան տագնապի յաղթահարումը ժամանակի պիտի կարօտի անկասկած, սակայն աշխատանքն ու իրատես լուծումներով հարցերու դիմագրաւումը կրնան ուղենիշ դառնալ բարւոք օրերու, յատկապէս երկրին դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու մասամբ մեղմացման հաւանականութիւնը նկատի ունենալով։
«Գանձասար»ի խմբագրական