կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-07 20:11
Սփյուռք

Պէյրութի աղէտը. պատճառներ, հետեւանքներ ու վարկածներ

Պէյրութի աղէտը. պատճառներ, հետեւանքներ ու վարկածներ

Հիրոշիմայի հիւլէական ռմբակոծման 75ամեակի նշումէն երկու օր առաջ՝ 4 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 18:07ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցաւ հզօր պայթում մը, որ իր ուժգնութեան եւ աղէտալի հետեւանքներուն պատճառով կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ կոչուեցաւ Պէյրութշիմա, իսկ ուրիշներու կողմէ՝ Պէյրութի Չեռնոպիլը։

43 մեթր խորութեամբ փոս յառաջացուցած պայթումը տեղի ունեցաւ նաւահանգիստի թիւ 12 պահեստանոցին մէջ, ուր ամբարուած էր 2750 թոն ամոնիաքի նիթրաթ՝ քիմիական նիւթ մը, որ, անմեղ պարարտացուցիչ մը ըլլալուն կողքին, նաեւ ռումբերու պատրաստման մէջ օգտագործուող մահաբեր պայթուցիկ նիւթ մըն է։ Մասնագէտներ «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին, թէ ամոնիաքի նիթրաթը մեծ քանակով ու երկար ժամանակով պահեստի մէջ պահուելուն պարագային կը խոնաւնայ (որքան աւելի, երբ նաւահանգիստի մէջ է) եւ ընդլայնելով միակտուր զանգուածի կը վերածուի, ինչ որ զայն կը վերածէ լարուած ռումբի։

Կարգ մը աղբիւրներ յայտնեցին, թէ Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ արձանագրուած պայթումը, որուն ձայն լսուեցաւ Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ, փոքր հիւլէական ռումբի մը զօրութեամբ էր, իսկ Յորդանանի երկրաբանական գործակալութիւնը նշեց, թէ ատիկա համազօր էր 4,3 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժի։ Արձանագրուեցան շուրջ 180 զոհեր, որոնց շարքին` 15 լիբանանահայեր, ինչպէս նաեւ շուրջ 6000 վիրաւորներ եւ տասնեակներով անյայտ կորածներ։

Պէյրութի նահանգապետ Մարուան Ապուտ նաւահանգիստին վնասները գնահատեց 15 միլիառ տոլար, մայրաքաղաքին մէջ բնակարաններունը՝ 5 միլիառ տոլար, 200 հազար ընտանիքներ տեղահանուեցան, կամ անոնց բնակարանները վնասուեցան։ Վնասուեցան նաեւ 60 հազար խանութներ։ Ըստ կարգ մը տուեալներու` մայրաքաղաքի շրջանին մէջ 4 հիւանդանոցներ դադրեցան գործելէ, 25ը վնասուեցան։ Վնասուեցան նաեւ 145 պաշտամունքի վայրեր եւ քաղաքի տարածքին 40 առ հարիւրը։

Այս բոլորը արձանագրուեցան երկիրի մը մէջ, որ կը պայքարի քորոնաժահրի համաճարակին դէմ, եւ արդէն 1943էն՝ իր անկախութենէն ի վեր տնտեսական ու ելեւմտական յոռեգոյն տագնապի մէջ ըլլալով` անոր դրամանիշը կորսնցուցած էր իր արժէքին 80 առ հարիւրը, աղքատութեան համեմատութիւնը բարձրացած էր շուրջ 50 առ հարիւրի, իսկ անգործութեանը՝ 35 առ հարիւրի։ Լիբանան անցնող մարտին արդէն չէր կրցած վճարել 1,2 միլիառ տոլարի արտաքին պարտատոմսերու պարտքը եւ Միջազգային դրամական ֆոնտէն 10 միլիառ տոլարի փոխատուութիւն խնդրած է, սակայն ֆոնտին հետ բանակցութիւնները տակաւին որեւէ արդիւնքի չեն հասած։ Երկիրի վարչապետ Հասսան Տիապի ղեկավարութեամբ գործող կառավարութիւնը, որ մինչ այդ տոկացած էր այդ բոլորին եւ անկարգութիւններով ու ճամբաներու փակմամբ ընթացող զանգուածային բողոքի ցոյցերուն, իշխանութիւնը ստանձնելէն շուրջ 200 օր ետք հրաժարեցաւ՝ ի տես երկրին հասած մեծ աղէտին։
9 օգոստոսին Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի յատուկ նուիրատուներու` Պէյրութի եւ լիբանանցի ժողովուրդի աջակցութեան խորհրդաժողովը` կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ հովանաւորութեամբ ՄԱԿին: Փարիզի այս խորհրդաժողովին մասնակցեցան 36 երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:

Խորհրդաժողովէն ետք նախագահ Մաքրոնի գրասենեակը յայտարարեց, որ Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան համար տրուած է շուրջ 253 միլիոն եւրոյի (298 միլիոն տոլար) խոստում: Խորհրդաժողովին մասնակիցները համաձայնեցան, որ իրենց օժանդակութիւնները ըլլան արագ, բաւարար եւ լիբանանցի ժողովուրդի կարիքներուն համահունչ, ինչպէս նաեւ համակարգուած (ՄԱԿի ղեկավարութեան տակ) եւ ուղղակիօրէն լիբանանցի ժողովուրդին յանձնուին բարձր մակարդակի ազդուութեամբ ու թափանցիկութեամբ։

Խոստացուած օժանդակութիւնները, փոխան Լիբանանի պետութեան, «ուղղակիօրէն լիբանանցի ժողովուրդին» յանձնելու որոշումը եւ ազդուութեան ու թափանցիկութեան նշումը Լիբանանի պետութեան շառաչուն ապտակ մըն էին ու պետական ամբողջ համակարգին նկատմամբ անվստահութեան արտայայտութիւն մը։ Վարչապետ Հասսան Տիապ 10 օգոստոսին կառավարութեան հրաժարականը յայտարարելու իր պատկերասփռուած ճառին մէջ խոստովանեցաւ, թէ փտածութեան համակարգը աւելի մեծ է, քան պետութիւնը, «իսկ պետութեան ձեռքերը կապկպուած են այդ համակարգով, որուն կարելի չէ դիմադրել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ անկէ ձերբազատիլ: Այդ փտածութեան օրինակներէն մէկը պայթեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ»։

Մայրիներու երկրին մայրաքաղաքն ու անոր արուարձանները աւերած պայթումէն ետք Լիբանանի կառավարութիւնը անմիջապէս ձեռնարկեց դէպքի հետաքննութեան։ Լիբանանը, սակայն, յարանուանական ու խիստ պառակտուած երկիր է, ուր նուազագոյն դէպքն ու քայլը կը քաղաքականացուին եւ կը շահագործուին, ուր մնաց, երբ խօսքը այս տարողութեամբ դէպքի մը մասին է։

Արեւմտամէտ ընդդիմութիւնը միջազգային հետաքննութիւն պահանջեց՝ անվստահութիւն յայտնելով տեղական իշխանութեան կողմէ հետաքննութեան։ Արեւմուտքին հակառակորդ ճամբարին պատկանող իշխանամէտ ուժերը իրենց կարգին մերժեցին ընդդիմութեան գաղափարը՝ անվստահութիւն յայտնելով միջազգային հետաքննութեան եւ հարցականի տակ առնելով անոր անկողմնակալութիւնը՝ հիմնուելով նախադէպի մը՝ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հետաքննութեան ու այդ սպանութեան հարցով ստեղծուած յատուկ Միջազգային դատարանին կազմութեան ու գործունէութեան վրայ, զոր կը նկատեն քաղաքական։

Բոլոր կողմերը գոհացնելու փորձով մը որդեգրուեցաւ միջին լուծում մը` հետաքննութիւնը յանձնուեցաւ Լիբանանի Արդարութեան գերագոյն խորհուրդին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով Միջազգային դատարանին վճիռի հրապարակման նախօրեակին գործուած յանցագործութիւնը վտանգաւոր է եւ կը վտանգէ երկրին ներքին ապահովութիւնն ու կը հարուածէ միջհամայնքային խաղաղութիւնը։ Նոյն ատեն լիբանանեան կառավարութեան խնդրանքով պայթումի վայրին մէջ հետաքննութեան կը մասնակցին չորս օտար խմբակներ՝ ֆրանսական, թրքական, ռուսական եւ ամերիկեան, որոնց երկիրները շահագրգռուած են ներլիբանանեան զարգացումներով եւ անոնց շրջանային ազդեցութեամբ։ Այլ խօսքով՝ գետնի վրայ հետաքննութեան աշխատանքը միջազգայնացուած է, իսկ անկէ եզրակացութիւն գոյացնելու աշխատանքը կը մնայ ազգային։ Հնարք մը, որուն յաջողութիւնը երաշխաւորուած չէ։

Անկախ ատկէ` երաշխաւորուած չէ նաեւ ճշմարտութեան բացայայտումը։ Յոյն ողբերգակ Էսքիլես կը նշէ. «Պատերազմի մէջ առաջին զոհը ճշմարտութիւնն է», իսկ Լիբանանի մէջ «պատերազմը» երկու զուգահեռ մակարդակներու վրայ է։ Առաջինը` ուղղակի՝ լիբանանեան քաղաքական բազմաթիւ կողմերուն միջեւ, իսկ երկրորդը` անուղղակի՝ այդ քաղաքական կողմերուն հովանաւոր օտար պետութիւններուն միջեւ։ Այլ խօսքով` այն, ինչ որ պիտի բացայայտուի, իբրեւ տեսանկիւն պիտի ընկալուի եւ ոչ թէ իբրեւ առարկայական ճշմարտութիւն։ Ուստի եւ կարելի չէ բացառել մէկէ աւելի եւ իրարամերժ «ճշմարտութիւններու» «բացայայտումը»։

Նաւերու եւ նաւարկումի հարցերով մասնագիտացած «Շիփըրեսթըտ» կայքը կը նշէ, թէ մոլտովական դրօշը բարձրացուցած եւ 2750 թոն ամոնիաքի նիթրաթով բեռցուած «Ռոսուս» նաւը 23 սեպտեմբեր 2013ին Վրաստանի Պաթում քաղաքի նաւահանգիստէն ճամբայ ելած է դէպի Մոզամպիք եւ կանգ առած է Մերսինի նաւահանգիստը։ «Ռոսուս»ի նաւապետ Պորիս Պորուխով 12 օգոստոսին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, թէ Թուրքիոյ մէջ իրեն անյայտ պատճառներով փոխուած է նաւուն անձնակազմը, որ մերժած է Մոզամպիք երթալ։ Նաւը ապա մեկնած է Յունաստան, ուր, նաւապետին վկայութեամբ, վառելանիւթով եւ սննդեղէնով պարենաւորուած է, ապա իրենց թելադրուած է հանդիպիլ Պէյրութ, ուր նաւը գրաւուած է մաքսատուրք չվճարելուն համար, ինչ որ զարմանալի է եւ հարցականներ կը ստեղծէ։ Տիւրզիներու սուրիամէտ «Թաուհիտ Արապի» կուսակցութեան ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, թէ տուեալները ցոյց կու տան, որ պայթուցիկ նիւթը նաւուն վրայ բեռցուած է Թուրքիոյ մէջ եւ Լիբանանի ճամբով պիտի ուղղուէր Սուրիա, իսկ Մոզամպիքի պատմութիւնը սուտ մըն է։ «Տրամաբանակա՞ն է, որ մէկը երկու միլիոն տոլար արժող ապրանքէ հրաժարի, որպէսզի 50 հազար լիբանանեան ոսկի չվճարէ»,- հարց տուաւ ան։

Զարմանալի է նաեւ այդպիսի մեծաքանակ վտանգաւոր նիւթի մը` ամբողջ 7 տարի ոչ պատշաճ պայմաններու տակ պահուիլը՝ հակառակ բարձրաստիճան տարբեր պետական այրերու եւ պաշտօնատարներու` ատոր ներկայացուցած վտանգէն զգուշացնող շարք մը գրաւոր զեկուցումներուն։ Այստեղ յստակ է, որ գոյութիւն ունի անփութութիւն մը, որուն դիտաւորեալ կամ ոչ դիտաւորեալ ըլլալը պէտք է հետաքննութեան ճամբով ճշդուի, եւ, ըստ այնմ, թերացողները կամ յանցագործները հաշուետուութեան ենթարկուին։ «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար Սէյիտ Հասան Նասրալլա 7 օգոստոսին, իր պատկերասփռուած խօսքին մէջ ատոր կարեւորութիւնը ընդգծելով, դիպուկ կերպով նշեց. «Եթէ պետութիւնը, քաղաքական վերնախաւը, ըլլայ ան իշխանութիւն, թէ ընդդիմութիւն, չկարողացան այս հարցով արդիւնքի հասնիլ եւ յանցագործները դատել, ապա կարելի է ըսել, թէ պետութիւն կառուցելու յոյս չկայ»։

Պայթումին գլխաւոր պատճառը թերացումն է, պատասխանատուներու դիտաւորեալ կամ ոչ դիտաւորեալ անփութութիւնն ու անհոգութիւնը. այդ մէկը հաստատ է։ Մայրիներու երկրին մայրաքաղաքը հարուածած աղէտին երկրորդ պատճառը, սակայն, ունի երկու վարկած՝ արկած կամ խափանարարական արարք։ Վերջինիս պարագային եւս գոյութիւն ունի երկու վարկած՝ ականահարում կամ օդային յարձակում։ Այստեղ նշենք, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ ռմբաձիգի մը թռիչքի ձայնը լսելուն մասին կը վկայեն։

Թուրքիա ահաւոր պայթումէն անմիջապէս ետք առաջարկեց վերանորոգել նաւահանգիստը։ Այդ աշխատանքը ստանձնելու պարագային Անգարան իր անուղղակի վերահսկողութեան տակ պիտի առնէ երկրին գլխաւոր նաւահանգիստը, ուրկէ մուտք կը գործէ երկրի ներածումներուն 60 առ հարիւրը։ Թուրքիան արդէն յաջողած է մեծ ազդեցութիւն ունենալ Հիւսիսային Լիբանանի, ուստի եւ այդ շրջանի մայրաքաղաք Թրիփոլիի նաւահանգիստին վրայ, որուն եւ թրքական Մերսինի նաւահանգիստին միջեւ յունուար 2019ին ստորագրուած համաձայնութեամբ հաստատուած է նաւարկման ուղղակի գիծ։ Մերսին-Թրիփոլի-Պէյրութ նաւահանգիստներու ցանց մը ստեղծելու պարագային Թուրքիան կ’ամրապնդէ Արեւելեան Միջերկրականի շրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը։

Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթայ 8 օգոստոսին Պէյրութ այցելութեան ընթացքին յայտարարեց, որ Մերսինի եւ Ալեքսանտրեթի «Լիմաք Փորթ Իսքենտերուն» միջազզային նաւահանգիստները լիբանանցիներու ծառայութեան տակ պիտի ըլլան (բնականաբար մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի գործունէութեան վերականգնումը)։ Պէյրութի նաւահանգիստի` Մերսինի եւ սուրիական բռնագրաւեալ Ալեքսանտրեթ նահանգի (Թուրքիա զայն Հաթայ կը կոչէ) նաւահանգիստներով փոխարինումը իր կարգին պիտի նպաստէ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ տնտեսական եւ անկէ բխող քաղաքական ազդեցութեան աճին։
Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը պատճառ դարձաւ մարդկային մեծ ողբերգութեան, սակայն աղէտ մը ըլլալուն կողքին նաեւ ստեղծեց ներքին, շրջանային ու միջազգային ռազմավարական ու քաղաքական մակարդակներու վրայ առաւելագոյն շահ ապահովելու եւ հակառակորդ կամ մրցակից կողմերու վրայ կէտեր արձանագրելու առիթ մը։

Օսմանեան կայսրութեան փառքը վերականգնելու եւ անոր տարածքին վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու համար ամբողջ Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ յարձակողական քաղաքականութիւն վարող եւ մեծ ու փոքր հարցերու մէջ նախայարձակ կեցուածք որդեգրող Թուրքիան այս պարագային ալ մեծ աշխուժութեամբ ու խանդավառութեամբ ձեռնարկեց Լիբանանի օժանդակութեան մատակարարման՝ Պէյրութ գործուղելով թրքական 6 կողմեր՝ Թուրքիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը, արտակարգ իրավիճակներու վարչութիւնը, Կարմիր մահիկը, Շտապ օգնութեան խորհուրդը, Կրօնական հիմնարկը եւ երկու այլ թրքական մարմիններ։

Թուրքիան կրնայ Լիբանանի ողբերգութենէն առաւելագոյն շահ ապահովող կողմը ըլլալ եւ մեծապէս ընդլայնել երկրին ու Արեւելեան Միջերկրականի տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը, եթէ, անշուշտ, Լիբանանի ներքին քաղաքականութեան մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող գլխաւոր դերակատարները՝ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան, Սէուտական Արաբիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Իրանը, ինչպէս եւ նուազ ազդեցութիւն ունեցող Ռուսիան ու Եգիպտոսը անոր արտօնեն։

14 օգոստոսին ֆրանսական ծովուժի ուղղաթիռակիր «Թոներ» մարտանաւի` Պէյրութի նաւահանգիստ հասնիլը այդ ուղղութեամբ ֆրանսական յստակ պատգամ մըն է Անգարայի, սակայն ոչ միայն անոր։ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ, որ նոյն օրը Պէյրութ կը գտնուէր, ֆրանսական մարտանաւի այցելութեան իմաստը լաւապէս հասկնալով, «Մայատին»էն յայտարարեց. «Օտար մարտանաւերու` լիբանանեան ծովափերուն մօտ ներկայութիւնը բնական երեւոյթ չէ եւ սպառնալիք է լիբանանցի ժողովուրդին ու անոր դիմադրութեան (այսինքն` «Հըզպալլա»ին)»։ Մարտանաւի ժամանումով շեփորուող ֆրանսական պատգամը աւելի քան յստակ է. «Բոլորդ ե՛տ կանգնեցէք, Ֆրանսան է լիբանանեան թղթածրարին տէրը»։ Բայց եւ այնպէս, խաղը տակաւին չէ աւարտած…

Վահրամ Էմմիեան
Ազդակ օրաթերթի միջազգային լուրերու խմբագիր

«Դրօշակ», թիվ 9 (1643), սեպտեմբեր, 2020 թ.